Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հրանդի ընկերներ»ը բողոքի ցոյց կազմակերպած են

«Հրանդի ընկերներ» նախաձեռնութեան անդամները այսօր բողոքի ցոյց կազմակերպած են Պոլսոյ արդարադատութեան պալատի շէնքին առջեւ: Այս մասին նախաձեռնութեան անդամ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան կը գրէ «Twitter»ի իր պաշտօնական էջին:

«Հրանդի ընկերներ» նախաձեռնութիւնը իր տարածած յայտարարութեան մէջ գրած է, որ պիտի շարունակեն հետեւիլ Տինքի սպանութեան գործով դատաւարութիւններու ընթացքին, մինչեւ որ իսկական ոճրագործներն ու անոնց համախոհները արժանանան իրենց արդար պատիժին: 
«Այս օրերուն, երբ արիւնն արեան, իսկ քէնը քէնին խառնուած է, մենք աւելի շատ կը զգանք Հրանդ Տինքի նման ձայնի մը կարիքը: Արդարութեան մեր պահանջը առաջին օրէն ունեցած յամառութեամբ բարձրաձայնելու համար այսօր պէտք է Չաղլաեան պալատի դիմաց ըլլանք», -կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ