Հազարաւոր գաղթականներ Հարաւային Ամերիկայէն ճամբայ ելած են դէպի ԱՄՆ, նախքան Թրամբի իշխանութեան գլուխ անցնիլն ու ԱՄՆ մուտքի համար դժուարութիւններ ստեղծող օրէնքներ սահմանելը: Այս մասին յայտնած է «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Միջին Ամերիկայի շարք մը երկիրներ յայտարարած են, որ Թրամբի տարած յաղթանակէն ի վեր, հազարաւոր քաղաքացիներ փախած են երկրէն, յոյս ունենալով մինչեւ Թրամբի նախագահական աթոռին տիրանալը հասնիլ ԱՄՆ:
Ըստ աղբիւրի, ԱՄՆ մաքսային վարչութիւնը, անցեալ շաբաթ, Թեքսաս-Մեքսիկա սահմանին 500 մարդ տարողութեամբ ժամանակաւոր կալանավայր ստեղծած էր, նկատի ունենալով սահմաններէն ապօրինի մուտք գործող գաղթականներու թիւի մեծ աճը: