Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Երբ Ազրպէյճանական Ներթափանցումը Կը Վնասազերծուի Հայկական Դիրքերուն Մէջ, Պարզ է, Թէ Ով Յարձակած է. Նալպանտեանի Արձագանգը ՄԽ Յայտարարութեան

Հայաստանը յոյսով է, որ եռանախագահները հետեւողական պիտի ըլլան` անյապաղ խստօրէն արձագանգելու հակամարտութեան գօտիին վրայ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի իւրաքանչիւր դրսեւորման` յատկապէս, երբ հրադադարի խախտման իբրեւ արդիւնք զոհեր կ՝ըլլան։

Պէտք չէ թոյլ տալ, որ ուշացած արձագանգը խախտումներ իրականացնողի կողմէն ընկալուի, թէ իր գործողութիւնները կրնան հանդուրժուիլ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

-Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն տարածած յայտարարութիւնը՝ հայ-ազրպէյճանական սահմանին ազրպէյճանական յարձակման փորձին վերաբերեալ:

– Համանախագահները կ’անդրադառնան այն մասին, որուն մենք մշտապէս հետեւողականօրէն կը բարձրաձայնենք: Համաձայն ենք անոնց հետ, որ հրադադարի խախտումները անընդունելի են: Համաձայն ենք, որ պէտք է անվերապահ իրականացուին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, ներառեալ, ինչպէս կը նշեն համանախագահները, հնարաւորինս կարճ ժամանակահատուածի մէջ ներդրուի միջադէպերու հետաքննութեան կառուցակազմը: Եռանախագահ երկիրները բազմիցս նշած են, թէ որ կողմը կը մերժէ կառուցակազմի ներդրումը, հետեւաբար, այդ իսկ կողմին վրայ կ՝իյնայ միջադէպերուն եւ զինադադարի խախտումներուն ողջ պատասխանատւութիւնը: Նման կառուցակազմը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռնէ, ինչպէս համանախագահները կ’ըսեն, ձերբազատուելու փոխադարձ մեղադրանքներէն: Թէեւ, երբ ազրպէյճանական յարձակումը կը վնասազերծուի հայկական դիրքերուն մէջ` բոլորին համար, առանց կառուցակազմի ալ պարզ է, թէ ո՛վ յարձակած է:

Յոյսով ենք, որ եռանախագահները հետեւողական պիտի ըլլան` անյապաղ խստօրէն արձագանգելու հակամարտութեան գօտիին վրայ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի իւրաքանչիւր դրսեւորման` յատկապէս, երբ հրադադարի խախտման իբրեւ արդիւնք զոհեր կ’ըլլան: Պէտք չէ թոյլ տալ, որ ուշացած արձագանգը խախտումներ իրականացնողին կողմէ ընկալուի, թէ իր գործողութիւնները կրնան հանդուրժողական ըլլալ : Ինչպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները բազմիցս շեշտած են` 1994-1995թթ զինադադարի եռակողմ համաձայնագիրներուն անվերապահ կատարումը պարտադիր է, անոնց խախտումներուն հետեւանքով արձանագրուած միջադէպերը անընդունելի են եւ լուրջ վնաս կը հասցնեն կարգաւորման գործընթացին: Այն պայմաններուն մէջ, երբ Ազրպէյճանը կը խոչընդոտէ հետաքննութեան կառուցակազմին ներդնումը եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի կարողութիւններուն ընդլայնումը, համանախագահները կը մնան այն եզակի ձեւաչափը, որ իր իրաւագիրին համաձայն՝ կրնայ եւ պէտք է շարունակէ իր կանխարգելիչ գործունէութիւնը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ