Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր ու անմեռ Գերսամ Ահարոնեանը

Ծննդեան 100 եւ Մահուան 35-ամեակներուն Առիթով

«Նոր Օր» սիրով տեղ կու տայ  լիբանանահայ հմուտ մտաւորական, բանաստեղծ ընկեր Յակոբ Տիւնեայեանի (Ասպետ Ռուբինեան) գրութեան՝ նուիրուած յաջորդական սերունդներու ուսուցիչ, դաստիարակ, պատմաբան եւ խմբագիր ընկեր Գերսամ Ահարոնեանի ծննդեան 100-րդ տարեդարձին եւ մահուան 35-րդ տարելիցին։ Ասպետ Ռուբինեան հիմնադիր-խմբագիրն է «Ծաղիկ» շաբաթաթերթին, որ լոյս կը տեսնէ Պէյրութի մէջ, Լիբանան։

 

Այսօր՝ 9 Նոյեմբեր 2016, ծննդեան 100-ամեակը արդի մեր պատմութեան Մեծ Պատմաբան-Պատմագէտի մը, Մեծ Գաղափարախօս, հայ սերունդներու Հայոց եւ ընդհանուր ազգաց եւ Հայաստանի Աշխարհագրութեան հմտիմաց Ուսուցիչի մը, Մեծ Երազի Առաջին ու Մեծ Ռահորդի մը, «Գալ Տարի՝ Վանի Մէջ» լոզունգ-տեսլականի տէր տիտանեան Մարդու մը, մեծավաստակ Խմբագրապետի մը, Հայոց Ցեղասպանութեան փաստով զբաղող ցեղասպանագէտ-պատմաբաններու եւ ազգերու պատմութեան հոլովոյթին ընթացքին տեղի ունեցած ցեղասպանական թղթածրարներու հարուստ աղբիւրներով յարացոյց-ուղեցոյց՝ անկրկնելի «Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի» կոթողային մատեանի արարիչ-խմբագրապետ ԳԵՐՍԱՄ Փանոսի ԱՀԱՐՈՆԵԱՆի: 

35 տարի առաջ, 20 Յունուար 1981-ի ցրտասարսուռ օր մը, 65 տարիքը դեռ չբոլորած, Գերսամ Ահարոնեանի տառապահիւծ մարմինը հողին կը յանձնէին իր գաղափարի ընկերները, ՌԱԿ-ի ողջ անդամաշարքը, իր բազմահարիւր աշակերտներն ու գաղափարի համախոհները, որոնք մեր ու անմեռ Գերսամի անկենդան մարմինը ուսամբարձ կը տանէին Ֆըռն Շըպպէքի Ազգ. գերեզմանատուն, արտասուազեղ աչքերով ու հոգեցունց վիճակով, փակելով անողոք հիւանդութեան ի վերջոյ պատճառած մէկ սեւ էջը, առանց երբեք փակելու Գերսամ Ահարոնեանի խմբագրապետութեամբ 33 անընդմէջ ու անխափան տարիներու հայ ազգային-հասարակական կեանքէն ներս անոր անշեղ գաղափարախօսութեամբ փայլակնացայտ ու փոթորկայոյզ էջերը, որոնք եղան օղակուող շարունակականութիւնը ՌԱԿ-ի օրկան «Զարթօնք» օրաթերթի Ա. Խմբագրապետ Վահան Թէքէեանի (Կիրակի՝ 26 Սեպտեմբեր 1937-ին առաջին թիւի թողարկումով), Զօրավար Անդրանիկի երբեմնի քարտուղար Լեւոն Թիւթիւնճեանի, Գահիրէի ՌԱԿ-ի «Արեւ»ի երբեմնի խմբագիրներէն Յովհաննէս Պօղոսեանի, Գրիգոր Պեքերէճեանի, ճարտարապետ Յակոբ Դաւիթեանի եւ վաստակաշատ մանկավարժ Համբարձում Գումրուեանի նման երախտաւորներու գործերուն:

Այսպէս, «Օդի, ջուրի, հացի նըման» Թէքէեանի խմբագրապետութեամբ ճամբայ հանուած «Զարթօնք»ին խմբագրապետութիւնը 1948-ին կը վստահուէր այն ատեն դեռ 32-ամեայ Գերսամ Ահարոնեանին, զայն ոչ միայն հմտօրէն նաւավարելու, այլ՝ Հայրենիք-Սփիւռք հայրենաշէն յարաբերութիւններու կամուրջին վրայ առանցքային դերակատարութեամբ հեղինակութի՛ւն իսկ դարձնելու օրաթերթը:

Ապաքէն, աւելի քան երեսնամեայ (1948-ի Նոյեմբերէն 1981-ի Յունուար) ժամանակաշրջան մը, որ մեր արդի պատմութեան մէջ սահմանուած է մեր ցեղին ցայգալուսային զարթօնքը, խոր ապրումները շողարձակելու իրենց սպառսպուռ ճառագումներով՝ տարագրեալ ու հայրենազուրկ  սփիւռքահայուն Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ…:

Չեմ իջներ 19-րդ դարէն մինչեւ Մեծ Եղեռնի տարիները դաշնագրային իրադարձութիւններով հրմշտկուած մեր պատմութեան անդրագոյն ակունքը մինչեւ: Ձեր միտքին կարկահը կը հրաւիրեմ կանգ առնելու սա ժամանակներուն.- Բ. Աշխարհամարտի վախճանէն ետք հայրենադարձութեան տարիներ, 1956-ի եկեղեցական տագնապ, Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակ (1965) եւ հայ քաղաքական կազմակերպութիւններու միասնականութեան հանգրուանի թեւակոխում (1975-էն սկսեալ), յետ 1991-ի Հայաստանի անկախութեան ժամանակներ…: Իրարմէ որոշ տարիներու հեռաւորութեամբ բայց իրարու ընդելուզուած, մեր հասարակաց ցաւերը դրուագող սա ժամանակները պարարտ են շաղախովը հայու յոյսին, արեան ու քրտինքին, որոնք կը տարածեն փաստը մեր ժողովուրդին կերտած պատմութեան ու անոր կենարար կեանքին:

Արդարեւ, Գերսամ Ահարոնեանի անունը կու գայ տիրական խիզախութեամբ մը վերոյիշեալ հանգրուաններուն նորագոյն պատմութիւնը լեցնող շարժումին ուժականութեամբ: Ասոնց ականատես, այլեւ ազդեցիկ կնիքը ունին Չօպանեանի, Թէքէեանի ու Մալէզեանի նման 1900-ի դէմքեր. այսինքն՝ մեր իրապաշտութեան ամէնէն հզօր վարպետները, որոնք իրենց նկարագիրին շեշտ գիծերը, մտածման պայծառակերպութիւնը առած էին Խրիմեաններու, Փորթուգալեաններու, Տամատեաններու նմաններէն:

Գերսամ Ահարոնեան յաջողելով իրեն միացնել տիրական ծանրութիւնը յիշեալ մեր աւագներուն՝ ինքզինք պարտադրեց իբրեւ անոնց կրտսեր թեւը: Արդարեւ, ան ոչ միայն իւրօրինակ վաստակ մ’է, այլ՝ յետպատերազմեան մասնաւորաբար մեր ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն բախտորոշ, անկիւնադարձային, խռովալի տարիներու կեանքին մէջ կաղնեհզօր բացառիկ անհատականութիւն, երեւոյթ մը, որ մեր չսպիացող վէրքին անաւարտ վէպը բերաւ դուրս լացակումած թմբիրէն, բերա՛ւ ծունկերուն միջազգային արդարադատական ատեաններու, Հայոց Դատին տալով նոր ուղենշային որակ:

       Կարելի չէ՛ շրջանցել անկշռելի վաստակը Գերսամ Ահարոնեանի՝ առանց տեղ մը չխորագրելու Մեծ Երախտիքը Մեծ Խմբագրապետին, որուն երկերը՝ «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» (1964), «Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի. 1915-1965» (1965), «Խոհեր Յիսնամեակի Աւարտին» եւ «Հայկական Հարցը Արաբ Ժողովուրդի Հանրային Կարծիքի Առջեւ» (1965) եւ «Խոհեր Յիսնամեակի Աւարտին» (1966, արժանացած «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակի), ոչ միայն նուաճած են էջերը «Զարթօնք»ի սիւնակներուն, այլ նուաճած են ԶԱՐԹՕՆՔԸ վաղուան՝ Մեծ Երազի պայքարի բովին մէջ, առանց խաթարելու հայութեան խղճմտանքի ձայներն ու ողջմիտ հայրենասիրութիւնը՝ ժառանգուած Զօհրապներէն, Տամատեաններէն, Չօպանեաններէն, Թէքէեաններէն, Սիամանթօներէն, Վարուժաններէն ու Սեւակներէն, առանց մեր զգացմանց զինանոցը վերածելու աժանկեկ փրոփականտներու, խժդուժ ցոյցի:

Հալէպի Աւետարանական «Բեթել» վարժարանի, ապա «Ալեփփօ» քոլէճի մէջ ուսանելէ ետք, 1969-ին Նիւ Եորքի Ամերիկեան միջազգային ակադեմիայի Պատուաւոր Դոկտորի կոչում ստացած պատմաբան, պատմագէտ, աշխարհագրագէտ, խիզախ ու ներհուն խմբագրապետ եւ հրապարակագիր Գերսամ Ահարոնեանէն ի՛նչ որ սորվեցան հայ սերուդները, իր բազմահարիւր աշակերտները՝ Նիկոսիոյ ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն մինչեւ Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց եւ Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարաններէ ներս, անմար կը մնայ այն ՈԳԻ՛Ն, որուն մէջ բոլոր ժամանակներուն յորդած է Հայրենիքին հանդէպ անապական սէրը, պատմական Հայրենիքի իրականութեամբ ու Մեծ Երազով ապրելու ոգի՛ն, անոնց հուրքովը բռունցքուելու՝ ի խնդիր Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ…:

Իր անյողդողդ կամքով ու հաւատքով, իր յանդուգն կանաչ գրիչով պայքարեցաւ ի սէր իր Հայրենիքին ու Գաղափարին, իր շուրջ համախմբեց գիտակից զինուորեալներու փաղանգ մը, հանդիսանալով ՌԱԿ-ի կարկառուն երախտաւորներէն մին՝ անխզելի շարքին Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի, Հայկաշէն Ուզունեանի եւ Յակոբ Դաւիթեանի, դառնալով հիմնադիրներէն Թէքէեան Մշակութային Միութեան, գտնուելով նաեւ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի ղեկավար շարքերուն:

Գերսամ Ահարոնեանին մէջ անդուլ բաբախեց համոզկեր ազատագրութեան տեսիլքը բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանի հողերուն՝ թրքական ճիրաններէն զանոնք վերադարձնելու իրաւատէր հայոց, իր ծանրաբարոյ, խոհուն ու խոհեմ, այլեւ ռահվիրայ-հրապարակագիրի ջղուտ խմբագրականներով միշտ հայեացքը ուղղելով Հիւսիսի Հսկային, մի՛այն անոր հետ կարելի զինակցութիւն ստեղծելու քաղաքական գործին՝ արեւմտեան ստապատիր ու դաւաճան դաշինքներէն ուժաքամ մեր ժողովուրդը պատրաստելու Մեծ Վաղուան՝ «Գալ Տարի՝ Վանի Մէջ» անշեղ նշանաբանին:

Իր անմնացորդ գործը, վաւերակա՛ն վաստակը, անաչառօրէն մեզ կ’ուղղորդեն այս ե՛ւ ամէն առիթով ըսելու՝ մեր եւ անմեռ Գերսամ Ահարոնեանը…:

Բիւր յարգանք իր թողած ազգային հարուստ աւանդին։

Յաւերժ հանգիստ՝ իր բազմատառապ աճիւններուն:

ԱՍՊԵՏ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ  

«Ծաղիկ» գրական ազգային շաբաթաթերթ, Պէյրութ      

                         

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ