Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանը՝ անկախութենէն 25 տարիներ ետք

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

 

            Նախկին խորհրդային շրջանին Հայաստանը ենթարկուած էր Մոսկուայի կեդրոնական տնտեսական կարգաւորման։ Ան մշակեց ժամանակակից արդիւնաբերական միջոցներ եւ կարողացաւ մեքենայ, գործիք, հիւսուածեղէն եւ այլ ապրանքներ արտադրել եւ խորհրդային միւս հանրապետութիւններուն նման ուրիշ երկիրներու հայթայթել եւ անոնց տեղ հում նիւթեր ստանալ: Անկախութիւնը հռչակելէ ետք 1991-ին, այդ բոլորը վերջ գտան. Հայաստանին մնաց երկրագործութիւն, ան ալ նեղ սահմաններու մէջ: Հայաստանը առեւտրականութեան համար ունի երկու բաց սահմաններ, Իրանի եւ Վրաստանի հետ, որովհետեւ անոր սահմանները Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ փակ են 1990 թուականներու սկիզբէն ի վեր։ Այդ պատճառով ներկայիս ծանրակշիռ ապրանքներու վաճառքը շատ հնարաւոր չէ Հայաստանի համար, սակայն օդային փոխադրման միջոցները աւելի ընդարձակ են։ Ուրեմն պէտք է աշխատիլ թեթեւ արդիւնաբերութեան միջոցներ գտնել, որոնք ընդհանրապէս էլեկտրոնական սարքաւորումեր, հնարքներ, բջիջային հեռախօսներ, ռազմական էլեկտրոնային սարքեր, եւայլն կը պարունակեն, որոնց հում նիւթերը դիւրամբ կարելի է փոխադրել Հայաստան օդային միջոցներով։ Նմանապէս, արտահանուած առարկաները երկրէն դուրս հանել. այս ասպարէզին մէջ արուեստագէտները շատ կարեւոր դեր ունին, անոնք կարող են աշխատանքները զարգացնել եւ յառաջ տանիլ։ Հայաստանը ունի պէտք եղած զարգացած եւ ընդունակ մարդուժը, կարելի է նաեւ օգտուիլ սփիւռքէն, ուր հազարաւոր հայ մասնագէտներ կան: Կը մնայ նիւթական ներդրումը, դրամագլուխի կարիքը:

Հայաստանի ներկայ տնտեսութիւնը մեծ տոկոսով Դաշնակցային Ռուսիոյ հետ կապուած է, ըլլալ պետական մակարդակով կամ թէ ռուսական ընկերութիւններու եւ գործատէրերու մակարդակով, անոնց մէջ ըլլալով աչքառու ռուսահայ գործատէրեր: Գալով Հայաստանի ենթակառուցային համակարգին, ելեկտրականութեան արտադրումը եւ վառելանիւթի մատակարարումը մեծապէս Ռուսաստանի աջակցութեամբ կը շարունակուին: Հայաստան ներկայիս կ՚արտադրէ 7.3 միլիառ kWh ելեկտրականութիւն, որմէ 5.1 միլիառ (kWh) կը սպառուի երկրէն ներս եւ մաս մըն ալ՝ կ՚արտածուի: Այդ արտադրուող ելեկտրականութեան 32.2% բրածոյ վառելանիւթով (fossil fuel) կարտադրուի, իսկ 34.3% միջուկային վառելանիւթով (nuclear fuel) որոնք կը հայթաթուին Ռուսիոյ կողմէ, իսկ մնացած 33.5%  ջրաելեկտրական կայանններ են (hydroelectric plants), որոնցմէ մէկը արդէն ամերիկեան ընկերութեան մը վաճառուած է: Քարիւղի եւ կազի արտադրութիւնը զէրօ է եւ երկրին կարիքները մեծամասնութեամբ Ռուսիոյ կողմէ կ՚ապահովուին, ինչպէս որ Հայաստանի շատ մը նման կենսական կարիքներ: Երկրին ենթակառոյցները, երկաթուղիի ցանցը, որ մօտաւորապէս 800 քմ. է եւ այլ կառոյցներ, անոնք արտաքին օգնութեան ենթակայ են: Հայաստանը ունի ստորգետնեայ մետաղներու պահածոներ, որոնցմէ մաս մը արտահանուած է, ուրիշ մաս մըն ալ կ՚արտահանուի եւ անոնք որոշ չափով երկրին եկամուտ կ՚ապահովեն:

Վերոյիշեալ բոլոր գործունէութիւնները, աշխատանքները, արտադրութիւնները եւ ներածումները հսկայ նիւթական դրամագլուխներու կարիք ունին, որոնք հնարաւոր չեն ներկայ Հայաստանի համար, եւ գլխաւորապէս անոնք, առաւել քաղաքական կապակցութիւններն են, որոնք կը կաշկանդեն Հայաստանի տիրապետութիւնը եւ ազատ որոշումի հնարաւորութիւնը այդ հարցերու վերաբերեալ: Հայաստանի Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը դանդաղ ընթացքի մէջ է Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակին պատճառով: Սակայն, Հայաստանի ամենամեծ դրամագլուխը իր ժողովուրդն է, իր աշխատող ուժը, իր զարգացած երիտասարդ ուժը, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհածաւալ հզօր սփիւռքը, որոնցմէ պէտք է ամենալաւ կերպով օգտուիլ: Հայաստանի ժողովուրդը բաղդատմամբ եւրոպական երկիրներուն երիտասարդ կը թուի, ուր 24-էն պակաս տարիք ունեցողները մօտաւորապէս բնակչութեան 33% կը կազմեն։ Այլ խօսքով, բնակչութեան մէկ երրորդը, մինչ 65 տարեկանէն վեր տարիք ունեցողները բնակչութեան 10% կը կազմեն։ Գերմանիոյ բնակչութեան պարագային այդ տոկոսները 23% եւ 21% են, որ կը նշանակէ թէ Հայաստանը աւելի երիտասարդ աշխատող ուժ ունի եւ նուազ թոշակի կարիք ունեցողներ: Օգտուելով այս տուեալներէն կարելի է ակնկալել, որ Հայաստանը ապագայի համար լաւ մարդուժ կը խոստանայ, սակայն պէտք է պետական եւ ժողովրդական մակարդակով մեծ աշխատանք տարուի եւ ջանք թափուի, որ այդ նոր սերունդը լաւ կրթութիւն ստանայ եւ պատրաստ ըլլայ ապագային արդի Հայաստան մը կերտելու համար:

Ինչպէս որ յիշեցինք, Հայաստանի համար թեթեւ արդիւնաբերութեան միջոցներ պէտք է ստեղծել, նախ երկրի արեւելեան եւ արեւմտեան սահմաններու փակման պատճառով, որոնք կը սահմանափակեն երկրի ցամաքային առեւտուրի միջոցները, երկրորդ, այդ աշխատանքները կարելի է սկսիլ փոքր դրամագլուխներով եւ Հայաստանը ունի այն ուղեղները, որ կարող են յառաջ տանիլ այդ գործերը։ Ի հարկէ, կարելի է միշտ օգտուիլ սփիւռքի նիւթական ներդրումներէն եւ արուեստագիտութեան փոխանցումի հնարաւորութիւններէն: Հայաստանը արդէն շատ մը քայլեր առած է այդ ուղիով եւ հոն լաւ աշխատանք կը տարուի, սակայն շատ աւելին պէտք է կատարուի:

Վերջերս Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ 2014 թուականէն գործող The International Science and Technology Center-ի (ISTC) նորարարական լուծումներու եւ արհեստագիտութեան կեդրոնի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ: Կեդրոնը Հայաստանի կառավարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գրասենեակի եւ այլ հիմնադրամի ծրագիրն է. անոր նպատակն է զարգացնել եւ կայունացնել Հայաստանի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններուն մէջ տեղակատուական արհեստագիտական կրթութիւնը, խթանել հետազօտական աշխատանքներն ու աջակցիլ այդ ոլորտի ընկերութիւններու նորարարական միտքերու զարգացման։ Ներկայիս արդէն տեղեկատուական ճարտարարուեստը (IT- Information Technology) բաւական լաւ սկիզբ առած է Հայաստանի մէջ, ուր նոյնիսկ օտար ընկերութիւններ մուտք գործած են: Անցեալ ամառ Հայաստանէն տնտեսական եւ էլեկտրոնական ճարտարարուեստի պատուիրակութիւն մը ԱՄՆ այցելեց, ուր իր անդամները Քալիֆորնիոյ Silicon Valey-ի էլեկտրոնային սարքաւորումներ արտադրող գործատուները այցելեցին եւ գործատէրերու հետ հանդիպումներ ունեցան: ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը (Tumo Center for Creative Technologies), որուն մասին անդրադարձած էինք ուրիշ առիթով, ըստ ֆրանսական «We Demain» ամսաթերթին՝ աշխարհի ամէնէն նորարար դպրոցներու առաջին դիրքին վրայ է: Այդ կեդրոնը կրկին բարձր գնահատուեցաւ երբ Նոյեմբեր 2016-ին Եւրոմիութեան (ԵՄ) յանձնակատար հետազօտութիւններու, գիտութեան եւ նորարարութեան (innovation) ներկայացուցիչ Քառլոս Մոտաս, ԹՈՒՄՕ-ն կարեւորած է որպէս գերազանցութեան կեդրոն:

Այս բոլորը եւ իրենց նման այլ պետական հաստատութիւններու աշխատանքներ անպայման զարգացած եւ արդի գիտութեամբ զինուած նոր սերունդ մը պիտի պատրաստեն. սակայն դեռ աւելին պէտք է ընել։ Հայաստանը արդէն ժամանակէ մը ի վեր կ՚արտադրէ եւ կը վաճառէ էլեկտրոնային սարքեր եւ այդ աշխատանքները աշխուժացնելու, զարգացնելու եւ ընդարձակելու համար վերջերս Հայաստանի գործատէրերու պահանջով 15 երկիրներու մէջ Հայաստանի դեսպանատուներուն առընթեր տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ պիտի նշանակուին։ Այս մէկը լուռ եւ լուրջ հրաւէր է սփիւռքի գործատէրերուն եւ այդ մարզի մէջ աշխատող մասնագէտներուն, որպէսզի իրենք ալ մասնակցին այդ արդիւնաբերութեան եւ յաջող առեւտուրի աշխատանքներուն՝ օգտակար հանդիսանալով բոլորին: Ի հարկէ, Հայաստանի պետութիւնը ամէն ձեւով պէտք է նեցուկ կանգնի բոլոր ներդրողներուն, ըլլայ տեղացի կամ սփիւռքէն, հայ կամ օտար ազգէ, բոլորն ալ պէտք է ապահով մթնոլորտի մէջ աշխատին եւ կոռուպցիան, ինչպէս որ կ՚ըսեն տեղացիները, ապականութիւնը, փտութիւնը եւ կաշառակերութիւնը պէտք է վերջ գտնեն, որպէսզի մարդիկ ազատ շունչով աշխատին:

Դեկտեմբեր 12, 2016

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ