Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Երեւան. ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի խօսքը՝ արտասանուած Միութեան 110-ամեակի միջոցառումին

Վսեմաշուք Նախագահ Սերժ Սարգսեան,

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս,

Յարգելի Ներկաներ,

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան անունով կ’ողջունեմ բոլորդ, մեր միութեան 110-րդ տարեդարձին առիթով, որ այսօր մեծ ուրախութեամբ կը նշենք նաեւ հայրենիքի մէջ:

Մեծապէս շնորհակալ ենք, որ ձեր ներկայութեամբ կը պատուէք մեզ:

Ասկէ տասը տարիներ առաջ, այստեղ, հայրենիքի մէջ էր, որ մենք կ’եզրափակէինք Միութեան մէկ դարու ազգանուէր գործունէութեան եւ փայլուն իրագործումներուն նուիրուած մեր ձեռնարկներու շարքը:

Այսօր, դարձեալ համախմբուած ենք հայրենի հողին վրայ, անցնող տասը տարիներու իրագործումներուն եւ ճակատագրական զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ մեր կարեւոր ու փայլուն ձեռքբերումներուն լոյսին տակ, պարզելու մեր կողմնորոշումը եւ վերանորոգելու մեր յանձնառութիւնը:

Մենք հպարտ ենք մեր միութեան անցեալին իրագործած բազմաթիւ ազգային, կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով, որոնք իրենց խորունկ եւ բարերար ազդեցութիւնը ունեցած են հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, մեր կարողութիւններուն չափով, հասնելով հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին հայ ժողովուրդի օրուան կարիքներուն եւ ձգտումներուն:

Այսօր սակայն, կը գտնուինք նոր հրամայականներու դիմաց, որոնք տարբեր են իրենց բնոյթով եւ տարողութեամբ: Անոնք մեզի կը թելադրեն նոր ուղղութիւններ եւ համապատասխան գործելակերպեր:

Մեր նախորդ սերունդներու անկախ հայրենիքի երազը իրականութիւն դարձած է այսօր: Անցնող ամիսներուն, Հայաստան եւ Արցախ, փառաշուք տօնակատարութիւններով նշեցին իրենց անկախութեան 25-րդ տարեդարձները:

Անցնող 25 տարիներուն սակայն, ներքին, ընկերային, տնտեսական եւ արտաքին քաղաքական եւ տարածաշրջանային բազմաթիւ արգելքներու պատճառով, մասնաւորաբար Արցախի պաշտպանութեան եւ Հայաստանի շրջափակումի եւ սահմանային ապահովութեան պարտադրած պիւտճէական ծանր պարտաւորութիններուն իբր արդիւնք, մեր երկիրը չհասաւ լիովին իրականացնելու իր կարողութիւններու ամբողջական դրսեւորումը:

Սփիւռքը նոյնպէս դիմագրաւեց լուրջ տագնապներ: Միջին Արեւելքի մէջ ծաւալած եւ շարունակուող զինեալ հակամարտութիւններուն հետեւանքով, Իրաքի եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ մեր համայնքները, ենթարկուեցան մարդկային եւ նիւթական ծանր կորուստներու եւ պարտադիր տեղահանութեանց, անհրաժեշտ դարձնելով համազգային տարողութեամբ նիւթական եւ կազմակերպչական արտակարգ միջոցառումներ:

Անկախ հայրենիքի առկայութիւնը եւ հայրենի իշխանութեան ցուցաբերած եւ շարունակուող աջակցութիւնը, Հայաստան ապաստանած բազմահազար սուրիահայերուն համար յոյս եւ սփոփանք եղաւ, տագնապի ստեղծած դժնդակ պայմաններուն մէջ:

Սփիւռքը ընդհանրապէս, բախտորոշ կացութեան մը մէջ կը գտնուի այսօր:

Գաղտնիք չէ, որ Միջին Արեւելեան մեր երբեմնի բարգաւաճ համայնքներու աստիճանական նօսրացումը եւ ցրւումը կը շարունակուի:

Սակայն ինչ որ աւելի մտահոգիչ է, ներկայիս ընդհանուր սփիւռքի կազմաւորուած եւ բարեկեցիկ համայնքներու դիմագրաւած լուրջ խնդիրն է, որ կը սպառնայ տկարացնել զանոնք:

Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ մէջ, նոր սերունդի, ինչպէս նաեւ համայնքի յաջող տարրերու կարեւոր մէկ տոկոսը, աստիճանաբար կը հեռանան իրենց ինքնութենէն: Մեր ազգային, կուսակցական, եկեղեցական եւ այլ ներկայ կառոյցները, չեն հրապուրեր զիրենք:

Այդ հեռացումին իբր հետեւանք, մենք կը կորսնցնենք նաեւ նիւթական լայն կարելութիւններ, որոնք այլապէս մաս պիտի կազմէին մեր ազգային ներուժին:

Սփիւռքի ներքին այս արտագաղթը, որ արգելք կը հանդիսանայ համայնքներու վերանորոգումին եւ կենսունակութեան, նոյնքան եւ աւելի մտահոգիչ է մեզի համար, որքան ժողովուրդի հայրենիքէն արտագաղթը: Ներկայ ընթացքով, սփիւռքը կը տկարանայ եւ հայրենիքը կրնայ կորսնցնել իր ուժականութեան գլխաւոր մէկ կռուանը:

Դիմագրաւելու համար այս ընդհանրական մարտահրաւէրը, կարեւոր է որ մենք ազգովին, հայրենի պետականութիւն, սփիւռք եւ եկեղեցի, միացնենք մեր ուժերը եւ որդեգրենք համաշխարհայնական Կլոպալ մտածելակերպ:

Անհրաժեշտ է նաեւ որդեգրել նոր գործելակերպեր եւ նախաձեռնութիւններ, որոնք իրենց որակով եւ ուղղուածութեամբ, կրնան խանդավառել եւ ներգրաւել սփիւռքի բոլոր հատուածները, յատկապէս երիտասարդ սերունդը, իրենց ինքնութեամբ հպարտ զգալու տուեալներ ապահովելով անոնց: Բարգաւաճ եւ հզօր հայրենիքը անկասկած կը հանդիսանայ այն խարիսխը, որ կրնայ համախմբել, խանդավառել եւ հպարտութիւն ներշնչել:

Մենք կը շեշտենք նաեւ եկեղեցիին կարեւորութիւնը, ոչ միայն անոր համար, որ դարերու ընթացքին Հայ Եկեղեցին պահած է մեր ժողովուրդը, եւ եղած է մեր համայնական ինքնութեան կորիզը, այլ որովհետեւ, ան իր աշխարհատարած կառոյցներով մեր ազգի հետագայ առողջ եւ կենսունակ գոյութեան համար, կարեւոր դեր ունի կատարելիք:

Եկեղեցին պէտք է շարունակէ երիտասարդ եւ բարձրագոյն կրթութեամբ օժտուած հոգեւորականներու պատրաստութեան իր աշխատանքը, մատակարարելու համար երիտասարդ սերունդի հոգեւոր կարիքները, կլոպալիզմի այս դարու պահանջներուն գոհացում տուող առաջնորդութիւն ապահովելով անոնց:

Մենք համոզուած ենք, որ բարգաւաճ հայրենիք, ներգրաւուած գործունեայ յաջող սփիւռք եւ Հայ Եկեղեցի, էապէս իրարմէ կախեալ մէկ անքակտելի ամբողջութիւն կը կազմեն:

Ուրախ ենք եւ Գոհունակութեամբ կը հետեւինք վերջերս Նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ կազմուած հայրենի նոր կառավարութեան գործունէութեան, որ վարչապէտ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ, հաստատ քայլեր կ’առնէ, որոնք ուղղուած են տնտեսութեան զարգացման, ընկերային, քաղաքացիական խնդիրներու լուծման, օրէնքի ուժեղացման եւ մարդկային իրաւունքներու ամրապնդումին:

Այս իրականութիւններու լոյսին տակ, մեր Ընդհանուր Միութիւնը կը վերաքննէ իր նախապատուութիւնները, որոշելու համար, թէ ուր պէտք է կեդրոնացնէ իր ճիգերը, որպէսզի կարենայ ստեղծել կլոպալ այն գործօն համակարգը, որ ատակ է Համայնական Ազգի գաղափարին շուրջ համախմբելու յատկապէս երիտասարդ սերունդը եւ մեր կառոյցներէն հեռացած գործօն եւ յաջող զանգուածները: Ի վերջոյ յստակացնելով, թէ ինչպէս պիտի գնահատէ իր դերի եւ գործունէութեան արդիւնաւորութիւնը, ի շահ հայ ազգի բարգաւաճման:

Աւելի քան երբեք, մենք հաւատարիմ կը մնանք ՀԲԸՄ-ի քաջարի եւ տեսլապաշտ հիմնադիրներու իտէալներուն եւ ձգտումներուն: Անոնք, ամենադժուար պայմաններու տակ, յանձնառութեամբ ձեռնարկեցին ուժեղ հայրենիք կերտելու աշխատանքին, հաստատ մնալով իրենց հայրենակեդրոն ուղղուածութեան մէջ, նոյնիսկ երբ Հայաստանը կը գտնուէր քաղաքական եւ իշխանապետական ոչ նպաստաւոր պայմաններու տակ, շատ անգամ հալածանքի ենթարկուելով Արեւմտեան աշխարհի երկիրներու մէջ, Հայաստանի ի նպաստ իրենց դիրքորոշումին պատճառով:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, այսօր վերստին կը կողմնորոշուի անոնց տեսլականով, դիմագրաւելու համար առկայ խնդիրները, նախապատուութիւն տալով Հայաստանի ընկերային տնտեսական զարգացման, կառչած մնալով համամարդկային արժէքներու եւ շարունակելով ու ամրապնդելով ազգային ինքնութեան պահպանումին սատարող իր մշակութային եւ կրթական արդիւնաւոր նախաձեռնութիւնները սփիւռքի մէջ:

Այս ձգտումները մեծ են եւ ծաւալուն, բայց անոնք կը բխին մեր դէմ բարձրացող նոյնքան ծանրակշիռ մարտահրաւէրներէն: Մեր Միութիւնը, հիմնուած իր պատմական փորձառութեան եւ իրագործումերուն վրայ, կրկին անգամ կը ցուցաբերէ իր տոկունութիւնը եւ ժամանակի պահանջներուն յարմարելու իր ճկունութիւնը:

Միաժամանակ, այն ինչ որ կը կատարուի մեր շուրջ, հաղորդակցութեան եւ ճարտարարուեստի այս դարուն, կարելիութիւն կ’ընծայէ մեր ազգին, բերելու իր յատկանշական ներդրումը եւ ունենալու իր դրոշմը, ըմբռնելով եւ գնահատելով այն չափազանց կարեւոր դիրքը, զոր որպէս ազգ, մենք կը վայելենք այսօր, կլոպալիզմի ընձեռած նպաստաւոր պայմաններուն մէջ:

Այդ հասկացողութեամբ է որ առաջ կը շարժինք մենք:

Մենք կրնանք իրագործել այն, որուն ձեռնարկած ենք, որովհետեւ կը հաւատանք մեր ազգի եւ հայրենիքի յաւերժութեան, մեր կողքին ունինք մեր հայրենի պետականութիւնը, մեր եկեղեցին, ի սփիւռս աշխարհի մեր համայնքները եւ մասնաճիւղերը, մեր անդամները, բարեկամները եւ մեր նուիրատուները:

Մենք լիովին յանձնառու ենք ամբողջական նուիրումով կերտելու մեր Ընդհանուր Միութեան բարեյաջող ապագան, հիմնուած մեր անցեալի փորձառութեան վրայ, առաջնորդուած մեր տեսլապաշտ հիմնադիրներու համաշխահայնական կողմնորոշումներով:

Ես համոզուած եմ, որ միասնաբար, մենք պիտի իրագործենք մեր պատմական յանձնառութիւնը ի շահ մեր ազգի եւ հայրենիքի բարգաւաճումին:

Շնորհակալութիւն

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ