Թանկագին ընկերներ ու բարեկամներ Հայ Գիրի ու Մամուլի եւ «Նոր Օր»ի շրջանակի,
Սրտի անխառն գոհունակութեամբ կ՚ողջունեմ ձեր բոլորը, ու կը հիանամ ամենամեայ աւանդոյթ դարձած ձեր այս սքանչելի «ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ»ին, որուն
ես ալ պատիւն եմ ունեցեր մասնակցելու անցեալին՝ մէկէ աւելի առիթներով:
«Նոր Օր»ը կը նկատեմ ես, իմ գաղափարական կազմաւորումիս ու գրական- գաղափարական աշխատակցութեանս մկրտարանը՝ դաստիարակութեամբը բազմավաստակ գրագէտ ու խմբագիր Անդրանիկ Անդրէասեանի, սկսած՝ 1950-ական թուականներէն: Աշխարհագրական հեռաւորութիւնները ոչինչ կը նշանակեն, երբ հայ գիրի ու գաղափարի նուիրեալներուն Սիրտն ու Միտքը կը բաբախեն համահունչ, երբ արտասանուած բառերն խօսքերը կը վերածուին Ոգիի ու Շարժումի, եւ մեր հաւատոյ հանգանակը է ու կը մնայ
միակ ուղենիշն ու յարացոյցը համայն հայութեան յաւերժախօս ճշմարտութեան՝ Հայաստան հայրենիքը գերիվեր ամէն բանէ:
Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ՝ այժմէն պատրաստուիլ ՌԱԿ-ի 100-ամեակին:
Մենք՝ պատմութեան դատաստանին պէտք է ներկայանանք ճակատաբաց:
Մենք՝ մեր հաւատքն ու զօրութիւնը կը ստանանք մեր անցեալի դաստիարակներէն ու ներկայի մեր սեփական փորձառութիւններէն: Այս մտածումներով առաջնորդուած, կազմենք մասնագիտական բարձրորակ Մարմին մը ու զայն համակարգենք օգտուելով ժամանակակից ամէն կարգի
գիտահնարքներէն:
Հեռաւոր Միջերկրականի այս ափունքէն սրտագինս կ՚ողջունեմ ձեր բոլորը, որ Միտքի ու Սիրտի պատուէրով մէկտեղուած «Նոր Օր»ի շուրջ, եղբայրական սիրոյ ջերմ զգացումներով տոգորուն՝ կը դիմաւորէք 2017-ի Ամանորն ու Ս. Ծննդեան Տօնը՝ ՄԻԱՍԻՐՏ ԵՒ ՄԻԱԽՈՐՀՈՒՐԴ:
Ընկերական հաւատքով ու սիրով՝
Արամ Սեփեթճեան
Պէյրութ, 13 Դեկտեմբեր 2016