Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրամփը սպառնացած է «Թոյոթային»

Ընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնացած է բարձր տուրքեր սահմանել ինքնաշարժի հսկայ «Թոյոթային», որ կը մտադրէ ամերիկեան շուկային համար գործարան կառուցել Մեքսիքայի մէջ։

Թրամփի խօսքերով, «Թոյոթան» «Քորոլա» մակնիշի ինքնաշարժներ սպառելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ, գործարան պիտի հիմնէ Մեքսիքայի մէջ։ «Ոչ մէկ պարագայի։ Գործարանը ԱՄՆ-ի մէջ կը կառուցէ կամ ալ բարձր հարկ կը վճարէ սահմանին», յայտարարած է ան։

Նախապէս, Մեքսիքայի մէջ 1,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարան կառուցելու ծրագիր մը ջնջած էր ամերիկեան «Ֆորտ» ընկերութիւնը։ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ