Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Եպիսկոպոսեանին արգիլած են մեկնիլ ԱՄՆ

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան պետի նախկին տեղակալ Հրանդ Եպիսկոպոսեանին ԱՄՆ-ի դեսպանատունը մուտքի արտօնագիր չէ տուած, եւ ան ընտանիքով չէ կրցած Հայաստանէն մեկնիլ ԱՄՆ: Եպիսկոպոսեանը ծրագրած էր ընտանիքով Ամանորը ԱՄՆ-ի մէջ անցընել, սակայն ինչպէս կ՚երեւի, Հայաստանի իշխանութիւնները ԱՄՆ-ի հիւպատոսարանէն խնդրած են մուտքի արտօնագիր չտրամադրել ԱԱԾ-ի նախկին պաշտօնեային, կը գրէ հայրենի «Ժամանակ»ը։

«Յիշեցնենք, որ մամուլում լուրեր տարածուեցին, որ Եպիսկոպոսեանի պաշտօնանկութիւնը կապուած էր ԱԱԾ ղեկավարի՝ Գէորգի Կուտոյեանի դէմ կազմակերպուած դաւադրութեան հետ: Ըստ որի, Եպիսկոպոսեանը տեղեակ է եղել, որ «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբը պլանաւորում է գրաւել ՊՊԾ գունդը, սակայն վերադասին տեղեակ չի պահել: Մեզ հասած տեղեկութիւններով՝ առաջիկայում այս գործով հնարաւոր է նոր զարգացումներ լինեն», կը շարունակէ «Ժամանակ»։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ