Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

«Նախ հայրենիքս, յետոյ մարդկութիւնը». Անկախութեան 25-ամեակի տպաւորութիւններով

ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ

 

Եթէ հայրենիքը հող է եւ մշակոյթ, ապա հայրենասիրութիւնը գաղափարական ապրում մըն է, որ կ՚ենթադրէ նուիրում եւ զոհաբերում։

Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին հայրենիքի ազատութեան համար հերոսական պայքար մղեց, զոհաբերութեան եւ հերոսութեան աննման էջեր արձանագրեց։

Օտար բռնակալներ, չկրցան ընկճել ազատատենչ հայու հոգին։ Պետութիւններ հզօր, անզօր էին որոշելու հայ ժողովուրդին ճակատագիրը՝ աշխարհի քարտէսէն վերացնելու հայոց երկիրը, ի սպառ բնաջնջելու հինաւուրց ազգ մը ամբողջ։ Իրենց վճիռներուն ուրիշ բան չէր վիճակուած, այլ միայն անփառունակ թաղումը իրենց որոշումներուն։

Ազատութեան տենչը հազարամեակներով միշտ եղաւ հայ ժողովուրդին հետ։

Դարեր շարունակ հայը երազեց ազատաբեր կեանքի մը փրկարար շունչը, ազատ ու անկախ կեանքի տիրացումը իր սեփական հայրենի հողին վրայ։

Ազատութեան ձգտումը ի վերուստ շնորհուած էր հայերուն։ Յանկարծ երազը դարձաւ իրականութիւն։ Հայերը կրցան հասնիլ իրենց բաղձալի նպատակին։ Դարերու միջով անցած հայ հերոսներուն վառ պահած ազատութեան ջահը՝ Հայկով, Տիգրանով ու Արշակով հաստատուած, Աւարայրով ու Սարդարապատով նուիրագործուած, եկաւ ու հասաւ հայրենի ժողովուրդին՝ երբ 1991-ին Սեպտեմբեր 21-ի օրը, Ազատութեան հրապարակին վրայ միահամուռ ու միաբերան «Անկախ Հայաստան» բացագանչեց։ Ժամանակի տիրող պայմաններու թելադրանքով, Հայաստանը հռչակուեցաւ ինքնիշխան եւ ինքնուրոյն անկախ պետութիւն։ Այդ օրէն հայրենի ժողովուրդը դարձաւ իր սեփական ճակատագրին տէրը, դարձաւ միջազգային հանրութեան լիիրաւ անդամ, ուր կրնար հնչեցնել իր ազատ խօսքը։

Այսօր, անկախ Հայաստանը 25 տարեկան է։ Անկախութեան արծաթեայ յոբելեանը պատեհ առիթ մը հանդիսացաւ համախմբելու աշխարհասփիւռ հայութիւնը հայրենի հողին վրայ։ Հոն, ուր ջերմ հայրենասիրութեամբ զեղուն հայրենաբաղձ սրտերը կ՚երգէին, հայու հոգիին մէջ անկեղծ զգայութիւն մը արթնցնելով, մաքուր ու հարազատ ապրումներով զեղուն։

Սփիւռքը, իր գոյառումէն մինչեւ այսօր, հոգիով միշտ փարած է հայրենիքին, փարած է հարազատի անկեղծ սիրով ու գուրգուրանքով, հայրենիքի յառաջդիմութեան ու բարգաւաճման մէջ տեսնելով իր երազներուն իրականացումը։ Հայրենիքի սէրը, հայրենասիրութիւնը, սերունդէ սերունդ փոխանցուեցաւ սփիւռքահայ հոգիներուն։ Հայրենասիրութեան բնազդը, խլրտեցաւ ու հոսեցաւ հայ սերունդներու արեան մէջ։ Այդ բոլորը ազնիւ զգացումները, հայ հոգիներուն մէջ ստեղծեցին պայծառ ու վճռական ազգային գիտակցութիւն մը։ Զգացում մը,  որ միշտ կը յորդի եւ երբեք չի յոգնիր։

***

Յոբելենական այդ օրերուն հայոց մայրաքաղաքը իր հարուստ տեսքով՝ իր շքեղ կառոյցներով, իր լուսաւոր խանութներով ու հիւրանոցներով, օտար զբօսաշրջիկներու եռուզեռով, աշխարհի մեծ մայրաքաղաքներու տպաւորութիւնը կը թողուր։

21 Սեպտեմբերին, հայրենի երկնակամարին  վրայ կը թեւածէր վահագնատիպ հայու ոգին։ Հայոց բանակին զօրահանդէսը հզօր Հայաստանի հեռանկարը կ՚ուրուագծէր։

Մեր աչքերը մերթ կը յառէին պատմութեան փառապանծ էջերու հերոսական դէմքերուն, եւ մերթ 25 տարիներու վրայ երկարող անկախ Հայաստանի անցած ճանապարհին՝ այն օրէն, երբ անկախութիւնը տակաւին իր սաղմնային վիճակի մէջ էր։

Ջերմ ու ոգեղինացած մթնոլորտը խրախուսիչ էր ու պարտաւորեցնող։ Պարտաւորութիւններ ազգին հանդէպ, որոնք կը թելադրէին մեր քաղաքական ծրագիրներուն մէջ իւրացնել մեր նախնիներուն քաղաքացիական մնայուն աւանդոյթները, հայրենի հողին հանդէպ ունեցած անձնուրաց զոհաբերութիւնը, ողջախոհութեան եւ արդարամտութեան չգրուած օրէնքները, պահպանելու հայ ժողովուրդին դարաւոր հայրենիքը։

«Անցեալէն վերցնել կրակը, ոչ թէ մոխիրը» պիտի ըսէր ֆրանսացի քաղաքագէտ ու հրապարակախօս Ժան Ժորէս։

Ո՞վ չի գիտեր, որ մեր ազատագրական պայքարի էջերը, Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ եւ արցախեան պատերազմ, հարուստ են անվեհեր հերոսներու խօսուն անուններով, որոնք դարձան խիզախութեան, անձնուիրութեան եւ հաւատարմութեան խորհրդանիշներ։ Հայ ժողովուրդը ընդունակ է ծնելու հերոսներ, որոնք ի ծնէ եւ ի բնէ եղան առաջնորդներ, պաշտպանեցին ու պահպանեցին հայոց հայրենիքը։ Անոնք հայութեան եղերական օրերուն, իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարեցին պայծառատեսութեամբ, ճակատաբաց եւ վճռական, դառնալով փառքն ու պարծանքը հայ ժողովուրդին։

Այս գիտակցութեամբ ու այս մտահոգութեամբ, ուրախութեան յուզումնախառն խոհերով ու մտորումներով պարուրուած, պահ մը հայոց պատմութեան էջերը կը տողանցէին մտքիս պաստառին վրայ։

***

Հայաստանի 25-ամեայ անկախութիւնը, որքան լուսաւոր եւ մխիթարական երեւոյթներ կը պարզէին մեր ազգային կեանքին մէջ, նոյնքան ալ կային մտահոգիչ խնդիրներ, մռայլ ու տխուր իրավիճակներ։

Եթէ ոմանց բաժին ինկաւ վայելելու անկախութեան բարիքները, ուրիշներ՝ կեանքի անձուկ պայմաններու մէջ ապրող մարդիկ, յուսալքումներէն շփոթ ու անորոշ ապրումներով, կորսնցուցած էին իրենց կենսունակութիւնը։ Անոնց մէջ բոյն դրած էր վհատութիւնը, որ ջլատած էր զիրենք, դարձուցած էր կամազուրկ։

Իսկ առաւել մտահոգիչ հարցը հայ հասարակական կեանքի գլխաւոր խոցերէն մէկը՝ ազգացրւումը, վերածուած է համընդհանուր աղէտի եւ կը սպառնայ մեր գոյութեան։ Դարաւոր արմատներ ունեցող արտագաղթի հոսքը դեռ կը շարունակուի։ Յուսահատ ու հիասթափուած մարդիկ չեն փորձեր հաշտուիլ տիրող իրավիճակին հետ, կը բռնեն գաղթի ճամբան, կամովին կը յանձնուին արեւմուտքի քաղաքակրթութեան լափող բարիքներուն։

***

Կասկած չկայ, թէ ամէն հայ սկզբունքով հայրենասէր է։ Սակայն այդ հայրենասիրութիւնը որքանով կը դիմանայ երբ կը հանդիպի կարծր իրականութեան։ Այդ հայրենասիրութիւնը որքանով կրնայ յաղթահարել արեւմտեան արժէքներու ներխուժումի վտանգը, որ այսօր կու գայ հայ հոգիներուն՝ յատկապէս երիտասարդութեան տանելու ապազգայնացումի, ստորադասելով մեր մշակոյթն ու մայրենի լեզուն։

Թէ որքանով անոնք կը ճանչնան հայոզ պատմութիւնը, որքանով գիտեն իրենց մայրենի լեզուին առանձնայատկութիւններուն արժէքը։ Երբ անդին աշխարհահռչակ գիտնականներ ու հայագէտներ չեն վարանած իրենց բարձր ու ջերմ գնահատանքներով, արժեւորելու հայոց լեզուին հարստութիւնը։ Որքան իրաւացի է Դանիէլ Վարուժանը երբ կ՚ըսէ. «Ես կը սիրեմ շովինիզմը հանդէպ մեր լեզուին ու իմ ինքնուրոյնութեանս»։

Այս խօսքերուն իմաստը, որքանով կրնայ իւրացնել դարեր շարունակ բռնատիրութեան լուծին տակ ապրած, այլասերումի ենթարկուած ժողովուրդ մը, որ իր վրայէն տակաւին չէ թօթափած իր ցեղային յատկութիւններուն վրայ ծանրացող անբուժելի ախտը, հոգեպէս չէ ազատագրուած անցեալի բարդոյթներէն, ունենալու համար հայրենասիրութեան լրիւ գիտակցութիւնը։

Անկասկած, կարելի է մտային զարգացման գագաթին հասնիլ։ Բայց հայրենասիրութիւնը ոչ թէ գիտութիւնն է, ուսումն է, այլ հոգեկան այն արժէքները, զգալու եւ կենսագործելու այն թափը, հայրենեաց հաւատքով ապրելու այն կարողութիւնը, որ անհրաժեշտ է պահպանելու ազգի մը հոգիին ամբողջականութիւնը, ստեղծելու ժողովուրդին հոգեւոր միասնութիւնը։ Այն ինչ՝ հիմնական կարեւոր նախադրեալն է դառնալու համար հզօր ազգ, կերտելու համար հզօր պետութիւն։

Այդպէս վարուեցան քաղաքակիրթ ազգեր ու ժողովուրդներ, սերտելով տեսլապաշտ մտածողներու, ընկերաբաններու առաջադրած գաղափարները։

Ինչպէս՝ 18-րդ դարուն Ժան-Ժագ Ռուսոյի գաղափարները յաղթանակեցին ֆրանսական յեղափոխութեամբ։ Իսկ 19-րդ դարու վերջը, քաղաքական տարբեր հոսանքներու ազդեցութեամբ տնտեսապէս քայքայուած ու պառակտուած Իտալիան, իր ժողովուրդին հասարակական խնդիրներու բարւոք լուծումը գտաւ Էնրիքօ Ֆերրի տեսութիւններուն մէջ, որպէս գիտական եւ բարոյական ճշմարտութիւն, ընկերային-քաղաքական կեանքի յառաջընթացին համար։ Ֆերրիի տեսութիւններուն նշանաբանն էր. «Նախ հայրենիքս, յետոյ մարդկութիւնը»։ Ընկերվարական մըն էր Ֆերրին։

Իր տեսակէտները կը միտին առաջին հերթին ժողովուրդին մէջ արթնցնել ազգային գիտակցութիւնը, հասնելու համար հասարակական բարեփոխութեան։ Այդ բարեփոխութիւնը կ՚իրականանայ մարդկային գաղափարներով տոգորուած քաղաքակիրթ ժողովուրդներու համագործակցութեամբ։

Ահա թէ ինչու քաղաքակիրթ ազգեր պէտք չունեցան իրենց զաւակը կրթելու, ինչպէս մենք պարտաւոր ենք ընել։

Անոնք աւելի կը ձգտին մանուկին մէջ զարգացնել մարդկային գիծերը, սատարելու մարդկութեան յառաջընթացին։ Իսկ մենք պարտաւոր ենք փրկել անոր մէջ վտանգուած ու խաթարուած հայութիւնը։ Քանի որ նախ եւ առաջ ատոր պէտք ունինք, կերտելու համար հայ մարդը։ Իր ազգին օգտակար եղողը անպատճառ կրնայ օգտակար ըլլալ մարդկութեան։ Չմոռնանք, որ մարդասիրութիւնը հինէն ի վեր, հայոց պատմութեան վաղ շրջաններէն, եղած է մեր ազգային նկարագրին իւրայատկութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը քալէ հայութեան բոլոր խաւերուն հետ։

Մարդկային առաքինութիւն մըն է սեփական թերութիւնները տեսնելը, գործած սխալները սրբագրելը, ինչ որ բոլորին տրուած չէ դժբախտաբար։

Անձնաքննութիւնները որքան ալ ոմանց համար ըլլան ոչ ցանկալի եւ նոյնիսկ անբաղձալի ու տհաճ, սակայն անհրաժեշտ է ոչ միայն մարդու, այլ ազգի ինքնաճանաչման, ժողովուրդին կարիքները յայտնաբերելու եւ հոգալու համար։

Ատոր համար հարկաւոր է անձնական նեղ ըմբռնումներէն, բարձրանայ դէպի հայկական, ամբողջական նպատակներու գիտակցութիւն։ Այն ատեն կրնանք խորապէս ըմբռնել ազգային ինքնաճանաչման այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ ժողովուրդի մը հայրենասիրութեան աստիճանը սերտօրէն կապուած է ազգային ինքնագիտակցութեան հետ, բարոյական դաստիարակութեան հարց է։ Այլ խօսքով, ազգային յառաջդիմութիւնը համազգային գործ է, այդ աշխատանքով շահագրգռուած պէտք է ըլլան հայ ժողովուրդին բոլոր խաւերը։

Այդպիսով կարելի է մարդկանց զգացումներուն եւ հոգեբանութեան մէջ արմատական փոփոխութիւն մը ներմուծել, որպէսզի անոնք սթափին ժամանակի այլ եւ այլ հարուածներէն, հեռու մնան ազգավնաս գործելակերպէն։

Սատարել իր ազգին պարտական է ամէն անձ, իւրաքանչիւրը ինչ չափով որ կրնայ կատարել իր պարտականութիւնը։

Բաւարար չէ կոչերով արթնցնել ժողովուրդին ազգային զգացումները։ Այդ ամէնը կ՚արժեւորուի, երբ խօսքն ու գործը կը դառնան անբաժան, հեռու անձնական նեղմիտ հաշիւներէ, անհանդուրժողութենէն ու այլամերժութենէն։ Երբ հասարակութեան իւրաքանչիւր անդամ կը գիտակցի, թէ սրբազան պարտականութիւն մը ունի կատարելիք իր ազգի ժողովուրդին համար, պարտաւոր է իր ներդրումը բերելու, նպաստելու համար անոր տնտեսական եւ մտաւոր յառաջդիմութեան խնդիրներու իրականացման։

Ինչ խօսք, որ հայոց հայրենիքը ներկայի ու ապագայի յուսատու միակ ապաւէնն է։ Հայկական գաղութները միացնող, ընդհանուր յայտարարի բերողը միայն Հայաստանը կրնայ ըլլալ։

Հայաստանն է որ պիտի ձգտի քիչ մը լոյս եւ քիչ մը յոյս բերել յուսաբեկ հոգիներուն, որպէսզի լաւատեսութեամբ նային հայրենիքի գալիքին։ Որպէսզի հայ ժողովուրդը չկորսնցնէ կեանքի ներքին ուժականութիւնը, այլ՝ ունենայ խոր համոզումը, որ անկախ Հայաստանը պիտի բարգաւաճի միայն ու միայն հայու բազուկներով, պիտի ուռճանայ հայ հոգիի շինարար ուժով՝ դառնալու համար հզօր պետութիւն։

Ուրեմն հզօր Հայաստանի տեսլականով նայինք ապագային՝ հաւատալով, որ հզօր ազգերու ծոցէն պիտի ծնին, պիտի ելլեն ինքնավստահ սերունդներ։ Անոնք պիտի ըլլան լաւագոյն մարդասէրները, քաջարի հերոսներն ու ժողովրդանուէր հայորդիները։

Փառք ու պարծանք ամենայն Հայոց Հայրենիքին։

 

Հալէպ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ