Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

– ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Դեկտեմբեր 31-ի եւ լոյս Յունուար 1-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է մօտ 80 անգամ, որուն ընթացքին հայկական կողմին ուղղութեամբ արձակուած է 1,400 կրակոց։ Հայկական կողմը հարկադրուած էր առնել համապատասխան քայլեր։

– Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, նախագահ  Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Դեկտեմբեր 31-ին այցելած են ՀՀ հիւսիս-արեւելեան սահմանի մարտական դիրքեր խանդավառելով հայ քաջարի բանակի զինուորները։

– Ամսուն 31-ին տեղի ունեցած է աւագ լէյտենանտ Շաւարշ Մելիքեանի յուղարկաւորութիւնը Շիրակի մէջ, որ զոհուած էր օրեր առաջ Չինարի գիւղէն հարաւ-արեւելք գտնուող պետական սահմանին մօտ։

 

– Այլ մարտիկի մը՝ Գարիկ Վարդանեանի վիճակը կը մնայ ծայրայեղ ծանր, որ վիրաւորուած էր ամսուն 29-ի գիշերը սահմանին վրայ ատրպէյճանական ներխուժման փորձի ընթացքին։ Վարդանեան տեղափոխուած է Երեւան։ 

 

– «Հաց բերող» Արթուր Սարգսեանը ազատութեան մէջ է։ Ան Յուլիս 26-ին «Սասնայ ծռեր» խումբին սննդամթերք տարած էր իր սեփական մեքենայով ճեղքելով ոստիկանական պատնէշը եւ վտանգելով իր կեանքը։  Արթուր Սարգսեան մեղադրուած է «Սասնայ ծռեր» խումբին օժանդակելուն մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ