Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Կապոյտ Յիշատակներ Հրդեհուած Մելգոնեանէն «Մելգոնեանցի ըլլալը չի բացատրուիր՝ այլ կ՚ապրուի»

Մելգոնեանի Մարզական Կեանքը

 

ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ

 

 

Մելգոնեանցի մարզիկներէն ոմանք կը մասնակցէին նաեւ Համակիպրական Միջ-Ակումբային աթլէթի մրցումներուն, յունական ակումբներէն։ Որոշ արտօնութիւններով մեր մարզիկները շաբաթը երկու անգամ Նիկոսիա կ՚երթային փորձերու մասնակցելու։ Մեր տղաքը թէ՛ Նիկոսիոյ քաղաքապետարանի «Ղա-Սի- Պի»ի խումբէն կը մարզուէին, թէ՛ ալ  շրջանի «Քերաւնոս» Ակումբի կողմէն կը մրցէին։   Արթօ Ասատուրեան անունով մարզիկ մը ունէինք, Լիմասոլէն, որ Կիպրոսի 100 եւ 200 մեթր վազքերու առաջնութիւնը շահած էր։ 1962-ին, Մելգոնեանցի աթլէթները, Զարեհ Արզումանեան, Նշան Չէչէնեան (Մարք Չէնեան), Աշոտ Չագալեան եւ Արթօ Ասատուրեան 4 x 100 մեթր դրօշարշաւին առաջնութիւնը շահեցան։ Մերիններուն եւ երկրորդ տեղը գրաւած խումբին միջեւ մօտ 25 մեթր տարբերութիւն կար։ Բայց, որովհետեւ Արթօն Լիմասոլի մէկ այլ ակումբէն էր, դատական վերին մարմինը չեղեալ համարեց մերինեներուն մասնակցութիւնը։ Յաջորդ տարին, 1963-ին, Զարեհ Արզումանեան, Յակոբ Վարդանեան, Մարք Չէնեան եւ Աշոտ Չագալեանը (որոնք «The Golden Boys» մակդիրը ստացած էին Կիպրոսի մարզական ակումբներու շրջանակներէն ներս) դարձեալ 4 x 100 մեթր վազքին առաջնութիւնը շահեցան եւ Կիպրոսի մրցանիշը հաստատեցին։ Զարեհը 1962-ին եւ 1963-ին, Կիպրոսի 100 մեթր վազքի առաջնութիւնը շահեցաւ, մրցանիշ հաստատելով։ Իսկ Նշան Չէչէնեանը (Մարք Չէնեան) 110 մեթր արգելարշաւի առաջնութիւնը խլեց եւ կիպրացի մարզիչներու կողմէ սկսաւ մարզուիլ յաջորդ Ողիմպիականին Կիպրոսը ներկայացնելու։

Նշան Չէչէնեանը 1962, 1963 եւ 1964-ի Կիպրոսի 110 մեթր արգելարշաւի ախոյեանն էր։  1962-ին, ան Կիպրոսի Երկրորդական Վարժարաններու մրցանիշը հաստատեց, իսկ 1964-ին ալ՝ Կիպրոսի 110 մեթր արգելարշաւի մրցանիշը, որը կարծեմ մինչեւ հիմա (2016) այդ մրցանիշը կը մնայ։ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին (AUB) մէջ, 1967-ին Նշանը 220 մեթր արգելարշաւի մրցանիշը հաստատեց, որը տակաւին ի զօրու է։ Բացի աթլէթի մրցումներէն, Նշանը նաեւ սքանչելի պասքէթպոլ եւ վոլիպոլ խաղացող էր եւ սարսափն էր հակառակորդ խումբերուն։

Աշոտը, Արթօն եւ Միհրանը (ուրիշ արագ վազող մը) ֆութպոլիստ էին նաեւ։ Երբ գնդակը հակառակորդին կիսադաշտին մէջ ասոնցմէ մէկուն ոտքը անցնէր, այնքան արագ կը վազէին, որ «կօլ»ը անխուսափելի կ՚ըլլար։

1960-ական թուականներուն ունէինք նաեւ Զօհրապ Պետրոսեան եւ Կարօ Վարդանեան (տղաքը «Ուրսուզ» անուանած էին Կարօն, յունական դիցաբանութենէն) անունով երկու մարզիկներ, որոնք նշանաւոր էին նիզակ, գունդ եւ սկաւառակ արձակելու մէջ։ «Շիրակ» – «Սեւան» խմբական մրցումներէն մէկուն ժամանակ, Զօհրապը, որպէսզի քաջալերէ Կարօն, գնաց եւ նախորդ տարուան մրցանիշէն քիչ մը ետեւ կեցաւ եւ «Կարօ, կրնաս նէ նիզակով ինծի զարկ» ըսաւ։ Կարօն ալ (աղջիկները հոն էին…) այնպիսի ուժով արձակեց նիզակը, որ գնաց եւ Զօհրապին ոտքին մտաւ… ։ Եթէ շարժէր՝ ամօթ էր։ Զօհրապը Մելգոնեանի դարմանատունը տարին եւ ոտքը փաթթելէն ետք, եկաւ մրցումը շարունակելու։ Այդ օր, Մելգոնեանի նիզակ արձակելու նոր մրցանիշը հաստատուեցաւ։

Զարեհ Արզումանեանը չորս տարի Լիբանանի 100 մեթր վազքի ախոյեանն էր (ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի խումբէն)։ 1966-ին, ան Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի (A.U.B.) «Centennial Best Athlete» եւ «One of the best dressed student» տիտղոսին արժանացաւ։ Կ՚իմանամ, որ այս տարի (2016) Պ.Ա.Համալսարանի 150-ամեակին առիթով Զարեհին անունը պիտի յիշուի Համալսարանի պատմութեան 10 լաւագոյն մարզիկներու ցանկին մէջ։ Զարեհը 1963 եւ 1964 տարիներուն Լիբանանի 100 մեթր վազքի ախոյեանն էր նաեւ։

Աշակերտներս կը զարմանայինք, թէ ինչո՞ւ Նիկոսիոյ ՀԲԸ Միութեան Ակումբը այս տղոցմով իր խումբը չէր կազմեր եւ մասնակցեր Համակիպրական մրցումներուն եւ շատ պատուաւոր դիրքերու հասնէր։ Բացի անհոգութենէ եւ «գործէ փախուստէ», ոչ մէկ բացատրութիւն կրցած եմ գտնել մինչեւ այսօր։

***

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս ուսուցչական տարիներուս, ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ) ատենապետն էի (1974 – 1980)։ Այդ տարիներուն, վարչական տղոց հետ որոշեցինք Համակիպրական Միջակումբային վոլիպոլի մրցումներուն մասնակցիլ։ Առաջին տարին, գրեթէ բոլոր խումբերը պատիւը ունեցան մեզի յաղթելու…։ Երկրորդ տարին, Մելգոնեանէն երեք տղաք եկան միանալու ՀԵԸ-ի խումբին։ Սարգիս Անդրէասեանը սարսափելի խաղացող եղած էր։ Բարձրահասակ, ճկուն եւ շատ զօրաւոր «բիքէ իջնող» էր։ Կարելի չէր անոր հարուածներուն դիմանալ։ Առաջին մրցումը նախորդ տարին առաջնութիւնը շահած խումբին դէմ էր։ Յունական խումբը գիտէր, որ մենք պատրաստ զոհերն ենք եւ ճակատագրուած ենք պարտուելու։ Սարգիսէն լուր չունէին։ Խաղին առաջին մասին (սէթ) 15 – 8 մենք յաղթեցինք։ Իրաւարարը, որ «ազնիւ» յոյն մըն էր, սկսաւ դիմացիններուն «ֆաուլ»երը եւ «out»երը չտեսնել եւ մեր մաքուր գնդակները «ֆաուլ»երու վերածելով երկրորդ եւ երրորդ խաղասէթերուն «ստիպել» որ մենք 13-15 եւ 12-15 կէտերով պարտուինք։ Մինչ այդ, հանդիսատեսներու մէջ կային կիպրացի բանակայիններ, որոնք քանի մը ժամուայ արտօնութեամբ զօրանոցէն ելած եւ եկած էին խաղը դիտելու։ Այս զինուորները սկսան ծաղրել մեզ, արհամարհական խօսքեր եւ աղտոտ հայհոյանքներ նետել մեզի եւ մեր հայ ազգութեան։ Յակոբ Թիւթիւնճեանը, (Ակուլին, Աստուած հոգին լուսաւորէ), դաշտէն պոռաց որ խաղը վերջանալուն սպասեն, որպէսզի պատասխան տան իրենց հայհոյանքներուն։ Մենք, հայերս, 6 + 4 խաղցող ունէինք եւ 10 – 15 տղաք ալ եկած էին խաղը դիտելու։ Իրենք՝ 30-40 զինուորներ, առաւել միւս յոյն դիտողները։ Երբ խաղը վերջացաւ, մեր մարզիկները վեր վազեցին եւ ահաւոր ծեծկռտուք մը սկսաւ։ Ես փորձեցի միջամտել կռիւը կեցնելու, բռունցքի փառաւոր հարուած մը ուտելով, ակնոցս կորսնցուցի (աչքս միայն քանի մը օր… սեւցած մնաց)։ Վերջապէս մեծերը եկան եւ բաժնեցին կռուողները։ Ասատուր Տէվլէթեանը, որ Մելգոնեան հայերէնի ուսուցիչ էր (Անգլիոյ մէջ նախ փաստաբանութիւն ուսանած), յունարէնով սկսաւ բողոքել եւ ըսել որ մեր ապահովութեան համար հիմա Միացեալ Ազգերու Խաղաղապահ Ուժերէն զինուորներ կամ դէտեր կը պահանջէ, քանի որ ասիկա համայնքային – փոքրամասնութիւններու յատուկ խնդիր է եւ պէտք է անոնք տեղեակ ըլլան։ Յոյները սարսափեցան։ Քանի որ թուրք փոքրամասնութեան խնդիրը կար, եւ յոյները շատ զգայուն էին բոլորին ցոյց տալու որ իրենք փոքրամասնութիւններու հանդէպ շատ արդար են եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանուած են։ Խեղճերը ներողութիւն խնդրեցին մեզմէ եւ Ակուլիին հարցուցին որ ո՞վ էր հայերուն հայհոյողը։ Երբ Ակուլին ցոյց տուաւ, դաշտին պատասխանատուն զօրաւոր ապտակ մը իջեցուց զինուորին երեսին եւ «չե՞ս ամչնար դուն, հայերը մեր եղբայրներն են» ըսելով կրկին անգամ ներողութիւն խնդրեց մեզմէ։ Մենք ալ… ներեցինք։ Ասատուրին ըրածը պարզապէս մարդոց վախցնելն էր, քանի որ մենք քանի մը հոգիով չէինք կրնար գլուխ ելլել այդ տղոց դէմ։

***

Մելգոնեանցիներս կը մասնակցէինք նաեւ Զատկուայ արձակուրդներու ընթացքին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Նաւասարդեան Խաղերուն։ Պէյրութ երթալու համար զտումները շատ խիստ էին։ Զտումներէն ետք կանոնաւոր փորձեր տեղի կ՚ունենային ամէն օր, առտուները եւ կէսօրէ ետքերը։ Ընտրուած մարզիկները դարձեալ «յաւելեալ սնունդ» կը ստանային։ Արդար չէր որ մենք, Մելգոնեանցիներս մրցէինք Նաւասարդեան Խաղերուն մասնակցող խումբերուն դէմ, քանի որ … մենք շատ լաւ մարզուած էինք։ Ասիկա Պէյրութցիները լաւ գիտէին եւ «մասնաւոր կարգադրութեամբ» այնպէս մը կ՚ընէին, որ միւս խումբերն ալ մետալ կամ բաժակ շահէին։ 1962-ին եւ 1963-ին, աթլէթի 13 մարզաձեւերուն 12 ոսկի եւ 12 արծաթ մետալները մենք շահեցանք (մէկ հատ ալ «պոնուսի» համար՝ պրոնզ…)։ Բայց, ՀԵԸ-ի պատասխանատուները, որպէսզի Մելգոնեանի անունը միշտ չտան, երբեմն «Մելգոնեան»ի երբեմն ալ «Կիպրոսի Ակումբ»ի անունները կու տային…։ Այդ տարիներուն, 4×100 եւ այլ դրօշարշաւներու ամբողջ սփիւռքի ամենաարագ վազող խումբը Մելգոնեանի խումբն էր։ Տարի մը, կարծեմ 1966-ին էր, ՀԲԸՄիութեան Ցկեանս Նախագահ Տիար Ալեք Մանուկեանն ալ ներկայ պիտի ըլլար խաղերուն։ Պէյրութի ՀԵԸ-Անդրանիկ ընդդէմ Մելգոնեան ֆութպոլի մրցումի կիսախաղը չաւարտած, Բարերարը կը ժամանէ։ Մինչ այդ, Մելգոնեանը 2 -0 արդիւնքով կը յաղթէր ՀԵԸ – Անդրանիկ խումբին։ Խաղը կը կեցնեն «Բարի Գալուստ»ի խօսքերը ըսելու եւ այլ ծրագիրներ իրագործելու։ Ֆութպոլի խաղը չի շարունակուիր։ Վերջաւորութեան, երբ բաժակները պիտի բաժնուէին յաղթող խումբերուն, ձեռամբ Բարերարին, կը յայտարարուի որ ՀԵԸ-Անդրանիկը ֆութպոլի յաղթական խումբն է։ Խե՜ղճ Պէյրութցիները կ՚երեւայ չուզեցին պզտիկ մնալ Ալեք Մանուկեանին առջեւ։

1963-ի Պէյրութի Նաւասարդեան մրցումներուն, Մելգոնեանցի Համբարձում Տրամերեանը 1600 մեթր վազքին կը մասնակցէր։ Ան, մէկ լման շրջան ետ մնացած էր իր մրցակիցներէն, բայց շարունակեց վազել։ Երբ վերջացուց, դաշտի շուրջ 20,000 հանդիսատեսները յոտնկայս… ծափահարեցին։

 

***

 

Ուսուցչական տարիներուս, անգամ մըն ալ Հայաստանէն «Դոցենտ» մարզիչներ ղրկուեցան։ Ուրախացանք որ «Վարպետ Տիգ»ին հետ այս նոր մարզիչները մեր խումբերուն մակարդակը կիսաարհեստավարժ մակարդակի պիտի բարձրացնեն։ Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, ըսեմ որ այդ «մարզիչ»ները պատուհաս եղան Մելգոնեանի մարզական կեանքի գլխուն։ Ես մինչեւ 1980 Մելգոնեան կը պաշտօնավարէի։ Հայաստանցի «մարզիչ»ներու ժամանումէն (1973) մինչեւ իմ Միացեալ Նահանգներ գալս (1980) Մելգոնեանի մարզական կեանքը ահաւոր անկում կրեց, մանաւանդ մարզիչ Տիգրան Միսիրեանի անարդարօրէն գործէն արձակուելէն ետք (1975)։

1976-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ, Լիբանանցի աշակերտները ամառը Մելգոնեան մնացին (նաեւ յաջորդ տարիներուն)։ Վազգէն Սաղպազարեան անունով շրջանաւարտ աշակերտ մը ունէինք, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի երթար։ Ստիպուած էր տակաւին մինչեւ Յունուար Կիպրոս մնալ։ Տնօրէն Պրն. Ասատուր Պետեանը արտօնեց իրեն որ Մելգոնեան մնայ, հսկողութեան թեթեւ պարտականութիւններ ալ տուաւ անոր, որպէսզի փոքր եկամուտ մը ապահովէր։ Վազգէնը, կամաւոր կերպով սկսաւ Հաստատութեան ֆութպոլի խումբը մարզել։ Պէտք է ըսել որ Վազգէնը, Պրն. Միսիրեանի մարզափորձերուն եւ հեռատեսիլէն անգլիական ֆութպոլի խաղերը դիտելով, շատ աւելի լաւ ֆութպոլի մարզիչ եղաւ, քան Հայաստանէն եկած «մարզիչ»ները։

Կաղանդի եւ Զատկուայ արձակուրդներուն (Դեկտեմբեր 24 – Յունուար 7) որպէսզի աշակերտները զբաղ պահուէին, մարզական մրցումներ կը կազմակերպուէին («Շիրակ» – «Սեւան»)։ Բայց, յանկարծ Դեկտեմբեր 10-ի ատենները Հայաստանէն հեռագիր մը կու գար այս «մարզիչ»ներուն, որ «մայրդ շատ ծանր հիւանդ է, շուտ տուն արի»…)։ Դեկտեմբեր 15-ի ատենները ասոնք Հայաստան կը մեկնէին եւ Զատկուայ արձակուրդին՝ նոյն պատմութիւնը։ Ըսեմ, որ Մելգոնեան վերադարձին միշտ քանի մը օր ուշ կը հասնէին «Մոսկուայէն վիզային ուշացումի» պատճառաբանութեամբ։ Տարի մը, այս «մարզիչ»ներէն մին կը մտնէ Պրն. Ասատուր Պետեանին մօտ եւ հեռագիրը ցոյց տալով կ՚ըսէ որ «մայրը մահացած է», եւ հետեւաբար պէտք է անմիջապէս Երեւան մեկնի։ Պրն. Պետեանը (Տնօրէնը) կ՚ըսէ, որ «մայրդ անցեալ տարի մեռած էր, յարութի՞ւն առաւ արդեօք»…  Օ՜, կ՚ըսէ մեր «մարզիչ»ը, «անիկա մօրաքոյրս էր, որ մեզ մեծցուցած է, անոր համար ալ իրեն «մայրիկ» կ՚ըսէինք»…։

Յարգանք Մելգոնեանի իրա՛ւ մարզիչներու յիշատակին, յարգանք Մարզիչ Տիգրան Միսիրեանի (Վարպետ Տիգ) յիշատակին եւ յարգանք մեր փայլուն մարզիկներուն։

 

Լոս Անճելըս, 2016

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ