Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին

Հոգելոյս Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանցի կեանքէն

(1867-1952)

 

«Ես եկել եմ Ձեր ձեռքը համբուրել…»

 

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

            Հայ ժողովուրդի համար վճռորոշ եւ անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցան Սարդարապատի անունով մկրտուած 1918-ի ճակատամարտները:

            Այդ օրերուն, Ս. Էջմիածնի ճեմարանի տեսուչն էր Գարեգին Եղիսկոպոս Յովսէփեանց, որ յետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը եղաւ:

            Սարդարապատի ճակատամարտի օրերուն, Գարեգին Սրբազանի սրտապնդիչ եւ կուռ խօսքերը մեծ դեր կատարեցին օրհասական այդ օրերուն հայոց բանակի զինուորներէ եւ աշխարհայիններէ բաղկացած գունդերուն վրայ: Այդ պատերազմին թուրք բանակը, որ քանակով եւ կազմակերպուածութեամբ, ի վերջոյ կայսրութեան մը բանակն էր, շատ աւելի հզօր էր, իսկ մեր բանակը, թիւով փոքր, զէնք ու զինամթերքով տկար, կրցաւ հերոսաբար կուրծք տալ թշնամիին եւ պաշտպանել հայրենի հողը:

            Արդարեւ, 1918-ի Սարտարապատի հերոսամարտը միշտ ալ անուանած ենք, որպէս մեր օրերու 20-րդ դարու Աւարայրի ճակատամարտը, որ տեղի ունեցաւ 451 թուին:

            Ինչպէս 451-ին, 1918-ին եւս հայ ժողովուրդը գտնուեցաւ լինել-չլինելու վճռորոշ ճակատագրական օրերու առաջ: Երկու պատերազմները բազմաթիւ նմանութիւններ ունին, երկուքն ալ համահայկական դիմադրութեան գեղեցիկ եւ ցայտուն պոռթկումներ էին:

       1918-ին թուրքը անցաւ յարձակումի, նպատակ ունենալով գրաւել եւ շարունակել 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան գործը, այս անգամ միանգամընդմիշտ աշխարհի երեսէն վերացնել հայ ժողովուրդը Արեւմտահայութիւնը ջնջելէ ետք, այս անգամ  Երեւանի, Գիւմրիի, Էջմիածնի, Արեւելեան Հայաստանի հայերն ալ սպանդի ենթարկելով, շարունակել փանթուրանիզմի իր երազը իրականացնել:

            Այդ օրերուն, Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսն էր Գէորգ Ե. Վշտալի կաթողիկոսը, որ ծանօթ է իր «թող թշնամին իմ դիակի վրայով մտնի մեր սրբարանը…» պատգամաշեշտ խօսքով, որ այս օրերուն ալ այժմէական են այդ խօսքերը, մանաւանդ որ այս օրերուն Ատրպէյճանի “play boy” նախագահը իր նաւթատոլարներով մեծամտացած, կը սպառնայ կռիւով ոչ միայն Արցախի հողերը առնել, այլ նոյնիսկ Երեւանը, Գիւմրին, Մեղրին եւ ողջ Հայաստանը, առնել՝ զանոնք ատրպէյճանական հողեր նկատելով:

            Սարդարապատի ճակատամարտի օրերուն Գարեգին Սրբազան Յովսէեփանց Ս. Էջմիածնի վեհարանէն ուղղակի Սարդարապատ գնաց, ուր հայոց փոքր բանակը դիրք գրաւած էր, դիմագրաւելու համար թշնամիի զինուորները:

            Բանակի զինուորներուն կողքին Երեւանէն եւ զանազան շրջաններէն եկած կամաւորները խոր մտահոգութեան մէջ էին, տեսնելով թշնամիին անհամեմատ ուժը, բանակը եւ զինամթերքը: Հռետորական, ոգեւորող եւ ոգեշնչող խօսքեր ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՚ընէին զինուորներուն եւ կամաւորներուն վրայ: «Հայրենիք, ժողովուրդ, հայրենասիրութիւն» բառերուն իմաստը փոխուած էին կռուող ժողովուրդին համար: Բոլորը կարծէք յուսահատած էին, ոչ ոք իր միտքին ծայրէն կրնար անցընել, որ կացութենէն բան մը կրնայ փոխուիլ:

            Ահա այդ դժուարին եւ օրհասական օրերուն, հոգելոյս Գարեգին Սրբազան Յովսէեփանց դրսեւորեց իր յատուկ եւ բացառիկ կարողութիւնը: Ան հայրենասիրական բոցավառ ելոյթ մը ունեցաւ զինուորներուն եւ զինեալ կամաւորներուն առջեւ, ըսելով. «Հայ ժողովուրդը օրհասական կռիւներ շատ է ունեցել, եւ միշտ էլ ելք է գտել ու փրկել է իրեն: Ելքը եղել է անձնազոհ հերոսութիւնը… Յետ նայեցէք, մեզ մնացել են Երեւանն ու Էջմիածինը… եթէ հերոսութեան չդիմենք, ամէն ինչ կորել է իսպառ, այլեւս չի լինելու հայ եւ ոչ էլ հայի հայրենիք…»:

            Բանակը հանգիստ կը լսէր Սրբազան Հօր: Քար լռութիւն կը տիրէր, ոչ մէկ վերաբերմունք, դրական կամ ժխտական արտայայտութիւն: Ապա հայրենասէր Սրբազանը իր խօսքը շարունակեց, ըսելով.

            «Հայրենակիցներ, եղբայրներ եւ որդիներ, հին դարերում, երբ հայոց զօրքը պատրաստւում էր գնալ թշնամու դէմ կռուելու, նրա հրամանատարները Էջմիածին կը գային Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. կաթողիկոսի մօտ՝ նրա Աջը համբուրելու եւ նրա օրհնութիւնները առնելու: Բայց այս անգամ վտանգը այնքան մեծ է, որ ես Ս. Էջմիածնից եկել եմ ձեր բոլորի ձեռքերը համբուրելու եւ խնդրելու, որ փրկէք հայրենիքը, փրկէք ձեր պատիւը, հայի պատիւը…»:

            Ապա, Գարեգին Սրբազան, արտասուալից աչքերով կը մօտենայ եւ կը համբուրէ եւ իր օրհնութիւնները կու տայ բանակի ղեկավարութեան: Սրբազան Հօր այս պարզ եւ անպաճոյճ, հոգեցունց խօսքերը զգաստութեան հրաւիրեցին բոլոր զինեալները, կուսակցական, հոգեւոր, շինական, բանակային, մտաւորական, պարզ բանուոր ու մանաւանդ հայ գաղթականները, բոլորը հուժկու խումբի մը վերածուած, գրոհեցին թուրք բանակին վրայ, անոր շառաչուն ապտակ մը հասցնելով: Եւ թուրք բանակը անամօթաբար ետ շպրտեցին հայկական հողերէն:

            Փրկուած էր հայ ժողովուրդը ստոյգ ջարդէ մը: Փրկուած էր մայր հայրենիքի մէկ մասը:

            Փառք ու պատիւ հայ ժողովուրդի զինուորական, հոգեւոր եւ հասարակական գործիչներուն, որոնք նման դժուար օրերուն գիտեն միանալ, բռնցքաւորուիլ եւ իրենց հողին ու հայրենիքին տէր ըլլալ:

            Թող Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի հոգին յաւէտ սաւառնի հայ ժողովուրդին վրայ, որպէս պահապան հրեշտակ, երեւելի եւ աներեւոյթ փորձանքներէն եւ թշնամիներէն մեր ժողովուրդը եւ հայրենիքը փրկելով:

            Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ համայն հայութեան եւ մեր ղեկավարութեանց: 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ