Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հաճոյքն ունինք տեղեկացնելու թէ ՓԹԻԹ-ի Application-ը ՓԹԻԹPTIT, հրապարակուած է եւ կարելի է զայն անվճար ներբեռնել  Play Store-էն կամ App Store-էն։

ՓԹԻԹ-ի Application-ին մէջ շեշտը դրուած է զանազան բնոյթի խաղերու վրայ, որոնք ունին երկու մակարդակ՝ դիւրին եւ դժուար, որպէսզի հայ մանուկը կամ պատանին կարելիութիւնը ունենայ ընտրելու, իր տարիքին կամ կարողութեան համաձայն, նախընտրած մակարդակը։ Բնականաբար Application-ն մէջ խաղերը օժտուած են լսատեսողական արդիական հնարքներով։

Հաճոյքով կը տեղեկացնենք նաեւ, թէ ՓԹԻԹ-ի կայքը www.e-ptit.com, որ շուրջ տարի մը առաջ մեկնարկած էր, մեծապէս բարեփոխուեցաւ եւ դարձաւ առաւել ակնահաճոյ եւ օժտուեցաւ  ձայնային եւ տեսողական յաւելեալ հնարքներով եւ անշուշտ հարստացաւ նոր նիւթերով ու խաղերով ութը հերթական թարմացումէ (update) ետք։ ՓԹԻԹ-ի կայքին մեկնարկը կատարուած էր 2015 Նոյեմբերին եւ ըստ վիճակագրական տուեալներու ցարդ ունեցած է շուրջ 6700 այցելու։

ՓԹԻԹ-ի Application-ը, Փթիթ-ի կայքին նման, ֆինանսաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

 

ՓԹԻԹ-ի խմբագրութիւն

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ