Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռիչըրտ Հոկլենտ ստանձնեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ԱՄՆ-ի համանախագահի պաշտօնը

Յունուար 2017-էն սկսեալ դեսպան Ռիչըրտ Հոկլէնտ ժամանակաւորապէս ստանձնած է ԵԱԿՀ Մինսքի խումբէն ներս ամերիկացի համանախագահի պաշտօնը, փոխարինելով Ճէյմս Ուորլիքը, կը յայտնէ Երեւանի ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը։

Հոկլէնտ ունի աւելի քան 30 տարուան դիւանագիտական գործունէութիւն։ Եղած է դեսպան եւ փոխդեսպան, Սուրիոյ հարցով զբաղեցուցած է տարբեր պաշտօններ, եղած է ԱՄՆ-ի փոխպետքարտուղարի տեղակալ՝ Հարաւային եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով։ Եղած է նաեւ Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանատան մամլոյ խօսնակը։

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահի հիմնական փոխարինողին անունը պիտի յայտարարուի աւելի ուշ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ