Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Արամ Ա. վերականգնումի կոչ ուղղեց սուրիահայութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Հալէպ իր կեցութեան ընթացքին հերթաբար ընդունած է քաղաքական եւ հոգեւորական բարձրաստիճան դէմքեր եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս Հալէպի մէջ գործող իսլամ հոգեւորականներու այցելութիւնը, որոնք գացած էին գնահատելու Արամ Ա.-ի բերած նպաստը Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան ծիրէն ներս։ Այս առիթով, ան յիշեցուցած է իսլամ հոգեւորականներուն, թէ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաները եկուորներ չեն, այլ՝ անոնք անքակտելի մասը կը կազմեն այս շրջանին։ Նման հանդիպում մը տեղի ունեցած է նաեւ Հալէպի Քրիստոնեայ բոլոր համայնքապետերուն հետ։ Կաթողիկոսը թելադրած է քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն, որ Հալէպի ազատագրման գծով Միջ-եկեղեցական գոհաբանական յատուկ աղօթք կազմակերպեն։

Արամ Ա.-ին այցելած են Հալէպի նահանգապետը, կուսակցապետը, համալսարանի տնօրէնը եւ ուրիշներ։
Աւելցնենք, թէ Հալէպ իր երկօրեայ կեցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը այցելած է Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ։

Ուրբաթ, 6 Յունուարի երեկոյեան, Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս գումարուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը։
Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան այս առիթով յայտարարած է. «Ձեր յաղթական Հալէպ մուտքով ծաղկազարդեցիք հալէպահայութեան կեանքը։ Հոծ բազմութեան կողմէ ձեր դիմաւորութիւնը կենդանի վկայութիւն է, որ հակառակ իր կրած ծանր կորուստներուն Հալէպի հայ գաղութը կանգուն կը մնայ, եւ պերճախօս վկայութիւն է՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ մեր ժողովուրդին ունեցած անխախտ հաւատքին ու հաւատարմութեան»։ 
Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրած է Արամ Ա.-ը, որպէսզի իր ոգեշնչող խօսքը փոխանցէ ներկաներուն։ Կաթողիկոսը վերականգնումի կոչով հանդէս եկած է, բարձրացնելով սուրիահայութեան ուժն ու կորովը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ