Մահուան 25-ամեակ
ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Մեր սերունդի ներկայացուցիչներուն համար, բացառիկ պատեհութիւն եւ եզակի առիթ էր, շփուիլ, ծանօթանալ եւ ապրիլ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարներու հետ, որոնք՝ իրենց հիմնադիրներու եւ յաջորդներու աւանդը եւ ուղին շարունակեցին, ազնուական այս կուսակցութեան վարկն ու տեղը, դիրքն ու դերը արժանի մակարդակի վրայ պահելու համար։
Ոչ միայն այսքան. անոնք դարձան «կենդանի» ԴՊՐՈՑներ, թէ՛ իրենց շրջանակներուն,
թէ՛ ազգային-քաղաքական, թէ՛ մշակութային-կրթական, թէ՛ հայրենական-եկեղեցական կեանքին մէջ դառնալով մէկական փարոսներ, դաստիարակելով սերունդներ ու լուսաւորելով հայկական գաղթամիջավայրեր։
Բնական է, այդ մեծերը այսօր «բացակայ» են, բայց, իրենց գործերը, նպաստները, ժառանգները կա՛ն, զգալի՛ ու շօշափելի՛ են, ամէն անգամ որ կը խօսուի, կը յիշուի կամ կը գրուի անոնց մասին, կը վկայակոչուին, կը մէջբերուին կամ կ՚արձանագրուին անոնց դերակատարութիւններն ու գործունէութիւնները։
Հարցը այն էր, որ այս մեծերէն իւրաքանչիւրը իր գրաւչական, մտաւորական, բարեմասնական, դատողական ու վերլուծական վարակիչ յատկանիշներով, առաւել՝ նկարագրային, ընկերային ու մարդկային անմիջականութեամբ, մեծ յարգանքի ու հիացմունքի կ՚արժանանար իր կուսակիցներէն, գաղափարակիցներէն, պաշտօնակիցներէն, բայց, մանաւանդ կրտսեր կուսակցականներէն եւ երդմնառուներէն։
Այս վերջին պարագան կարեւորութեամբ շեշտելու է, պարզապէս անոր համար, որ մեծերուն անդրադառնալը կամ զանոնք վերյիշելը, հանգրուան մըն է կուսակցական կեանքէն ներս, երբ անոնք շառաւիղի մը շարունակութեան մարմնացումն են եւ ենթադրուած էր (նաեւ է՛), որ այդ մարտահրաւէրները ընդունելու ու զանոնք վերանորոգելու յանձնառութեան մը առջեւ գտնուելու ժառանգորդներ ստանձնեն այդ կապի իրականացման գործը։
Բախտաւոր են այն սերունդները, որոնք ոչ միայն «աշակերտ»եցին մեծերուն, հետեւելով անոնց խորհուրդներուն, գաղափարախօսուելով անոնց լիցքէն, դաստիարակուելով անոնց գիտութենէն, այլեւ՝ տարբեր ժամանակներու ընթացքին անոնք դարձան գործակիցները կամ ժողովակիցները անոնց, փորձառութիւն շահելով ու ժողովականութիւն սորվելով։
Սերնդափոխութիւնը կամ հերթափոխութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ ազգային- կուսակցական-միութենական կեանքին մէջ, եթէ ոչ այս ընտրանքով, որուն յաջողութեան համար, այդ ՄԵԾԵՐԸ, առանց բարդոյթի ու վարանումի, ջատագովն էին անոնց, որովհետեւ, ազգային սկզբունքային համոզումներէն մեկնելով, կը հաւատային, որ ՃԻ՛ՇԴ ուղին ատիկա էր։
Պատահական չէր, որ ա՛յդ մեծերը, կուսակցութեան անիւը դարձնելու եւ անխափանելու վճռակամութեամբ, երիտասարդ ղեկավարներ պատրաստելու ու կազմաւորելու ճամբուն վրայ, պատասխանատու մարմիններու մէջ կը ներգրաւէին խոստմնալից ուժեր, անոնց վստահելով կարեւոր պաշտօններ, տալով պատասխանատուութիւններ, զանոնք մղելով «ջահ»ը վերցնելու պատրաստակամութեան, յօգուտ, կուսակցաշէն գործունէութեան ընդմէջէն, հասնելու ազգային ընդհանրական շահերու, նաեւ ծրագիրներու յաջողութեան եւ առաջադրութեանց։
***
Առանց թերագնահատելու այդ մեծերէն ոեւէ մէկուն բերած ներդրումը եւ ունեցած օրինակելի ներգործութիւնը այս կամ այն մարզէն, կ՚արժէ այս առիթով յիշել եւ արժեւորել այն մեծութիւնը, որ կը կոչուի՝
ՓՐՈՖ. ԲԱՐՈՒՆԱԿ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ,
նկատի ունենալով որ անոր մահուան 25ամեակն է այս տարի։
(Ի դէպ, ակնկալելի էր որ՝ այս մասին արտայայտութիւններ ըլլային մամուլին մէջ՝ յիշատակագրութիւններով թէ ոգեկոչագրութիւններով եւ կամ՝ հրապարակախօսութեամբ՝ բանախօսական թէ ոգեկոչական ելոյթներով)։
Եթէ պիտի յիշուի Թովմասեանը, պէտք է թուարկել այն արժանիքները, որոնք զինք
լաւագոյնս կը բնորոշեն եւ յաջողագոյնս կը յատկանշեն։
Իմ ծանօթութիւնս Թովմասեանին հետ, աւելի քան 20 տարուան պատմութիւն ունի, ոչ
միայն կուսակցական կեանքէս ներս, այլեւ նոյն տեղաշրջանին մէջ ապրելով, մեր մերձեցումները գրեթէ ամենօրեայ էին, մանաւանդ քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն, մայրաքաղաքի անցման կէտերու բռնկումի պահերուն եւ ընդհանրապէս ապահովական անակնկալ բախումներու ընթացքին, երբ մեր հանդիպումները, խորհրդակցութիւնները, անպակաս կ՚ըլլային, Փրոֆեսորին խորհուրդներուն ու ցուցմունքներուն հետեւելով։
Թերեւս այս մտերմութիւններն ու գործակցութիւնները աւելիով առիթ տուած էին զինք մօտէն ճանչնալու, իր բազմակողմանի արժանիքներով, ատոնք ըլլան կուսակցական, գաղափարական, քաղաքական, ազգային, հայրենասիրական, որոնցմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ ան ունէր պատկերացում ու խօսք, դատողութիւն ու դիրքորոշում, մեկնաբանութիւն ու կողմնորոշում, տրամաբանութիւն ու վերլուծում։
***
Դասական մօտեցումէն հեռու, ինծի համար Փրոֆեսորը կը ներկայանար ու կ՚իմաստաւորուէր, հետեւեալ բնորոշական առանձնաշնորհումներով.
ԱՌԱՋԻՆ՝ ամէնէն մեծ ու կարողական արժանիքը՝ դիւանագիտական խոհեմութեան, հեռատեսութեան եւ իրատեսութեան մտածողութիւնն էր. հետեւապէս, սթափ ու հանդարտաբարոյ եզրակացութիւնը, մասնաւորաբար փշոտ ու հանգուցաւոր հարցեր քննարկելու ժամանակ։
Ոչ միայն ներկուսակցական, այլեւ միջկուսակցական բարդ ու կնճռոտ օրակարգերու պարագային, ան միշտ առաջին կարգի տեսաբան-առարկայապաշտն էր, համադրողն ու համակարգողը, իրեն յատուկ հայեցողութեամբ եւ անհատականութեամբ։
ԵՐԿՐՈՐԴ՝ անոր քաղաքական հոտառութիւնը, սրատեսութիւնն ու վերլուծութիւնը, տեղական, շրջանային ու միջազգային կնճռոտ հարցերու ընդմէջէն, տեսնելու սեւ ու ճերմակ, ժխտական ու դրական, մոխրագոյն ու սպիտակագոյն կողմերը եւ այդ հիման վրայ տեսակէտներ պարզելու ու ճշդելու։
Իր մտածումներն ու վերլուծումները ոչ միայն լսելի ու գնահատելի էին, այլեւ՝ ընդհանրապէս հաւաստի ու համոզիչ, որպէս իրապաշտ միտք եւ արտայայտութիւն։
ԵՐՐՈՐԴ՝ գաղափարախօսական ամուր ենթահողը, սկզբունքային տեսութիւններու վրայ հիմնուելու նուիրականութիւնները անկախ պահելէն բացի, ռամկավարական վարդապետութեան տալու լայնախոհութեան եւ ազատախօսութեան բարենշային ընտրանք։
Ասիկա ոչ թէ աժան քարոզչութիւն ընելու դիտաւորութեամբ, այլ հիմնաւորելու իր գաղափարական ուղղուածութեան անփոխարինելիութիւնը, չափաւորականութիւնն ու հանրամատչելիութիւնը, միանգամա՛յն, որուն տէր կանգնելու ու զայն պաշտպանելու համար, ամէն նախադրեալները, տուեալներն ու տարանշանները ունէր, իբրեւ ձեռնհաս հեղինակութեան իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը։
ՉՈՐՐՈՐԴ՝ ղեկավարական բացառիկ կարողութիւններով օժտուած դէմք, որ գիտէր ազգային-կուսակցական ցանցերը կազմակերպելու եւ առաջնորդելու, դրսեւորելու ու ներդաշնակելու ոճն ու եղանակը, զանոնք միշտ արդիւնաւորուած տեսնելու լաւատեսութեամբ։ Ասոր պատճառը՝ գաղափարական հաւատամքին ու դաւանանքին հետ հաշտ ապրելու ու գործելու անվիճելիութիւնն էր, որուն նկատմամբ ոչ միայն անզիջողութեան-ցանկապատ մըն էր, այլեւ՝ զայն կենսաւորող ու կենդանացնող խօսափող մը։
ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ՝ հայրենասիրութիւնը իրեն համար գերիվեր սրբութեան մը խորհրդանիշն էր, անայլայլօրէն եւ անսակարկօրէն, որուն ամրապնդման ու հզօրացման համար, կուսակցութիւնը կը ծառայեցնէր հայրենական նուաճումներու իրականացման գործին, չընկրկելով որեւէ խոչընդոտի առջեւ, ոչ ալ հանդուրժելով ուրիշներուն կամակորութիւնը։
Հիմնաւորուած էր այս կեցուածքային-պատուանդանային երեւոյթը, ոչ թէ միայն անոր
համար, որ Փրոֆ.ը կողմնակից մըն էր հայրենական հարազատ ընտրանքին, այլ՝ գործնական գետնի վրայ, գերագոյն զօրակից մը անոր, կուսակցական իր կառոյցներով ու մարդուժերով, ինչպէս նաեւ համակիր ուղեկիցներով։
ՎԵՑԵՐՈՐԴ՝ Էջմիածնապաշտպանութիւնը եւ Էջմիածնածառայութիւնը անսակարկելի նուիրականութիւններ էին, որոնց իրականացման համար, գործով ու բանիւ փարած էր անոնց, գաղափարական ու հաւատքի ներզօրութեամբ, կուսակից սերունդները դաստիարակելու եւ առաջնորդելու դէպի լուսոյ աղբիւր՝ գերագոյն եկեղեցւոյ ՄԷԿՈՒԹԵԱՄԲ։
***
Իմ եւ ինձմէ երէց սերունդներու ներկայացուցիչները, կրնան վկայել ու հաստատել, թէ
մեր մեծերէն որքա՜ն կոփուեցան ու հասունցան, թեւաւորուեցան եւ արմատաւորուեցան, գաղափարականօրէն, հայրենասիրականօրէն, ազգայնօրէն ու ՀԱՅՕՐԷՆ, որպէսզի Փրոֆ.էն (եւ միւսներէն) ժառանգուած կտակը շարունակուէր յաջորդներուն կողմէ։
Անցնող բազմատասնեակներու հայ ժողովուրդը, իր զանազան շերտաւորումներով, բայց, մանաւանդ Փրոֆ.ական պատկանելիութեամբ ու հետեւորդութեամբ, այլապէս ալ՝ հայրենական-եկեղեցական առաքելութեամբ ու զօրակցութեամբ, ո՞ւր կը տեսնեն մեծութեան մը մեծութիւնը, որ մեծութեամբ ծառայեց իր ժողովուրդին համայնական կարիքներուն ու հրամայականներուն։
***
Սիրելի Փրոֆ. Թովմասեան, բառերը, տողերը եւ էջերը քիչ են, քու մեծութիւնդ մեծարելու՝ մեծարանքի մեծութիւններով, քու մեկնումիդ 25-ամեակին առիթով։
Պէյրութ, 19 Նոյեմբեր 2016