Նախնադարեան և միջին դարերու ընթացքին, պետութիւններ կը ղեկավարուէին թագաւորական, իշխանական, բռնատիրական կամ այլ կերպերով ընտանիքներու ներկայացուցիչներու կողմէ: Ներկայ դարուս մէջ սակայն, պետութիւններու մեծամասնութիւնը կը ղեկավարուի կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ: Օրինակներ տալու հարկ չկայ. դիտենք մեր չորս դին:
Պարագան նոյնն է նաև մեր հայրենիքին, Հայաստանի մէջ: 25 տարի առաջ մէկ պաշտօնական կուսակցութիւն, համայնավար կուսակցութիւնը, կը ղեկավարէր Հայաստանի պետականութիւնը, որովհետեւ ան մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան:
Այսօր, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 90 կուսակցութիւններ, որոնցմէ շատերը անծանօթ են նոյնիսկ իրենց հարեւաններուն, կամ կազմուած են ընտանեկան պարագաներով: Անոնք պարզապէս՝ կուսակցութիւն կազմելու սիրոյն, կազմուած են կարգ մը անհատներու քմահաճոյքները գոհացնելու համար: Ինչպիսի նպատակներու համար կազմուած են անոնք, այդ ևս շատերու մօտ յստակ չէ, տեղի տալով կանոնագրական հարցադրումներու: Նոյն այս հարցը կրկին առաջադրուած էր մի քանի տարի առաջ, թէ՝ «այսքան մեծ թիւով կուսակցութիւններու կարիքը կա՞յ արդեօք Հայաստանի մէջ»: Եթէ անոնց կանոնագրերը համագաղափարական, համանպատակ են և կը տարբերին միայն չնչին կէտերու շուրջ, ԻՆՉՈ՞Ւ չեն միանար իրարու, իրենց ձայնը լսելի դարձնելու համար: Սակայն, այնտեղ կան նաև ազգային գործունէութեան մարզերու մէջ բարձր մակարդակով գործունեայ կուսակցութիւններ, որոնք արդէն իրենց ներկայացուցիչներով դիրքաւորուած են պետական, կառավարական, դիւանագիտական, խորհրդարանային, նախարարութիւններու և այլ բարձրագոյն ղեկավարութիւններու շարքերու մէջ:
Նկատի առնելով այժմու Միացեալ Նահանգներու պետական կառոյցին երկու մարմինները, մին՝ ներկայացուցիչներու տան, միւսը՝ ծերակոյտը, կը տեսնենք թէ 2017 Յունուար 20-էն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդը պիտի ենթարկուի մէկ կուսակցութեան տիրապետութեան, որն է Հանրապետական կուսակցութիւնը. որովհետեւ այսօր՝ անոնք են մեծամասնութիւնը երկու կառոյցներուն մէջ:
Մեր նպատակը Միացեալ Նահանգներու պետական կառոյցը նմանցնել չէ Հայաստանի պետականութեան, սակայն այստեղ կայ իրողութիւն մը, ուր մէկ կուսակցութիւն կ՚իշխէ կառավարական բոլոր կառոյցներուն վրայ իր ներկայացուցիչներու ձայներուն մեծամասնութեամբ: Որքանո՞վ ճիշդ է այդ:
Կրկին անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան, անշուշտ գիտենք թէ երկրին նախագահական ընտրութիւնները կը կատարուին նահանգներու քուէարկուներու ներկայացուցիչներու ձայնով (Electoral Votes), և ոչ ժողովրդային ձայնով: Ժողովրդային ձայնը, միայն մղիչ ոյժը կը հանդիսանայ քուէարկուներու ներկայացուցիչներու որոշման:
Պատճա՞ռը այս օրէնսդրութեան: Որպէսզի բոլոր նահանգներն ու անոնց բնակչութիւնը ևս ունենան իրենց ձայնը, քուէն, առանց բազմաբնակ նահանգներու բնակիչներու որոշումին կամ կամքին ենթակայ դառնալու: Օրէնքը այս դրութեամբ կը սահմանափակէ մեծամասնութիւններու ներկայացումը երկրի կառոյցներուն մէջ, առիթ ընծայելով բոլորին ներկայացուցչութիւնը, որպէս ժողովրդավարական սկզբունք և պետութիւն:
Կը մաղթենք, որ հայրենի պետութիւնը ևս, որպէս ժողովրդավար պետութիւն, կարողանայ ներառնել և կիրարկել նման օրէնք մը իր երիտասարդ երկրին սահմանադրութեան մէջ, աշխատելու՝ յօգուտ համայն ժողովուրդին և ոչ՝ մէկ մասնիկին: