Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարան Լոս Անճելըսի Շրջանաւարտից Միութեան տարեկան հինգերորդ ճաշկերոյթը

Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի Լոս Անճելըսի Շրջանաւարտից Միութեան տարեկան հինգերորդ ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 5, 2016-ին Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ։

Վարժարանի նախկին շրջանաւարտներուն, ուսուցիչներուն, համակիրներուն եւ հիւրերուն շարքին էին Հայ Աւետարանական Միութեան վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան, Հայ Աւետարանական Միութեան նախագահ Տոքթ. Նազարէթ Տարաքճեան, Հայ Աւետարանական Միութեան նախկին նախագահ վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան, պատուելի Յովհաննէս Մելքոնեան, դատաւոր Զարեհ Սինանեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետուհի իրաւաբան Նորա Յովսէփեան եւ վարժարանիս նախկին տնօրէն Պրն. Արամ Պուլղուրճեան։

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Շրջանաւարտից Միութեան փոխ ատենապետուհի Տիկ. Լիզա Ճիկէրեան-Մանոյեան, բարի գալուստ եւ բարի վայելում մաղթելով ներկաներուն եւ ապա հրաւիրեց օրուան հանդիսավար Պրն. Տէնի Կէօզիպոյիքեանը, որ հեզասահօրէն վարեց ձեռնարկը։

Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան կատարեց ձեռնարկին բացման աղօթքը։

Շրջանաւարտից Միութեան ատենապետ Պրն. Զաւէն Հանէսեան, խօսք առնելով, ողջունեց ներկաները եւ գնահատեց բոլորին ներդրումը եւ օժանդակութիւնը մեր սիրելի վարժարանին նկատմամբ, նաեւ դրուատեց Միութեան բոլոր անդամներուն անշահախնդիր աշխատանքը, որուն իբրեւ արդիւնք Միութիւնը վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին բաւական յատկանշական նիւթական օժանդակութիւն առաքած է վարժարանին։

Իր կարգին խօսք առաւ սոյն ձեռնարկին համար Լիբանանէն ժամանած տնօրէնուհին՝ Օրդ. Վարդուհի Պալըքճեանը եւ ներկաներուն փոխանցեց վարժարանիս դիմագրաւած դժուարութիւններն ու արձանագրած յաջողութիւնները, դարձեալ հաւաստիացնելով ներկաները, որ մեր օժանդակութեան իւրաքանչիւր լուման հրաշքներ կրնայ գործել տնտեսապէս տկարացած լիբանանահայ գաղութի մեր քոյր-եղբայրներուն համար։

Խօսք առաւ նաեւ Հայ Աւետարանական Միութեան նախկին նախագահ վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեանը եւ շեշտեց Հայ Աւետարանական վարժարաններուն ջամբած որակաւոր եւ հոգեմտաւոր դաստիարակութեան եւ առաքելութեան կարեւորութիւնը։

Մեր նախկին շրջանաւարտներէն իրաւաբան Կարօ Ղազարեան՝ շրջանաւարտ 1978-ին եւ Տոքթ. Աբրահամ Փանոսեան՝ շրջանաւարտ 1988-ին, պատուըուեցան սոյն ձեռնարկին։ Անոնք իրենց իրագործումներով եւ յաջողութիւններով փառք ու պատիւ կը բերեն մեր ազգին ու ապա մեր վարժարանին, ուր թրծուած են իրենց հոգիներն ու պայծառացած են իրենց միտքերը։

Երկու մեծարուող շրջանաւարտները խօսք առնելով ներկաներուն փոխանցեցին իրենց երախտագիտական խօսքերը եւ շեշտեցին հայ աւետարանական վարժարանի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը։ Իրաւաբան Կարօ Ղազարեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ինք պարտական է իր սիրելի վարժարանին, որուն յարկէն ներս իր ստացած դաստիարակութեան եւ կրթութեան կը պարտի իր յաջողութիւնները։

Տոքթ. Աբրահամ Փանոսեանն ալ դրուատեց վարժարանէն ներս իր ստացած բարձրորակ կրթութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք կրցած է դիմագրաւել Միացեալ Նահանգներէն ներս ուսումնական բոլոր մարտահրաւէրները։

Ձեռնարկին իրենց գեղարուեստական մասնակցութիւնը բերին Տիկ. Նեքթարին Չիլեանը եւ Ալպարեան քոյրերը։ Առաջինը իր գեղեցիկ ձայնով դիւթեց ներկաները եւ իր նուագած քանոնի լարերուն մեղեդիներով տրամադրեց հաճելի պահեր, իսկ Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեաններն ալ իրենց հեզաճկուն եւ մեղմիկ հայկական զուգապարերով ճոխացուցին մթնոլորտը։

Շրջանաւարտից Միութիւնս կը յայտնէ իր երախտագիտութիւնը բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը բերին սոյն ձեռնարկին յաջողութեան սատարելով։

Մեր սիրելի տնօրէնուհիին Օրդ. Վարդուհի Պալըքճեանին խօսքերը մէջբերելով. «Դարձեալ հրաշքի մը ականատես եղանք այսօր», հազարաւոր մղոններ հեռու եղող հայազգի զաւակները իրենց սրտերն ու քսակները բացած օժանդակութեան կը փութան մէկ շատ կարեւոր կրթական հաստատութեան մը՝ Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանին՝ անոր գոյատեւման սատարելով։

Վարձքը կատար բոլորին։

 

Թղթակցութիւնը Շրջանաւարտից Միութենէն

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ