Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Հալէպի Պոսթան Փաշա շրջանը ազատագրուած է

Հալէպի հայկական Նոր Գիւղ շրջանի հարեւանութեամբ գտնուող Պոսթան Փաշա շրջանը այսօր մաքրազերծուեցաւ եւ անցաւ Սուրիոյ օրինապահ բանակի վերահսկողութեան տակ: Մինչ կարգ մը աղբիւրներ կը փովխանցեն, որ այդ աւանը ամբողջութեամբ չէ ազատագրուած,  Սուրիոյ պետական հեռատեսիլի կայանը հաղորդեց, որ Պոսթան Փաշա շրջանը ամբողջութեամբ անցած է բանակային ուժերու վերահսկողութեան տակ: Աւելի վաղ եւ ըստ կայանին, հազարաւոր քաղաքայիններ խոյս տուած են Հալէպի արեւելեան հատուածներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ահաբեկիչ զինեալներ հեռացած են դէպի Թուրքիա: Կը փոխանցուի նաեւ, որ Սուրիոյ բանակը յաջողած է հասնիլ մինչեւ Հոլիւք անունը կրող ծայրամասային շրջան:

Նշենք, որ Պոսթան Փաշան մաքրելու  մարտերը ընթացք առած էին շուրջ ամիս մը առաջ:

 Խօսելով ընդդիմադիր զինեալներու մօտ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին՝ լիբանանեան «Ալ ժատիտ» կայանը կը փոխանցէ, որ զինեալ խմբաւորումներուն մօտ կը տիրեն անկումային տրամադրութիւններ: Աղբիւրը, յղում ընելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան,   յայտնած է, թէ աւելի քան 70   զինեալներ անձնատուր եղած են` Սուրիոյ   բանակին Հալէպի արեւելեան «Ալ Քատիսիյէ» շրջանին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Պոսթան Փաշայի՝  ահաբեկիչ զինեալներէ մաքրազերծումով հայկական թաղամասերը պիտի դառնան աւելի ապահով եւ անվտանգ շրջաններ: 


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ