Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Սարգսեան ՀԲԸՄ-ին կոչ ուղղած է դառնալու «աւելի հայաստանակենտրոն»

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 4-ի երեկոյեան «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկի «Տիգրան Մեծ» սրահին մէջ մասնակացած էր ՀԲԸՄ-ի 110-ամեակի կալա-ընթրիքին, ուր խօսք առնելով ըսած է. «Գործունէութիւնը սկսելով նախորդ դարի սկզբին՝ ՀԲԸՄ-ը իր 150 տեղական կազմակերպութիւններով 110 տարի կատարեց, եւ վստահ եմ՝ շարունակելու է կատարել անփոխարինելի գործունէութիւն։ Անփոխարինելի բառը, կարծում եմ, շատ ճիշդ բնութագիրն է այն գործունէութեան, որ մի խումբ մարդիկ կարողացան իրականացնել ճիշդ ժամանակին, գտնել այն ճիշդ ճանապարհը, որով մեծ նպաստ բերեցին ինչպէս հայապահպանութեանը, այնպէս էլ անկախ Հայաստանի, ընդհանրապէս, հայ ժողովրդի լինելիութեանը։ Ի՞նչն է ՀԲԸՄ-ի եւ մնացած կառոյցների տարբերութիւնը. իմ կարծիքով, առաջին հերթին այս մարդիկ՝ լինեն կենտրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ, թէ պարզապէս անդամներ՝ բարեգործներ, երբեք որեւէ ակնկալիք չեն ունեցել եւ շարժուել են, առաջ են գնացել բարեգործութեան  շատ պարզ կանոններով…։ Երբեք որեւէ խնդիր չեն ունեցել որեւէ իշխանութեան հետ։ Սա չափազանց կարեւոր հանգամանք է», նշած է իր խօսքին մէջ ՀՀ նախագահը։ Սարգսեան ՀԲԸՄ-ին մաղթած է՝ նուիրատուներու առատութիւն եւ առատաձեռնութիւն, անդամներու ստուարութիւն։

Նախագահը խօսած է նաեւ ՀԲԸՄ-էն ակնկալիքներու մասին, նշելով, որ իր ցանկութիւնն է, որպէսզի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը շատ աւելի հայաստանակեդրոն դառնայ։ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Միութիւնը իր միջոցներուն հիմնական մէկ մասը պահէ «կայուն ֆինանսական համակարգ ունեցող Հայաստանում», հոնկէ աւելի շատ շահ ստանալով եւ այդպիսով աւելցնելով բարեգործութեան ծաւալները։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ