Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր. Նորելուկ Կաղանդ Պապան

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

Գիտենք որ երեխաներ ամենուրէք անձկութեամբ կը սպասեն տարուան վերջաւորութեան, որպէսզի տեսնեն թէ Կաղանդ Պապան ի՞նչ նուէրներ պիտի բերէ իրենց։

Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ թերեւս ալ Եւրոպայի մէջ ու այլուր՝ Կաղանդ Պապան կը ժամանէ Դեկտեմբեր 24-ի գիշերը, որ կը զուգադիպի ըստ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական Եկեղեցիներու՝ Քրիստոսի ծննդեան նախորդող գիշերուան։ Միջին Արեւելքի մէջ սակայն, Կաղանդ Պապան կը ժամանէ Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը՝ որ կը զուգադիպի Նոր Տարուան նախորդող գիշերուան։

Կաղանդ Պապայի պատմութեան ծագումը կը վերագրուի եկեղեցականի մը Saint Nicholas, որ ապրած է չորրորդ դարուն՝ Փոքր Ասիոյ (այժմու Թուրքիա) Մայրա քաղաքին մէջ։ Կ՚ըսուի, թէ անոր ծնողքը մահացած են, երբ ան փոքր էր եւ իրեն թողած են մեծագումար ժառանգ մը։ Ան ազնիւ եւ մարդասէր անձ մը ըլլալով, օգնած է աղքատներուն եւ կարօտեալներուն։

Միացեալ Նահանգներու մէջ, Գոհաբանութեան Օրուան (Նոյեմբեր ամսուան չորրորդ Հինգշաբթին) յաջորդ օրն իսկ կը սկսին Կաղանդ Պապայի գալստեան յատուկ պատրաստութիւնները։

Այսպէս՝ շուկաներու եւ հանրախանութներու (malls) մէջ, տօնածառերով շրջպատուած իր դղեակին մէջ տեղաւորուած՝ Կաղանդ Պապան կ՚ընդունի փոքրիկներ, որոնք իր ծունկին վրայ նստած կը նկարուին եւ իրեն կը յայտնեն նուէրներու իրենց ակնկալութիւնները։ Անշուշտ անոնց ծնողները պարտաւոր են գնել այդ նկարներէն մի քանի տեսակներ… Սա Ամերիկեան «շուկայական խաբկանքի» պարզ մէկ երեւոյթն է լոկ, որուն մարդիկ կ՚ենթարկուին՝ կամայ թէ ակամայ։

Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն հանրախանութը կը գտնուի Մինիսոթա նահանգի Պլումինկթըն քաղաքին մէջ եւ կը կոչուի Mall of America, որ հիմնուած է 1992 թուականին։ Ան ունի 400 խանութներ, 12,000 պաշտօնեաներ եւ անոր տարեկան այցելուներուն թիւը կը հասնի 35-40 միլիոնի։

Այդ շուկան այս տարի առաջին անգամ ըլլալով վարձած է սեւամորթ ամերիկացի մը՝ (տեսնել նկարը) որպէս Կաղանդ Պապա… Կրնա՞ք երեւակայել այդ արարքին ստեղծած հակամարտութիւնը։ Պէտք է աւելցնել, որ այս «Նորելուկ Կաղանդ Պապան»՝ Լէրի Ճէֆըրսըն անունով, Միացեալ Նահանգներու  բանակէն վեթերան մըն է, որ 17 տարիէ ի վեր կը գործէ արպէս արհեստավարժ Կաղանդ Պապա, ուրիշ շուկաներու մէջ։

Իսկ ի՞նչ է նորելուկ այս Կաղանդ Պապային պատգամը, որ ընտրուած է հարիւրաւոր թեկնածուներու մէջէն։ Ան կ՚ուզէ Յոյս, Սէր եւ Խաղաղութիւն սփռել բոլոր մանուկներուն։ 

 

Պուպրիկներու Պատմութիւնը

Գիտենք, որ փոքր աղջիկներու նախընտրած խաղալիքը պուպրիկն է, իսկ փոքր մանչերունը՝ ինքնաշարժը։ Սա կարծես բնութեան տրամաբանական մէկ բնորոշումն է, որովհետեւ աղջիկներ մայրանալով հոգ պիտի տանին իրենց զաւակներուն, մինչդեռ մանչերու տնօրինուած է աշխատիլ եւ իրենց ընտանիքներուն ապրուստը ապահովել, գէթ հին օրերուն։

Միացեալ Նահանգներու մէջ նշանաւոր է իգական Պարպի (Barbie) պուպրիկը, որ շուկայ իջած է 1959 թուականին։ Իսկ արական Քէն (Ken) պուպրիկը շուկայ իջած է 1961 թուականին։ Շիտակը ըսած, ես անձամբ չէի գիտեր, որ արական պուպրիկ ալ կայ, ինչ մեղքս պահեմ…

Ամենայն դէպս եւ ըստ ամերիկեան առասպելական հէքիաթին, Քէն եւ Պարպի առաջին անգամ ըլլալով իրարու ծանօթացած են 1961 թուականին։ Նոյն աղբիւրները կը հաղորդեն նաեւ, որ Քէն եւ Պարպի դարձեալ իրարու հանդիպած են 2011 թուականին եւ այս անգամ իրենց հանդիպումը եղած է պտղաբեր։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ուրեմն, անոնք վերջապէս ամուսնացած են եւ այդ առթիւ այս տարի շուկայ իջած է Moschino ընկերութեան կողմէ պատրաստուած, անոնց զոյգ պուպրիկները (տեսնել նկարը), որ ծախու է 254 տոլարի։

Քանի որ կ՚ապրինք Ամերիկայի մէջ, ուր ամուսնութիւններուն 50 տոկոսը դատապարտուած է ամուսնալուծման, հիմա ես անձկութեամբ կը սպասեմ թէ Քէն եւ Պարպի պուպրիկները ե՞րբ պիտի ամունալուծուին…

Պուպրիկներու ամուսնութի՞ւն, Աստուած իմ, դեռ ինչե՜ր պիտի լսենք…

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ