Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Երկու ծանր վիրաւոր զինծառայողներ պիտի մեկնին արտերկիր՝ բուժում ստանալու համար

Զինուորական ծառայութեան ժամանակ պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին վիրաւորուած զինծառայողներ Մհեր Պետրոսեան եւ Աշոտ Գրիգորեան պիտի տեղափոխուին արտերկիր բուժման համար, եւ անոնց բուժման գումարը պիտի հատուցէ կառավարութիւնը: «Հայ Ձայն»ի փոխանցմամբ, այդ մասին որոշումը կայացուած է այսօր, կառավարութեան նիստի ժամանակ:

Մասնաւորապէս, Մհեր Պետրոսեան պիտի տեղափոխուի Գերմանիա եւ բուժման գումարը՝ 26 մլն դրամ, պիտի փոխանցուի պաշտպանութեան նախարարութեան, որ իր հերթին պիտի փոխանցէ Մհերին ուղեկցող անձին՝ անոր ծնողին:

Իսկ Աշոտ Գրիգորեան պիտի տեղափոխուի Ռուսիա, որուն բուժման համար պիտի փոխանցուի 713 հազար դրամ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ