Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հազարաւոր գաղթականներ կը շտապեն դէպի ԱՄՆ՝ նախքան Թրամբին իշխանութեան գլուխ անցնիլը

Հազարաւոր գաղթականներ Հարաւային Ամերիկայէն ճամբայ ելած են դէպի ԱՄՆ, նախքան Թրամբի իշխանութեան գլուխ անցնիլն ու ԱՄՆ մուտքի համար դժուարութիւններ ստեղծող օրէնքներ սահմանելը: Այս մասին յայտնած է «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Միջին Ամերիկայի շարք մը երկիրներ յայտարարած են, որ Թրամբի տարած յաղթանակէն ի վեր, հազարաւոր քաղաքացիներ փախած են երկրէն, յոյս ունենալով մինչեւ Թրամբի նախագահական աթոռին տիրանալը հասնիլ ԱՄՆ:

Ըստ աղբիւրի, ԱՄՆ մաքսային վարչութիւնը, անցեալ շաբաթ, Թեքսաս-Մեքսիկա սահմանին 500 մարդ տարողութեամբ ժամանակաւոր կալանավայր ստեղծած էր, նկատի ունենալով սահմաններէն ապօրինի մուտք գործող գաղթականներու թիւի մեծ աճը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ