Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Քաղաքական Ակնարկ. Անցնող հետաքրքրական 2016 տարին

ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ

 

ՄԱՐՏ

Աշխատանքային պետական բաժանմունքը Մարտ 4-ին յայտնեց, թէ Փետրուար ամսուան ընթացքին ամերիկեան գործարաններուն մէջ ստեղծուած են 242,000 նոր աշխատատեղեր, հակառակ որ անգործութեան տոկոսը կը մնայ 4.9 առ հարիւր։ Ամերիկեան արժեթուղթերու շուկային մէջ, արժեչափը հասած է 17,685 ապահով կէտի։ Մարտ ամիսը աշխատանքի չափանիշին բարձրացումի շրջան մը դարձաւ այս տարի։

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը Մարտի 2-ին խիստ պատժամիջոցներ դրաւ Հիւսիսային Քորէայի դէմ, քննադատելով վերջինիս հիւլէական ռումբի փորձարկումները։ Բողոքը, որու կիրարկումին համաձայն է Հիւսիսային Քորէայի սահմանակից եւ դաշնակից Չինաստանն ալ, կը պահանջէ Քորէայէն եկող կամ մեկնող բոլոր նաւերուն խիստ խուզարկումը։

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անքարայի մէջ Մարտ 13-ին պայթում մը 37 անձերու մահուան պատճառ դարձաւ եւ 120 հոգիներ ալ վիրաւորուեցան։ Կառավարութիւնը անմիջապէս հակադարձեց՝ ռմբակոծելով Իրաքի մէջ գտնուող Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան կեդրոնները։ Վերջին տասնամեակին, սովորական դարձած է Թուրքիոյ մէջ կատարուող ամէն խափանարարական միջադէպ վերագրել քրտական շրջանակներու։ Ուրեմն, ռմբակոծումները, որոնք Յուլիս 2015-ին սկսած են, մինչեւ օրս կը շարունակուին։

Քրտական հարցին հետ կապ չունեցող զարգացում մըն ալ, Մարտ 4-ին նախագահ Էրտողանի առած որոշումն էր՝ երկրին ամէնէն տարածուն օրաթերթին՝ «Զաման»ի փակումը, որուն դէմ կատարուող բողոքի զանգուածային ցոյցէն ետք, թերթը վերահրատարակուիլ սկսաւ Մարտ 6-ին, նոր վարչախումբով եւ կառավարութեան նպաստաւոր ուղղութեամբ…։

Նախագահ Օպամա պատմական այցելութիւն մը կը կատարէ դէպի Քուպա, վերջ տալով 54 տարուան առեւտրական եւ տնտեսական շրջափակումին։

Իսկ Սուրիոյ մէջ կառավարական եւ ռուսական ռազմական օդանաւեր անտեսելով համաձայնուած կրակմար մը, ծանրօրէն կը ռմբակոծեն Հալէպի ընդդիմադիր կեդրոնները՝ յառաջացնելով մարդասիրական տագնապ մը։ Ճշդելու ենք, որ ամերիկեան մամուլը բնական ժխտականութեամբ մը կը հաղորդէ նախագահ Պաշար Ասատի կողմնակից ուժերուն միջամտութիւնները՝ ի նպաստ պետութեան եւ բանակին։ Կարծէք երկրին մէջ գործող բոլոր ուժերը ամերիկեան բարոյական հովանաւորութիւն վայելող ընդդիմութեան ի նպաստ պէտք էին գործել…։

 

ԱՊՐԻԼ

Խախտելով ստեղծուած սովորոյթը, Թետ Քրուզ շահեցաւ հանրապետական նախընտրութիւնները Ուիսքոնսինի եւ Քոլորատոյի մէջ, պահ մը ստեղծելով կարելիութիւն մէ, Թրամփի հետ «համաձայնուած» նախագահական թեկնածութեան։ Մինչ Թրամփ, շեղելով ամերիկեան ձեւերէն, ազդարարեց կարգ մը ուժերուն որ «անկարգութիւններ» կրնան յառաջանալ, եթէ իր թեկնածութիւնը զլացուի իրեն…։ Դեմոկրատ ճակատին վրայ այս ամիսը նպաստաւոր դարձաւ Պըրնի Սենտըրզին, որ ութ նախընտրականներէն եօթին յաղթանակը ապահովեց։ Բայց տակաւին, Հիլըրի Քլինթընի ճակատը ապահով կը զգայ, մանաւանդ ներկայացուցիչներով հարուստ Նիւ Եորքը ի նպաստ իրեն յարելէն իվեր։

Երկրին Գանձային Բաժանմունքը Ապրիլ 20-ին յայտարարեց, որ գերութեան ջնջումի կուսակից Հէրիէթ Թապմանի նկարը պիտի զետեղուի $20 թղթադրամին վրայ, նախագահ Ճէքսընի նկարը փոխարինելով։ Թապման առաջին աֆրօամերիկացին պիտի դառնայ ամերիկեան թղթադրամի մը երեսին վրայ։ Նախագահ Ճէքսընի նկարը պիտի փոխադրուի թղթադրամին կռնակը՝ ուր Սպիտակ Տունին նկարը կայ հիմա։ Յաւելեալ փոփոխութիւններու գծով, ըսուեցաւ նաեւ որ $20 թղթադրամին վրայ պիտի երեւան հինգ գործօն կիներու նկարներ, իսկ Մարթին Լուտըր Քինկի, Էլէանոր Ռուզվելթի եւ սեւամորթ երգչուհի Մարիան Էնտըրսընի նկարները պիտի զարդարեն $5 թղթադրամներուն երեսները։

Պրազիլի նախագահ Տիլմա Ռուսէֆի դէմ, Ապրիլ 17-ին, պատժամիջոցը քուէարկուեցաւ երկրին խորհրդարանին մէջ, 367-137 քուէներով։ Ռուսէֆ գաղտնի պահեր եւ ծածկեր էր, երկրին պիւճէի բացը՝ ապահովելու համար հանրապետութեան նախագահի իր վերընտրութիւնը 2014 թուականին։ Ժողովրդային դժգոհութիւնը ուղղուած էր նաեւ Ռուսէֆը նախորդող նախագահին՝ Լուլա տա Սիլվային եւ ուրիշներու դէմ, որոնք նիւթական նպաստներ ապահովեր էին Փեթրոպրա քարիւղային հսկայ ընկերութենէն։

Կոլտըն Սթէյթ պասքէթպոլի արհեստավարժ խումբին 73-րդ յաղթանակը եւ Քոպէ Պրայընթի աշխատանքէ հեռացումը Ապրիլ 13-ին տեղի ունեցան։ Օքլընտ քաղաքի Կոլտըն Սթէյթի 73 յաղթանակները 2015-2016 տարուան մրցաշարքին արձանագրուած, եւ քսան տարիներ ամբողջ Լէյքըրզ խումբին ողնայարը դարձած Պրայընթին հանգստեան կոչուիլը պատմական իմաստ ստացան այս տարի։ Այդ օր, Քոպէ Պրայընթ իր ասպարէզին վերջին խաղին ընթացքին՝ Եութա Ճէզզի դէմ, արձանագրեց 60 կէտ։

Էքուատորի հիւսիսային ծովեզերքը հարուածուեցաւ 7.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժով մը, որ 661 զոհեր խլեց, իսկ 28 հազար ալ վիրաւորուեցան։ Երկրաշարժին կեդրոնը ովկիանոսին բացերն էր, բայց Փետերնալես, Մանթա քաղաքները ծանրօրէն վնասուեցան։ 1987-էն իվեր ամէնէն զօրաւոր երկրաշարժն էր պատահածը, երբ հազարէն աւելի զոհեր արձանագրուած էին 7.2 ուժգնութեամբ շարժին։

 

ՄԱՅԻՍ

Նոյեմբերին կատարուելիք ընտրութեան համար Ինտիանա նահանգի նախաընտրութեան ընթացքին Թրամփի շահած յաղթանակէն ետք, իր երկու կարեւոր մրցակիցները՝ Քրուզն ու Ճոն Քէյսիքը չէզոքացան, որոնք տրամաբանօրէն հեռացան ընտրարշաւէն։ Տանըլտ Թրամփ գործնապէս Հանրապետական Կուսակցութեան միակ թեկնածուն է։ Բայց մեծ է թիւը հանրապետական ղեկավարներուն, որոնք կը տատամսին թիկունք կանգնիլ իրեն։ Դեմոկրատ կողմին մէջ Քլինթըն հաստատ քայլերով կը յառաջանայ, հակառակ կարգ մը շրջանակներու յարուցած արուեստական խոչընդոտներուն։

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաւուտօղլու իր հրաժարականը ներկայացուց նախագահ Էրտողանին, Մայիս 5-ին, որպէս հետեւանք Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան հետ սակարկութեան մէջ նախագահին հետ ունեցած իր տարակարծութեան։ Վարչապետը կողմնակից էր քրտական կողմին հետ խաղաղութիւն հաստատելու գաղափարին, մինչ բանակը 32 տարիներէ իվեր զինեալ բախումի մէջ է քրտական կողմին հետ։ Իշխող կուսակցութիւնը՝ Արդարութեան եւ Բարգաւաճումի Կուսակցութիւնը, Մայիս 22-ին միաձայնութեամբ ընտրեց Էրտողանի կողմնակից Պինալի Եըլտըրըմը որպէս վարչապետ։ Տաւուտօղլուի մեկնումը կրնայ խախտել Եւրոպական Միութեան հետ հաստատուած հասկացողութիւնը՝ գաղթականներու հարցին շուրջ։

Նախագահ Օպամա իր ասիական վերջին պաշտօնական այցելութեամբ, Հիրոշիմա մեկնեցաւ։ Միացեալ Նահանգներու արձակած աթոմական երկու ռումբերէն 70 տարիներ ետք, Մայիս 27-ին, նախագահ Օպամա առաջին նախագահն էր Հիրոշիմա այցելող, որ առաջին ռումբով բնաջնջուեր էր 1945-ին։ Ինչպէս կ՚ակնկալուէր, Օպամա ներողութիւն չխնդրեց ճափոնցիներէն, ատոր փոխարէն ծակեփունջ մը զեցեղեց Հիրոշիմայի Խաղաղութեան Յուշակոթողին առջեւ եւ ջատագովեց միջուկային զէնքերու միջազգային զինաթափումը, ռումբերուն պայթումէն վերապրողներուն եւ ազգականներուն բազմութեան առջեւ։

Հիրոշիմայէն ետք, նախագահը մեկնեցաւ Վիէթնամ, վստահաբար Ասիա կատարած վերջին այցելութեամբ։ Հանոյի մէջ նախագահը յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ ամբողջութեամբ պիտի վերցնէ զինական արգելքը Վիէթնամի վրայէն։ Ապա, վերադառնալով Ճափոն, Իսէ-Շիմայի մէջ մասնակցեցաւ Եօթը Մեծերու խորհրդաժողովին, քննարկելով Չինաստանի ծովային անկարգութիւնը, Հիւսիսային Քորէայի վտանգաւոր սպառազինումն ու եւրոպական գաղթականութեան հարցերը։

Հիւսիսային Ատլանտեան Ուխտը Մայիս 10-ին յայտարարեց, թէ իր գիտաշխատողները Քեփլըր անջրպետային հեռադիտակով անջրպետին մէջ յայտնաբերած են 1,284 նոր մոլորակներ։ Գիտնականները յայտնած են նաեւ, որ նոր մոլորակներէն ինն հատը Երկրին նման ժայրային կառոյց ունին եւ անոնց սառած վիճակէն մեկնելով՝ կ՚ենթադրուի, որ ջուր եւս գոյութիւն ունի նորայայտ մոլորակներուն վրայ։

 

 

Պէյրութ, 15 Դեկտեմբեր 2016

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ