Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Օպամային հրաժեշտի ելոյթը եւ Թրամփի անդրանիկ ասուլիսը

Չորեքշաբթի, Յունուար 11-ին տեղի ունեցաւ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջին յետընտրական մամլոյ ասուլիսը։ Անոր ելոյթը տեղ տուաւ բազմաթիւ թեր ու դէմ քննարկումներու։ Թրամփի կարծիքով Ռուսիոյ մատը խառն է համակարգչահէններու գործին մէջ, ուր իր մեղքի բաժինը ունի Դեմոկրատ կուսակցութիւնը՝ չկարողանալով պաշտպանել երկիրը նախագահական ընտրութեան շրջանին։ Ան յայտնեց, որ յոյս ունի «լեզու գտնել» նախագահ Փութինին հետ եւ Ռուսիոյ հետ միասին պայքարիլ «Իսլամական Պետութեան» դէմ։

Թրամփ ամբողջութեամբ հերքեց իր խումբին եւ ռուսական յատուկ ծառայութիւններու միջեւ կապերու մասին շրջանառուող լուրերը՝ խայտառակութիւն անուանելով անոր արտահոսքը մամուլ։

Ան պաշտօնավարման պիտի անցնի Յունուար 20-ին։

***

Նախորդ օրը՝ Յունուար 10-ին նախագահ Պարաք Օպամա Շիքակոյի մէջ հանդէս եկաւ հրաժեշտի ելոյթով։ Հեռացող նախագահը անդրադարձաւ ձեռքբերումներուն, նշեց ԱՄՆ-ի բարգաւաճման սպառնացող վտանգները, խօսեցաւ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի մասին։

Երբ Օպաման աշխատանքի անցաւ 2009-ին՝ գործազրկութիւնը 9,9 տոկոս էր, իսկ ներկայիս՝ 4,7։ 2010-էն այսօր ստեղծուած է 15,8 միլիոն աշխատատեղ։ Ելոյթին աւարտին ան ըսաւ՝ «Այո, մենք կրցանք։ Այո, մենք ըրինք։ Այո մենք կրնանք», յիշեցնելով նախընտրական իր կարգախօսը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ