Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Անցնող 2016 տարին բնորոշուեցաւ արագ զարգացումներով, անակնկալ եւ չնախատեսուած պատահարներով եւ համաշխարհային գետնի վրայ ընդհանրապէս, նաեւ շրջանային առումով մեր ազգին եւ հայրենիքին համար, ծաւալող մարտահրաւէրներով:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումով ստեղծուած համազգային խանդավառութեան եւ զօրակցական տրամադրութիւններու մթնոլորտին մէջ, ՀԲԸ Միութեան 110-րդ տարեդարձը եւ 89-րդ Ընդհանուր Ժողովը, առիթ հանդիսացան մեր կազմակերպութեան համար, վերակողմնորոշուելու եւ ճշդելու իր առաջնահերթութիւնները, նոր իրականութիւններու եւ փոխուող պայմաններու ընդառաջ, ապահովելու համար մեր ազգի յառաջդիմութիւնը, հաւատարիմ մեր հիմնադիրներու ոգիին եւ Միութեան հիմնական նպատակներուն:

Տարուան ընթացքին, ՀԲԸ Միութեան ղեկավարութիւնը իր ճիգերը կեդրոնացուց կազմակերպչական կառոյցներու զօրացումին եւ ընդարձակումին վրայ, Հայաստան, Եւրոպա եւ այլուր, իրագործելու համար իր նպատակադրած ծրագիրները, նախապատուութիւն տալով Հայաստանի ընկերային տնտեսական զարգացման, շարունակելով եւ ամրապնդելով ազգային ինքնութեան սատարող իր արդիւնաւոր նախաձեռնութիւնները սփիւռքի մէջ, նոյն ատեն իր մարդուժի եւ նիւթական կարելիութիւններու ընդլայնումին նպաստող գործակցական յարաբերութիւններ մշակելով այլ կազմակերպութիւններու հետ, մանաւանդ աշխուժացնելով իր անդամներու եւ համակիրներու համաշխարհային ցանցը:

Մինչ Հայաստան եւ Արցախ կը տօնախմբէին իրենց վերահաստատ անկախութեան 25-րդ տարեդարձը, Արցախի դէմ շղթայազերծուած քառօրեայ պատերազմը, Հայաստանի մէջ դրսեւորուած զինեալ ըմբոստութիւնը եւ Սուրիոյ սաստկացող դաժան պատերազմը որ արդէն իր վեցերորդ տարին կը թեւակոխէ, մեզ դէմ յանդիման կը դնէին մեր ազգին դէմ ցցուող մարտահրաւէրներու կարծր իրականութեան հետ:

Միաժամանակ, ոգեշնչող էին Սրբազան Պապի Հայաստան այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր աշխարհատարած անդամակցութեան ցուցաբերած օգնութեան սրտաբուխ նախաձեռնութիւնները Սուրիոյ տագնապին մատնուած մեր ազգակիցներուն, որոնցմէ տասնեակ հազարաւորներ ապաստան գտած էին գլխաւորաբար Հայաստան, ոմանք Լիբանան եւ Քանատա, իսկ ուրիշներ, Սուրիա մնացած ըլլալով, անտանելի պայմաններու տակ կը շարունակէին պահպանել համայնքային կեանքը, արտակարգ կորով եւ դիմադրականութիւն ցուցաբերելով:

Այս երեւոյթները  կը դրսեւորէին մեր ժողովուրդի վայելած միջազգային ուժեղ դիրքը, ինչպէս նաեւ ճակատագրական պահերու, ազգին եւ հայրենիքին կարիքերուն հասնելու ՀԲԸ Միութեան պատրաստակամութիւնը: Յուսով ենք նաեւ, որ Հայաստանի նորակազմ կառավարութիւնը, իր կարգին, պիտի դրսեւորէ անհրաժեշտ քաղաքական կամքը, հաստատ քայլեր առնելով երկրի ընկերային տնտեսական զարգացման եւ քաղաքացիական կառոյցներու ամրապնդումին ուղղութեամբ: 

Անցնող տարին արդիւնաւոր եղաւ մեր կազմակերպութեան համար: Մինչ աշխարհի տարածքին մեր շրջանակները մեծ շուքով տօնախմբեցին մեր Միութեան 110-րդ տարեդարձը, միջազգային գետնի վրայ  կարեւոր նախաձեռնութիւններ իրագործուեցան, որոնց շարքին Եւրոմիութեան ինչպէս նաեւ Սմիթսոնիըն թանգարանին հետ կնգուած գործակցութեան համաձայնութիւնները, Հայաստանի մէջ իրագործելի ծրագիրներու համար:

Երիտասարդներու միջեւ կապերու սերտացումին եւ Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ շահաւէտ փոխադարձ յարաբերութիւններու զարգացումին ուղղուած մեր նախաձեռնութիւնները նոյնպէս յաջողութեամբ պսակուեցան, ներգրաւելով մեծաթիւ երիտասարդ մասնակիցներ աշխարհի բոլոր կողմերէն, որոնք կորիզը պիտի կազմեն մեր ղեկավարներու յաջորդ սերունդին:

Մինչ կը պատրաստուինք յառաջիկայ ամիսներու եւ տարիներու մեր լայնածաւալ աշխատանքներուն, տօնական օրերու այս պատեհ առիթով, կը փափաքիմ ջերմօրէն ողջունել Միութեան բարերարները, բարեկամները եւ գործակից կազմակերպութիւններն ու կառոյցները, ինչպէս նաեւ մեր անդամակցութիւնը, շրջանակները, մասնաճիւղերը եւ անոնց յանձնախումբերու գործօն եւ նուիրեալ անդամները, կրթական ցանցէն ներս գործող մեր ուսուցչակազմերը, աշակերտութիւնը եւ ծնողները, յայտնելով խոր գնահատանքս եւ շնորհակալութիւններս իրենց հետեւողական հաւատաւոր աշխատանքին եւ արդիւնաւոր գործունէութեան համար:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, նոր տարուան սեմին, անխախտ կը կենայ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի կողքին, պատրաստ դիմագրաւելու մեր դիմաց ցցուող նոր եւ շարունակուող բազմապիսի մարտահրաւէրները: Նաեւ, մեր համադրեալ ուժերը եւ կարելիութիւնները ի գործ դնելու, ի խնդիր հայրենիքի զօրացումին եւ բարգաւաճման, որպէսզի մեր երիտասարդ սերունդները հպարտութեամբ փարին իրենց ինքնութեան եւ խանդավառութեամբ շարունակեն մասնակից դառնալ մեր ազգանուէր եւ հայրենակերտ աշխատանքին:

Այս ոգիով կ’ողջունեմ ձեզ եւ կը փոխանցեմ խաղաղ, ուրախութեամբ լի առողջ եւ արդիւնաւոր Նոր Տարուան սրտագին բարեմաղթութիւններս բոլորիդ:

 

ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ

Նախագահ   

Դեկտեմբեր 29, 2016

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ