Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահները Դատապարտած են Տարեմուտին Ազրպէյճանական Յարձակման Փորձը

ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի համանախագահները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ՝ Դեկտեմբեր 29-ին, ազրպէյճանական յարձակման փորձին վերաբերեալ:

«Երեւանն ու Պաքուն կը շարունակեն իրար մեղադրել 2016 թուականի Դեկտեմբեր 29-ին հայ-ազրպէյճանական սահմանին պատահած ներխուժման փորձին համար, որուն հետեւանքով զոհեր եղան:

Հայաստանի զինուած ուժերը դեռ կը պահեն մարտի ընթացքին սպանուած ազրպէյճանցի զինծառայողի դին: Հրադադարի խախտումը անընդունելի է եւ կը հակասէ կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններուն:

Համանախագահները Հայաստանի ու Ազրպէյճանի առաջնորդներուն կոչ կ’ընեն խստօրէն պահպանելու 2016 թուականին բարձր մակարդակով Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ստանձնած պարտաւորութիւնները` ներառեալ կարճ ժամանակի ընթացքին միջադէպերու հետաքննման ԵԱՀԿ կառուցակազմի ստեղծումը:

Համանախագահները նաեւ կոչ կ’ընեն անյապաղ վերադարձնելու աճիւնները` 2010 թուականին բարձր մակարդակով Աստրախանի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն համապատասխան` հաշուի առնելով տուեալ հարցի բացառապէս մարդասիրական բնոյթը:

Մենք կողմերուն կոչ կ՝ընենք դադրեցնելու փոխադարձ մեղադրանքներն ու ձեռնարկելու անհրաժեշտ բոլոր քայլերը՝ իրավիճակը կայունացնելու համար:

Համանախագահները իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն, որոնց համար Նոր Տարուան հետ կապուած յոյսերը մթագնեցան՝ անիմաստ կորուստի վշտէն»:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ