Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Քաղուածքներ լրահոսէն

Քոնկրէսը անցաւ իր աշխատանքին

Նախագահական ընտրութիւններուն պարտութիւն կրած Հիլըրի Քլինթընը պիտի մասնակցի նախագահ ընտրուած Տանըլտ Թրամփի երդման արարողութեան։ Անոր ամուսինը՝ նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն եւս պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը։ Նախկին նախագահ Ճորճ Պուշ Կրտսեր եւ կինը՝ Լորա նոյնպէս ներկայ պիտի գտնուին Յունուար 20-ի արարողութեան։

 

Հայաստան ստացած է 44 միլիոն տոլարի օգնութիւն

Յունուարէն Նոյեմբեր 2016 Հայաստան ստացած է 44 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն, որ տասը տոկոս աւելի է նախորդ տարուան ցուցանիշէն։ Այդ ժամանակահատուածին որպէս մարդասիրական օգնութիւն 7,500 թոն ապրանք մտած է Հայաստան։ Օգնութեան կէսէն աւելին քիմիական եւ այդ ուղղութեամբ արդիւնաբերական ապրանքներ են, ինչպէս նաեւ մանածագործական իրեր, մեքենաներ, սարքաւորումներ։

Ամենամեծ չափի մարդասիրական օգնութիւն ղրկած է ԱՄՆ-ը, ապա՝ Զուիցերիան, Չինաստանը, Իտալիան եւ Ճափոնը։

 

Արամ Ա. Հալէպի մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ը մեկնած է Հալէպ եւ Յունուար 5-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիպի Հալէպի հայ համայնքին հետ, իսկ Յունուար 6-ին Սուրբ Ծննդեան Պատարագ կը մատուցանէ նոյն եկեղեցւոյ մէջ։ Յաջորդ օրը՝ 7-ին, ան կ՚այցելէ հայ համայնքի հասարակական կառոյցներ եւ եկեղեցիներ, ծանօթանալով իրավիճակին։ Արամ Ա. պիտի այցելէ նաեւ հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եւ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիներ։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ