Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Իւրաքանչիւր 7-րդ Օտարերկրացին Կը Մտածէ ՀՀ Այցելելու Մասին. «Աւրորա»

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 2016-ին իրականացուցած է հանրային կարծիքի հետազօտութիւն` պարզելու «Աւրորա» մրցանակի, հայերու եւ Հայաստանի մասին աշխարհի իրազեկութեան մակարդակը:

Ըստ PanArmenian.net-ի՝ հետազօտութիւնը իրականացած է երկու փուլով` 2016 Մարտ եւ Յունիս-Յուլիս ամիսներուն, որոնց ընդհանուր առմամբ մասնակցած է աւելի քան 5500 մարդ: Հարցումը իրականացուած է 10 երկրի մէջ բնակող օտարերկրացիներու եւ սփիւռքահայերու միջեւ:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հանրային կարծիքի հետազօտութիւնը իրականացուած է հինգ հիմնական չափումով` «Աւրորա» մրցանակ, իրազեկուածութիւն, ընկալում, հետաքրքրուածութիւն, ներգրաւուածութիւն:

Հարցուած սփիւռքահայերուն 41%-ը գիտէ հայոց պատմութիւն: Հայաստան երկրի մասին լաւ տեղեկացուած է հարցուածներուն 20%-ը, քիչ տեղեկացուած է 62%-ը, 18%-ը տեղեակ չէ:

Հարցուածներուն 7%-ը կը կարծէ, որ հայերը կարեւոր դեր ունին պետական համակարգի մէջ, 23%-ի կարծիքով` հայերը կարեւոր դեր ունին տեղական մակարդակի վրայ, 23%-ի կարծիքով հայերը սահմանափակ դեր ունին:

Հայ համայնքը մտաւոր-մշակութային ազդեցութիւն ունի 42 տոկոսի կարծիքով, հասարակական ազդեցութիւն ունի 37 տոկոսի կարծիքով, բարոյական-քաղաքակրթական` 36%-ի կարծիքով:

Հարցուածներուն 8 տոկոսը գիտէ 10 եւ աւելի հայ, 25 տոկոսը գիտէ 1-9 հայ, 67 տոկոսը ոչ մէկ հայ կը ճանչնայ:

Հարցուածներուն 48 տոկոսին համար Հայաստանը հետաքրքրական է իբրեւ երկիր, 31%-ի համար հետաքրքրական է իբրեւ ճամբորդական ուղղութիւն, 20%-ը Հայաստանի մէջ կը տեսնէ գործարարութեան հնարաւորութիւն:

7 օտարերկրացիներէ 1-ը հաւանաբար այցելէ Հայաստան, 2 սփիւռքահայէն մէկը հաւանաբար այցելէ Հայաստան:

Հարցուածներուն մէջ հայերը կը բնութագրուին յատկապէս իբրեւ հպարտ (20%), ընկերական (16%), յարգալից (15%), չընկճուող (12%), խիզախ (12%), լաւ ընդելուզուող (11%):

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ