Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Կապոյտ Յիշատակներ Հրդեհուած Մելգոնեանէն «Մելգոնեանցի ըլլալը չի բացատրուիր՝ այլ կ՚ապրուի». Վարդգէս Գուրուեան

Մելգոնեանի Մարզական Կեանքը

Պէտք է ըսել, որ Մելգոնեանցիները դասարանային այս մրցումները շատ լուրջի առած էին։ Դասարանին պատիւը պէտք էր բարձր պահուէր։ Ֆութպոլի խաղերուն «կօլ» առնող տղաքը օրուան հերոսներն էին։ Միւս խաղերուն կէտ նշանակող տղաքը վերէն կը նայէին միւսներուն վրայ։ Հոս հասնելու համար անշուշտ պէտք էր փորձեր ընէինք, եւ ուրեմն շաբաթը քանի մը անգամ դաշտ կ՚երթայինք փորձ ընելու եւ պատրաստուելու։ Յաճախ կը պատահէր որ վերի կարգի տղաքը վարի դասարաններու տղոց կը մարզէին եւ առ այդ ալ մասնաւոր յարգանք կը վայէլէին փոքրերէն։ Այս՝ պատճառներէն մէկն էր, թէ ինչո՛ւ Մելգոնեանի մարզական խումբերը շատ լաւ մարզուած կ՚ըլլային։

Աթլէթի մրցումներն ալ անշուշտ նոյնքան մը կարեւոր էին մեզի համար։ Երբ ֆութպոլի, վոլիպոլի եւ պասքէթպոլի մրցաշարքերը աւարտէին, կը սկսէինք աթլէթի փորձերուն։ Իմ շրջանիս (1961-1966 աշակերտական եւ ապա 1971-1980, ուսուցչական տարիներուս), աթլէթի ծրագիրը կը բաղկանար 100, 200, 400, 800, 1500, 1650 մեթր վազքերէ, 4×100, 100 + 200 + 400 + 800 + 1500 մեթր դրօշարշաւներէ եւ 110 մեթր արգելարշաւէ, ինչպէս նաեւ մէկ քայլ, երեք քայլ եւ բարձրութիւն ցատքերէ, գունդ, սկաւառակ եւ նիզակ արձակելէ։ Հոս ալ, մարզիչ Պրն. Տիգրան Միսիրեանի հսկողութեան տակ «վերի կարգերու» տղաքը «վարի կարգերու» տղաքը կը մարզէին։ Պրն. Միսիրեանը կը զբաղէր մասնաւորաբար դպրոցի լաւագոյն մարզիկները լաւագոյնս մարզելու եւ դպրոցի խումբը պատրաստելու արտաքին, միջ-դպրոցական մրցումներուն։ Պէտք է ըսել, որ աղջիկներն ալ փորձի կու գային, քանի որ նոյն մարզաձեւերը կը վերաբերուէին նաեւ աղջիկներուն։ Հիմա հասկցա՞ք որ ինչու՛ Մելգոնեանի մարզադաշտը, հակառակ իր քարքարոտ վիճակին, միշտ լեցուն կ՚ըլլար փորձ ընող տղոցմով։

Դասարանային մարզանքի պահերուն (շաբաթը երկու անգամ), մինչեւ Յունուար, Պրն. Միսիրեանին հետ զանազան խաղերու փորձերն ու մարզումները կ՚ընէինք։ Յունուարէն ետք կը սկսէինք մարզահանդէսի փորձերուն։ Տողանցքի, Շուէտական եւ չափական մարզանքներու, գլանիկներով, օղակներով, երաժշտութեամբ, կենդանի պատկերներու եւ այլ տեսակի մարզաձեւեր մաս կը կազմէին մեր մարզապահերու դասերուն։ Ամենադժուարները ծունկի եկած մարզաձեւերն էին, քանի որ դաշտը (կամ քարահանքը) լեցուն էր խճաքարերով։ Պէտք էր մաքրէինք մեր տեղերը եւ ցատկատարածքէն աւազ բերէինք, որպէսզի կարենայինք նուազագոյն ցաւով շարունակել մեր փորձերը։  «Զոյգ» ունեցող տղաքը կը մաքրէին նաեւ իրենց «մարդ»երուն տարածքները, քիչ մը աւելի խնամքով։ (1989 – 1990 կրթաշրջանին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը օժտուեցաւ ֆոթպոլի նոր եւ մարզանքի արդիական համալիրով – գոց մարզասրահով։)

Մարզահանդէսի թուականէն երկու շաբաթ առաջ, ամէն առտու ժամը 5։00-ին փորձի պէտք էինք իջնել։ Վայ անոր որ կը համարձակէր բացակայիլ, կարեւոր չէր որ ո՞վ էիր, առաջնակարգ մարզիկ թէ պարզ աշակերտ։ Անգամ մը Մանուկ Եըլտըզ անունով պոլսեցի աշակերտ մը, որ շատ լաւ ֆութպոլ կը խաղար եւ դասերուն մէջ ալ շատ լաւ էր, բացակայած էր եւ ճեմիշ (զուգարան) գացած։ «Վարպետ Տիգ»ը տեսաւ որ Մանուկին տեղը պարապ էր։ «Ո՞ւր է Եըլտըզը» պոռաց։ Մէկը ըսաւ որ անհանգիստ է, ճեմիշն է։ «Ես անոր ճեմիշ երթալը կը հասկցնեմ ի՞նչ ըսել է» ըսաւ «Վարպետը» եւ «մարդ տեղէն չշարժի» ըսելով գնաց եւ խեղճ Մանուկին ականջէն բռնած դաշտ բերաւ։ Անկէ ետք կը համարձակէի՞նք փորձերէն բացակայիլ։

Մարզահանդէսներուն բոլոր աշակերտները պարտաւոր էին մասնակցիլ։ Առջեւէն կը տողանցէր Կիպրոսի դրօշակը, որուն կը հետեւէր Մելգոնեանի դրօշակը։ Անոր ետեւէն կու գային Հայաստանի կարմիր-կապոյտ-կարմիր դրօշակները – քով-քովի, երեք կարմիր, ետեւը երեք կապոյտ եւ ապա երեք կարմիր դրօշակներ։ Դրօշակներուն կը հետեւէին ֆութպոլի, պասքէթի, վոլէի եւ աթլէթի խումբերը, խումբ առ խումբ, սկաուտական եւ արենուշական խումբերը եւ ապա մնացած աշակերտութիւնը, տղաքը մէկ մեծ խումբ, աղջիկները զատ խումբ։ Մարզահանդէսը կը սկսէր ժամը ճիշդ 3։00ին։ Նոյն ատեն կը սկսէր նաեւ Նիկոսիոյ յետմիջօրէի հովը։ Փոշին շատ կը խանգարէր բայց ճար չունէինք։ Տողանցքէն ետք տեղի կ՚ունենային աթլէթի աւարտական մրցումները եւ ապա մարզահանդէսի չափական, Շուէտական մարզանքները, երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։ Ինչպէս ըսած էի, երբեմն տեղի կ՚ունենար նաեւ գլանիկներով եւ օղակներով շատ գեղեցիկ մարզանքներ եւ բուրգերու ցուցադրութիւն։

Մարզահանդէսի աւարտին, բնականաբար տեղի կ՚ունենար մետալներու եւ բաժակներու տուչութիւնը, եւ մանաւանդ Ընդհանուր Առաջնութեան Վահանին յանձնումը ՝ ախոյեան դասարանին կամ խումբին։ Մետալակիր աշակերտները դասարանով կը նկարուէին, իսկ առաջնութիւն շահող խումբը, «Արարատ» կամ «Արագած», վահանով, բաժակներով, մետալներով եւ … աղջիկներով, անպայման պէտք էր նկարուէին։

Երեկոյեան տեղի կ՚ունենար աւանդական Զուարթ Երեկոն, որուն տղաքը կու գային իրենց շահած մետալները վիզերնէն կախած։ Ոմանք մասնաւոր կը կաղային աղջիկներուն ուշադրութիւնն ու գութ-համակրանքը շահելու։ Օրուայ լաւագոյն մարզիկը, Առաջնութեան Վահանը գրկած սրահ կը մտնէր ծափահարութիւններու տարափին տակ։

Բացի դասարանային մրցումներէն, Զատկուայ շրջանին Մելգոնեանի աշակերտութիւնը երկու խումբերու կը բաժնուէր, «Շիրակ» – «Սեւան» կամ «Արարատ» – «Արագած» եւ վերեւ յիշուած մարզաձեւերու մրցումներ տեղի կ՚ունենային։ Ըսեմ, որ այդ շաբաթներուն, եթէ ոչ թշնամութիւն, գէթ հակադիր խումբերու աշակերտները յաճախ իրարու հետ չէին խօսեր։ Բարեկամութիւնները կը «սառեցուէին», «դաւեր» կը լարուէին, ամէն իրիկուն «հաշիւներ» կ՚ըլլային կողմին յաղթանակը ապահովելու։ Ներքին կարգադրութիւններ կ՚ըլլային լաւ մարզիկներուն յաւելեալ սնունդ ապահովելու…, կը յանձնարարուէր որ «պարապ տեղը ուժերնիս չվատնենք…։» Իւրաքանչիւր մարզաձեւ իր նիշը ունէր, եւ ուրեմն միշտ պէտք էր առաւելագոյն մարզիկներով մասնակցիլ, մանաւանդ աթլէթի մրցումներուն, որպէսզի «կէտ» շահէինք։ Մինչեւ անգամ դիմացի խումբը բարոյազրկելու համար պատրաստութիւններ կը տեսնէինք։ Օրինակ, Համբիկ Մարուգեանը (այժմ Յունաստան՝ Սելանիկի Համալսարանի Աշխարհագրութեան բաժնի վարիչ-փրոֆեսոր) Հաստատութեան դարպասապահն էր, բայց շուտ կը ջղայնանար։ Այս՝ տղաքը գիտէին։ Ուրեմն ֆութպոլի մրցումին ժամանակ քանի մը հոգիով իր դարպասին ետեւը կ՚երթային տղաքը եւ կը փորձէին զինք ջղայնացնել։ Իր խմբակիցներն ալ քովը կ՚երթային զինք քաջալերելու եւ միւս խումբի տղաքը վռնտելու։ Կը պատահէր որ «հրմշտուք» ալ կը ստեղծուէր եւ դաստիարակ ուսուցիչները կը միջամտէին։

Իմ աւարտական տարիս, «Արարատ» խումբը երրորդ նիզակ նետողի մը պէտք ունէինք, որպէսզի մէկ կէտ շահէինք։ Այդ պարտականութիւնը ինծի վստահուեցաւ։ Մրցումին օրը դաշտ իջայ գոնէ փորձ մը ընելու։ Տիկ. Հերմինէ Քէշիշեանը զիս որ տեսաւ նիզակով՝ «դուն երբուընէ՞ նիզակ նետող եղեր ես» հարցուց։ Ըսի որ կէս ժամ առաջ ինծի վստահուեցաւ այս գործը։ Այդ օր ես շատ լաւ նիզակ արձակեցի եւ վեց մրցակիցներուն մէջ… վեցերորդ տեղը գրաւելով իմ խումբիս այդ մէկ կէտը ապահովեցի։

Մրցումներու աւարտին տեղի կ՚ունենար աւանդական «Զուարթ Երեկոյ»ն, որուն վերջաւորութեան ամէն բան մոռցուած կ՚ըլլար եւ Մելգոնեանի կեանքը կը մտնէր իր բնականոն հունին մէջ։ Բարեկամութիւնները կը վերահաստատուէին, կարծես բան չէր պատահած։

(Շարունակելի)

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ