Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Եւրոպական Շուկայ Մուտք Գործելու Նոր Հեռանկարներ՝ Հայկական Ապրանքատեսակներուն Համար

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան 9 Յունուարին հանդիպում ունեցած է Յովել Շնորհոքեանի հետ, որ ներկայացուցած է Ժընեւ գտնուող «Ֆետա» գործարարութեան եւ ցուցահանդէսներու կեդրոնի օգտագործման կարելիութիւնները:

Ըստ Hetq.am-ի՝ 3800 քառ.մ. մակերեսով կեդրոնի առաքելութիւնը հայ գործարարներուն համար Եւրոպայի մէջ յուսալի ներակայացուցչութեան ստեղծումն է:  Յովել Շնորհոքեան ներկայացուցած է կեդրոնին ընձեռած կարելիութիւնները, մասնաւորապէս՝ Եւրոպայի մէջ հայկական ապրանքատեսակներու ներկայացման, եւրոպական մեծ առեւտրային ցանցերու հետ համագործակցութեան միջոցով անոնց մատակարարման հեռանկարները եւ կեդրոնի պահեստային հնարաւորութիւնները:

Սուրէն Կարայեան կարեւոր նկատած է կեդրոնի գործունէութիւնը, որուն տարածքին մէջ անձամբ շրջագայած է: Նախարարին համաձայն՝ այդ ներուժին ճշգրիտ օգտագործումով կարելի է շօշափելի դրական արդիւնքներ արձանագրել:

Հանդիպման մասնակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի մէջ լոճիսթիք կեդրոնի ձեւաւորման շուրջ, ինչ որ պիտի դիւրացնէ եւրոպական շուկային մէջ հայկական ընկերութիւններու ներկայացուածութիւնը եւ արտածման գործընթացները: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է այն գծով, որ նախարարութիւնը յառաջիկային ներկայացնէ ցանկը հայկական այն ընկերութիւններուն, որոնց ապրանքատեսակները որակական չափանիշներով կը համապատասխանեն եւրոպական շուկայի պահանջներուն եւ հետաքրքրուած կ’ըլլան ներկայացուելու ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ