Քուպայի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ համաձայնագիր կնքած են ԱՄՆ-ի հետ եւ վերջին յիսուն տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով հոնկէ Ամերիկա օրինական ճամբով պիտի արտահանուին ապրանքներ։ Խօսքը 40 թոն ածուխի մասին է, որ շուրջ 17 հազար տոլարի գործարք մըն է։ Կ՚ըսուի, թէ յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ դէպի Միացեալ Նահանգներ արտահանել մեղր եւ սուրճ։