Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Ապրիլ 2-ին

Յստակ է թուականը. Ապրիլ 2-ին հայրենի ժողովուրդը պիտի ընտրէ Ազգային Ժողովի նոր պատգամաւորներ։

Իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի սեփական ցանկով եւ դաշինք պիտի չկազմէ այլ կուսակցութեան մը հետ։ ՀՀԿ-ի ցանկը պիտի գլխաւորէ նախագահ Սերժ Սարգսեան։

«Լուսաւոր Հայաստան»ը, «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը որոշած են հանդէս գալ միասնաբար՝ մէկ դաշինքով։

2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Հայ Ազգային Կոնգրէս»ին ցանկը պիտի գլխաւորէ ՀԱԿ-ի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեան։

Իսկ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան կողմէ Գագիկ Ծառուկեանի վերադարձն ու կուսակցութիւնը գլխաւորելու խնդիրը պիտի լուծուի մօտիկ ապագային։

Միւս կողմէ, գործնական քայլերու կը դիմէ նաեւ ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ «Համախմբում» կուսակցութեան առաջնորդ Վարդան Օսկանեան, որ քաղաքական քննարկումներ կ՚ունենայ քաղաքական տարբեր ուժերու հետ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ