Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ո՞ւր կ՚երթաս, հայ ժողովուրդ… Ամանորեան Մտահոգութիւններ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

Մի քանի բարեկամներով, սրճարանը (coffee shop) նստած կը զրուցէինք սփիւռքահայութեան սպառնացող վտանգներու մասին։ Օրինակ՝ գէթ Ամերիկայի մէջ,

  • Հայկական վարժարաններու ուսանողները՝ դպրոցին մէջ անգամ հայերէն չեն խօսիր։
  • Մեզ յաջորդող սերունդները՝ հայերէն թերթ պիտի կարդա՞ն արդեօք։
  • Որքանո՞վ հայ պիտի մնան՝ օտար ամուսնութիւն կնքողները։

Կարծես առաջին երկու հարցերուն նկատմամբ, մենք գրեթէ հաշտուած ըլլալ կը թուէինք, ուստի մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ օտար ամուսնութիւն կնքողներու ճակատագրին վրայ։

Օտար ամուսնութիւն կնքողներու անմիջական պարագաները յաճախ կ՚արդարացնեն զանոնք ըսելով, թէ՝

  • «Հարսերնիս օտար է, սակայն շատ լաւ հայերէն կը խօսի»։
  • «Մեր փեսան օտար է, սակայն շատ լաւ հայր է իր զաւակներուն»։
  • «Մեր հարսը օտար է, սակայն ամէն Կիրակի հայկական եկեղեցի կը յաճախէ»։
  • «Փեսանիս օտար է, սակայն տասը հատ հայու հետ չեմ փոխեր զինք»։

Այս պատճառաբանութիւնները ուրիշ բան չեն՝ եթէ ոչ «նրբացուցիչ դէպք յանցանաց» միայն։ Այսինքն, այրած սրտի անյաջող մխիթարանք…

Ինչ որ է, անցնինք մեր բուն նիւթին։ Ուրեմն, մեր խօսակիցներէն մէկը մեզ տեղեակ պահեց, որ Պէյրութի հայկական երկրորդական վարժարանէ շրջանաւարտ երիտասարդ մը` կ՚ամուսնանայ հայ աղջկայ մը հետ եւ կը կազմէ ընտանեկան երջանիկ բոյն մը ու անոնք կը բախտաւորուին մի քանի զաւակներով։

Գործի ասպարէզը զինք կը նետէ Արաբական Ծոցի երկիրներէն մէկուն մէջ, ուր կը հանդիպի օտար աղջկայ մը։ Աղջկան հետ իր յարաբերութիւնը զարգանալով, կ՚որոշէ ամուսնանալ հետը։ Սակայն, իր առաջին ամուսնութիւնը «խոչընդոտ» հանդիսանալով՝ կը փափաքի ամուսնալուծուիլ իր հայ կնոջմէն։

Երբ հայ կինը՝ արգելք հանդիսանալով ամուսնալուծում չի շնորհեր՝ ան կը դիմէ ծայրայեղ միջոցի մը։ Քանի որ ան կ՚ապրէր իսլամական երկրի մը մէջ, ուր օրէնքով կրնայ մէկը մինչեւ չորս կին ունենալ՝ իսլամ կը դառնայ եւ կ՚ամուսնանայ իր սիրած հոմանուհիին հետ… Հիմա ան՝ յաչս օրէնքի, պաշտօնապէս երկու կին ունի։

Թէեւ անիրաւ է մեր հայ երիտասարդը եւ անոր արարքը խոտոր, սակայն, ես ակամայ ճարպիկ եւ պատեհապաշտ պիտի որակեմ զինք, որ կրցաւ երկրին օրէնքը գործադրել, ի նպաստ իրեն։ Ան հետեւեցաւ «նպատակը կ՚արդարացնէ միջոցը» (the end justifies the means) լոզունգին, ոտնակոխելով բարոյական ամէն սկզբունք եւ խախտելով հայկական դաստիարակչութեան ու ազգային պատկանելիութեան բոլոր հիմերը։

Իր այս գռեհիկ արարքով, ան դաւաճանած եղաւ նախ իր ազգին՝ օտարի հետ ամուսնանալով, եւ ապա իր կրօնքին՝ դաւանափոխ ըլլալով։ Ո՞ւր մնացին հայ մայրերու զոհողութիւնները, որոնք տարագրութեան ժամանակ ինքզինքնին Եփրատ գետը նետեցին՝ որպէսզի կրօնափոխ չըլլան։ Իսկ մեր «հերոս»ը՝ կամայականօրէն կ՚ընդունի մեզ ջարդող թուրքին իսլամութիւնը. որքա՜ն փոխուած են ժամանակները…

Բարեկամներ, ճերմակ ջարդը կը սպառնայ բոլորիս՝ աշխարհի որ անկիւնը որ ապրինք։ Հայուն համար միակ ապահով ապաստանը իր հայրենիքն է եւ պէտք է մենք ամէն գնով անսասան պահենք զայն եւ աշխատինք, որ ան դառնայ բարգաւաճ եւ բարեբեր երկիր մը, որ կարենայ իր մէջ ներգրաւել բոլոր հայերը։

Վստահ եմ նմանօրինակ սրտաճմլիկ երեւոյթներ կան ամէնուրեք եւ դժբախտաբար անոնց թիւերը կ՚աճին ու կը բազմանան, յուզում պատճառելով մէն մի մտահոգ հայուն՝ հայրենիքի մէջ, թէ արտասահմանի օտար ափերուն վրայ։ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ