Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Մետաքսի Ճանապարհ եւ Ծաղիկների Անձրեւ». Երեւանի Մէջ Պիտի Նշուի Չինական Նոր Տարին

Յունուար 14-ին, Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի         ազ­գա­յին ակա­դե­միական թատրոնին մէջ, չինական Նոր Տարուան առիթով, տեղի պիտի ունենայ Կանսիւ նահանգի երգի-պարի անսամպլի «Մետաքսի ճանապարհ եւ ծաղիկ­ների անձրեւ» խորագիրով համերգը: ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ համերգը կ’իրականացուի ՀՀ մշակոյթի ու Չինաստանի Ժողովրդական Հան­րա­պե­տութեան մշակոյթի նախարարութիւններու եւ ՀՀ-ի մէջ Չինաստանի Ժողովրդա­­կան Հանրապետութեան դեսպանութեան աջակցութեամբ։

Համերգը պիտի նուիրուի Հայաստանի Հանրա­պե­տութեան եւ Չինաս­տանի Ժողովրդական Հանրա­պետութեան միջեւ դիւանագիտա­կան յարաբերութիւններու ­ հաստատման 25-ամեակին:

Կանսիւ նահանգի երգի-պարի անսամպլը հիմնադրուած է 1961 թուականին եւ կը ներկայացնէ Տունհուան քաղաքի արուեստը, սովորոյթները եւ Մետաքսի ճանապարհի առանձնայատկութիւնները: Համերգային ծրագիրին ընթացքին պիտի ներկայացուին պարային ներկայացումներ, երաժշտա­կան, գործիքային կատարումներ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ