Ուաշինկթընի ղեկավարութեամբ եւ 68 երկիրներու պատուիրակութիւններու ներկայութեամբ գումարուած Միջազգային Դաշնութեան նիստի աւարտին, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորումը իր տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներու 58 տոկոսը կորսնցուցած է Իրաքի մէջ, իսկ Սուրիոյ մէջ՝ 27 տոկոսը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ռիա Նովոսթի» գործակալութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Միջազգային Դաշնութեան ուժերը, ԱՄՆ-ի ղեկավարութեամբ, 2014 թուականէն ի վեր Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կեդրոնացած «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման կայանատեղիները օդային ռմբակոծումներու կ’ենթարկեն:
Նշեալ դաշնութիւնը ո’չ Ռուսիոյ, եւ ոչ ալ Սուրիոյ եւ Իրաքի կառավարութիւններուն հետ կը համագործակցի, սակայն Ռուսիոյ հետ ռմբակոծման վայրերու մասին տեղեկատուութեան փոխանակում կը կատարէ՝ հաւանական վթարներէ խուսափելու նպատակով: