Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2024

Շաբաթաթերթ

«Երկկողմ բանակցութիւններու դադարեցումէն Թուրքիան շատ աւելի կը տուժէ».

Գերմանական «Der Spiegel» շաբաթաթերթը անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու դադարեցման վերաբերեալ Եւրախորհուրդի որոշման ու Էրտողանի սպառնալիքներուն, «Էրտողանի ղեկավարած Թուրքիան եւ Եւրոմիութիւնը իրար չեն համապատասխաներ» խորագրով յօդուած մը հրապարակած է, ուր կը նշուի, որ իշխանութեան գալէ ի վեր, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան մի քանի անգամ փոխակերպուած է: Նախ ան եղած է իսլամիսթ, ապա կարճ ժամանակով՝ բարեփոխիչ, իսկ վերջին շրջանին վերածուած է ընդդիմադիրներուն ճնշող իսկական բռնապետի: «Եւրոպայի մէջ որոշ անձեր յոյս ունին, թէ Թուրքիոյ նախագահը կրկին ուշքի կու գայ եւ կը դառնայ ժողովրդավարութեան կողմնակից բարեփոխիչ, սակայն ակնյայտ է, որ այդ մէկը պիտի չիրականանայ»,- կը գրէ աղբիւրը: Յօդուածագիրը համոզմունք յայտնած է, որ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու դադարեցման վերաբերեալ Եւրոխորհրդարանի որոշումը տեղին էր: 

«Welt am Samstag» թերթը իր հերթին կը գրէ, որ երկկողմ բանակցութիւններու դադարեցումէն Թուրքիան շատ աւելի կը տուժէ, յիշեցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ կատարուող ներդրումներու 70 տոկոսը ԵՄ երկրներէն կու գայ եւ Թուրքիայէն կատարուող արտահանումներու 455 տոկոսը կ’ուղղուին դէպի ԵՄ երկիրներ: «Էրտողանի տնտեսական հզօրութիւնը հիմնուած է այս հանգամանքի վրայ, ուստի ան չի վտանգէր զայն»,- կը գրէ աղբիւրը:

«Frankfurter Allgemeine Zeitung»-ը «Թուրքերը արդէն չեն խօսիր» վերնագիրի տակ ուշագրաւ յօդուած հրապարակած է, ուր ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հանգամանքի վրայ, որ Թուրքիոյ քաղաքացիներու մեծ մասը կը վախնայ հայրենիքի դաւաճան հռչակուելէ: «Մարդոց մէկ մասը կը մտածէ Թուրքիայէն հեռանալու մասին, քանի որ մտավախութիւն կայ, որ Էրտողանը ապրելու պայմաններ չի ձգեր այն մարդոց համար, որոնք իրմէ տարբեր կը մտածեն», – կը գրէ թերթը:

Իսկ «Süddeutsche Zeitung» պարբերականը անդրադառնալով Էրտողանի՝ փախստականներուն կրկին Եւրոպա ուղարկելու սպառնալիքին, կը գրէ, որ անոնք միայն դատարկ սպառնալիքներ են: Ան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ նաեւ այն հանգամանքի վրայ, որ ներկայիս Թուրքիայէն հեռանալ փափաքողներու մէջ մեծ թիւ կը կազմեն թուրքեր, «Անհնար է, որ Էրտողանը բանայ սահմանները անոնց առաջ, քանի որ միակ վայրը, ուր կ’ուզէ ան ուղարկել իր քաղաքացիներուն՝  բանտն է»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ