Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Փառաշուք հանդիսութիւն՝ նուիրուած Գերսամ Ահարոնեանի ծննդեան 100-ամեակին

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Նոյեմբեր 13-ի երեկոյեան, Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ յատուկ հանդիսութիւն մը, ի պատիւ ՌԱԿ-ի, ԹՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի ղեկավար, Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի երկար տարիներու պատասխանատու խմբագիր, հրապարակագիր եւ պատմաբան Գերսամ Ահարոնեանի ծննդեան 100-ամեակին։

Հանդիսավարն էր Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան։ Խօսք առին Արա Ահարոնեան, Արփի Սիմոնեան, Սիւզի Պահատրեան եւ Վաչէ Սեմերճեան, որոնք համապատասխանաբար ներկայացուցին Գերսամ Ահարոնեան կուսակցական ղեկավարը, դաստիարակը, ընտանեկան եւ կուսակցական բարեկամը, եւ՝ հրապարակագիրը։ Անոնք զիրար լրացուցին եւ գերազանցեցին, տանելով ներկաները գերսամեան «Զարթօնք», Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելից, Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններ։ Բոլոր ներկաները գոհունակ սրտով եւ մեծ բաւարարութեամբ հետեւեցան անոնց խօսքերուն։ Հաճելի եւ տպաւորիչ էր լսել Գերսամ Ահարոնեանի ձայնը 50-ամեայ վաղեմութիւն ունեցող ձայներիզէ մը, ուր կը խօսէր Սարդարապատի հերոսամարտի կարեւորութեան մասին։

Կազմակերպիչ վարչութեան անդամ Բարսեղ Գարթալեան ընթերցեց բանաստեղծ Ասպետ Ռուբինեանի նորագոյն յօդուածը՝ նուիրուած Ահարոնեանի 100-ամեակին եւ մահուան 35-րդ տարելիցին, քաղուած «Ծաղիկ» շաբաթաթերթէն։

Սրտի խօսքով հայրենասիրական կուռ ելոյթ մը ունեցաւ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, իսկ փակման աղօքթը կատարեց Արժ. Տ. Զաւէն Աւագ Քհնյ. Արզումանեան։

Գեղարուեստական ընդմիջման ընթացքին Շուշան Յակոբեան՝ դաշնամուր եւ Ռուբէն Աղիեան՝ ջութակ, իրենց գերազանց զուգանուագով գրաւեցին շուրջ 200 ներկաներուն սրտերն ու հոգիները։

Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ