Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Արամ Ա. – Պաշշար Ասատ հանդիպում

Կատարելով պաշտօնական այցելութիւն Սուրիա, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ը Դամասկոսի նախագահական պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է նախագահ Պաշշար Ասատի հետ։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Սուրիոյ նախագահը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած է երկրին ներքին քաղաքական վիճակին, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանի նորագոյն զարգացումներուն մասին։

Արամ Ա. ողջունած է Հալէպի մէջ խաղաղութեան վերահաստատումը եւ ցանկացած, որ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին խաղաղութիւն կը տիրէ։ Ապա, ան անդրադարձած է տարածաշրջանին եւ յատկապէս Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ ժխտողական եւ քայքայիչ դերակատարութեան։

Հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Արք. Սարգիսեանը եւ Կաթողիկոսարանի անդամներ։

– Արամ Ա. Սուրիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ  հայ համայնքին հետ, մանաւանդ Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ, ամանորեան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով լիցքաւորելով մեր հայրենակիցները, որպէսզի զինուին յոյսով ու հաւատքով, վերաշինելու եւ վերածաղկեցնելու համար իրենց հարազատ քաղաքները եւ վերաշխուժացնելու հայկական կեանքը։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ