Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Ապատի մերժած է Թրամբի առաջարկը

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ալ Ապատի այսօր, 29 Նոյեմբերին «Associated Press»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ վերջերս հեռախօսազրոյց մը ունեցած է ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Թրամբի հետ, որուն ընթացքին մերժած է վերջինիս առաջարկը՝ «Տահէշ»ի դէմ պայքարի ծիրէն ներս ԱՄՆ-ի օժանդակութիւնը ստանալը փոխարինել նաւթով:

Ապատի նշած է նաեւ, որ Թրամբ խոստացած էր ընդլայնել ամերիկեան օժանդակութեան շրջանակը, աւելցնելով, որ վերջինիս նախկին յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերէին ԱՄՆ-ի Իրաքէն ձեռք քաշելու հարցին նախընտրական փուլի անհիմն յայտարարութիւններ էին, որոնք իրականութեան չեն  համապատասխաներ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ