Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մի՛ սպաններ

ԲԱԳՐԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ՊԵՐՃԷՔԵԱՆ

Առաջնորդական Փոխանորդ

 

Աշխարհ կը տառապի իրերամերժ գաղափարախօսութիւններէ:

Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր Արեւելքն ու Արեւմուտքը դարերով չկարողացան հասկնալ զիրար: Արեւելքը իր հին ու գրաւիչ մոգականութեամբ դեռ եւս կ’ուզէ ներկայանալ արար աշխարհի առաջ, որպէս քաղաքակրթութեանց ու կրօններու օրրանը, իսկ Արեւմուտքը կը յոխորտայ իր նորարարութեան ու ազատականութեան քարոզչութեամբ:

Արեւելքէն ծնունդ առին աշխարհի բոլոր կրօնները: Հեթանոսութիւնը, վախի ազդեցութեան տակ, տիրապետեց մարդուն ու անոր հաւատալիքներուն, իւրաքանչիւր աղէտի դիմաց զայն պաշտպանելու համար կուռք մը եւ կամ չաստուած մը հնարելով: Մովսիսական կրօնը, ծնունդ առաւ Արեւելքի աւազներէն, հրեայ ժողովուրդին միջոցաւ, եկաւ դաստիարակելու մարդ արարածը միաստուածեան գերագոյն գաղափարով, թէ այս աշխարհի բոլոր ուժերն ու չաստուածները իսկութեան մէջ մարդու մտքին ծնունդն են եւ թէ անոնք ամենազօր եւ ամենակարող չեն: Կա՛յ երկնքի մէջ զօրութիւն մը, որ կը կառավարէ մարդ արարածի կեանքն ու ճակատագիրը: Այդ Աստուածը, Մովսէսի հետ երես երեսի խօսած է եւ տուած անոր Տասնաբանեայ տախտակները, մարդկութեան տրուած առաջին օրինագիրը: Տասնաբանեան դարձաւ աշխարհի օրէնսգրքերուն գլխաւորն ու ուղեցոյցը, որն ընդգրկեց ե՛ւ Արեւելքը ե՛ւ Արեւմուտքը: Սակայն, Մովսիսական կրօնի Աստուածը  սարսափելի նախանձոտ եւ վրիժաոու Աստուած մըն էր եւ Անոր օրէնքները՝ դաժան ու խիստ: Անոր օրէնքներուն մէջ ներում չկար: Տասնաբանեան կը հրահանգէր «Մի՛ սպաններ», եւ միաժամանակ, այդ նոյն հրեայ ժողովուրդը, յանուն այդ վրիժառու Աստուծոյ, կը սպաննէր ծերն ու երիտասարդը, մանուկն ու կիները, իր ճամբուն վրայ դէպի Խոստումի Երկիր:

Ազգերու եւ քաղաքակիրթ աշխարհի պատմութիւնը, ցաւ ի սիրտ, գրուած է իրենց տարած յաղթանակները շեփորելով, մղուած պատերազմներուն ու սպանութիւններուն փառաւոր տեսք մը տալով:

Աշխարհի արարչութենէն ի վեր, Աստուած չէ ընդունած սպանութիւնը: Վկայ Հին Կտակարանի Ծննդոց Գրքի պատմականը Աբէլի ու Կայէնի մասին: Կայէն զէնք չունէր, սակայն քարով մը նոյնիսկ կեանքը խլեց իր եղբօր՝ Աբէլին: Սա կը համարուի աշխարհի  առաջնագոյն ոճիրը:

Ի լրումն ժամանակի, կոյսի մը արգանդին մէջ, մարմին առաւ գթառատ ու սիրող Աստուծոյ Խօսքը: Աստուծոյ Խօսքը այս անգամ, երկնքէն եւ կամ ամպի մը յետին չէր որ պիտի խօսէր համայն մարդկութեան հետ, այլ՝ ուղղակի Յիսուս Քրիստոսի անձին միջոցաւ մարդ արարածին հետ, երես-երեսի:

Ծնաւ Աստուծոյ Խօսքը Արեւելքի մէջ, քարոզեց Սէր եւ Խաղաղութիւն: Անառակ կնոջ մը քարկոծելու եկած նախանձախնդիր մարդոց, Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ այն անմեղը՝  թող որ նետէ առաջին քարը»: Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ իմաստութիւնն ու խօսքը, հակառակ էր պատերազմի եւ սպանութեան: Անոր քարոզչութիւնը սէր էր եւ խաղաղութիւն, եւ թէ սիրով միայն կարելի էր յաղթահարել չարին: Մեղքին ու սպանութեան վերջ մը տալու համար, իր կեանքը որպէս վերջին զոհ զոհաբերեց Խաչի վրայ: Իր յարութեամբ յաղթահարեց մահուան, ու վերադարձաւ երկինք՝ որպէս  նոյն Աստուծոյ Խօսքը, օրինակելի ապրելակերպ մը ուսուցանելով մարդ արարածին:

Յիսուսի Քրիստոսի հետեւորդներն ու Իր աշակերտները տարածեցին Աստուծոյ Խօսքը, սէր եւ խաղաղութիւն՝ աշխարհի չորս ծագերուն: Սէր եւ խաղաղութիւն քարոզելու համար, Քրիստոսի հետեւորդները մարտիրոսացան, սակայն, ի վերջոյ, սէր եւ խաղաղութիւն քարոզող այս կրօնը գտաւ իր տեղը մարդոց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ ու տարածուեցաւ ամէն կողմ:

Սակայն, պատերազմներն ու սպանութիւննը չդադրեցան: Աւելի սոսկացան, երբ այս անգամ, նորէն Արեւելքի  աւազներէն ծնունդ առաւ Մահմետական կրօնը: Այս կրօնի քարոզչութիւնը սուրով եւ արիւնով տարածուեցաւ: 

Քրիստոնէութիւնն ալ, միջնադարուն, սուրով պարտադրեց ուղղափառութիւնը, խլելով հազարաւոր կեանքեր՝ վասն հաւատոյ:

Համաշխարհային Առաջին ու Երկրորդ Պատերազմներուն, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, միլիոնաւոր հոգիներ սպաննուեցան քաղաքական ինչ ինչ նպատակներու համար: Ու դեռ սպանութիւնները կը շարունակուին:

21րդ դարու սեմին, կարծեցինք որ քաղաքակիրթ աշխարհը դարձած է հասուն իր տրամաբանութեան մէջ, բայց նոյն այդ նորարարութեամբ յոխորտացող Արեւմուտքէն ծնունդ առաւ «Սէքուլարիզմ»ը: Աշխարհայնացում անուան տակ, որ իբր թէ կը միտէր կրօնը անջատել պետութենէն, ու թոյլ տալ որ օրէնքը իշխէ, արմատախիլ ընելով մարդու ազատութիւնը կաշկանդող բոլոր կաղապարները, մանաւանդ մերկացնելով անոր հոգին՝ Սիրող ու Գթառատ Աստուծոյ գաղափարէն:

Ի՞նչ եղաւ:

Սէքուլարիզմը դարձաւ ապակրօն կրօն մը, Աթէիզմի ուրիշ երեսը, որուն օրակարգի վրայ  միայն մէկ նպատակ կար՝ չէզոքացնել Քրիստոնէական բոլոր ազդեցութիւնները, «թոյլ տալով» որ մարդ արարածը ապրի առանց նախապաշարուած հաւատալիքներու, կրօնական առասպելներու: Սէքուլարիզմը ճնշեց ու դեռ կը ճնշէ Քրիստոնէական բոլոր հոսանքներն ու մանաւանդ Եկեղեցին, սակայն միւս կողմէ թոյլ կու տայ անհաւատներու սպանութիւն քարոզող, բարոյական արժէքները չգնահատող կրօնի հետեւորդներուն՝ զօրանալու, զարգանալու, տարածուելու, հաստատուելու եւ քարոզելու ազատօրէն եւ առանց կաշկանդումի: Քիչ ըսենք, դուք շատը հասկցէք:

Սէքուլարիզմի բերած օգուտը մարդկութեան, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ սպանութիւն: Սպանութիւն՝ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն: Մարդ արարածի խղճմտանքի սպանութիւն: Խիղճը, մեր նախահայրերը տեսած են որպէս Աստուծոյ ներկայութիւնը մարդու ներաշխարհին մէջ: Մարդը խղճամիտ է, երբ Աստուածավախութիւնը սերմանուած է անոր հոգիին մէջ: Սէքուլարիզմով՝ մարդ արարածը նոյն է, ինչպէս որ է անբան կենդանական աշխարհը, բացառելով որ մարդը բանաւոր կենդանի մըն է: Վերցուցէ՛ք Արարիչ Աստուծոյ գաղափարը մարդուն միտքէն, ու ահա կ’ունենանք լաւագոյն օրինակը արածող ոչխարներու, որոնք ընդմիշտ պիտի հետեւին շան մը պարտադրող սահմաններուն մէջ մնալու:

Սէքուլարիզմը առաւել եւս կը պարտադրէ նոյն սեռի ամուսնութիւն, լրբացած բարոյականութիւն, ազգային արժէքներու նուաստացում եւ կամ մշտական զրկում: Դեռ ի՞նչ աւելցնենք:

Այս օրերուս, հայ ուսանողներ ու ծնողներ կան, Արեւմուտքի այս ափերուն, թէեւ մեծ չեն քանակով, սակայն, դեռ կը յամառին չէզոքացնել եւ կամ վերացնել տալ  հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդումը՝ հայ վարժարաններէ ներս:

Ի՞նչ ընենք:

Աշխարհի բոլոր կրօններէն միայն Քրիստոնէութիւնն է, որ կը քարոզէ մարդոց մէջ հաճութիւն, սէր, խաղաղութիւն ու հանդուրժողութիւն: Այս խօսքը առասպել մը չէ՛, այլ իրականութիւն: Քրիստոնէութիւնն է միակ կրօնը որ այս օրերուս հալածանքի ենթարկուած է, ե՛ւ Արեւելքէն ե՛ւ Արեւմուտքէն:

Ժա՛մն է, սթափուելու, արթնանալու: Մի՛ սպաննէք ձեր մէջ մարդկային խիղճն ու հոգին: Վերակենդանացուցէ՛ք ձեր մէջ, ո՜վ քրիստոնեաներ, Քրիստոսի հաւատքը եւ Աստուածավախութիւնը: Ապրեցէ՛ք մարդու բարոյական արժէքները վեր պահելով: Հետեւեցէ՛ք ձեր խղճին, հո՛ն նստած է Աստուած: Սիրեցէ՛ք ձեր նմանը, ու գթացէք ձեր նմանի անկարողութեան ու խեղճութեան վրայ: Մի՛ սպաննէք:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ