Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Գրախօսական. «Փորձառութիւններ»

Հեղինակ՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան

 

Տիթրոյթի Հայ Ժառանգութեան Յանձնախումբը 2017-ի Նոր Տարուան առաջին օրերուն լոյս ընծայեց խոհուն մտաւորական, բազմավաստակ վեթերան հովիւ եւ համալսարանի դասախօս Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի 39-րդ երկլեզուեան հատորը Փորձառութիւններ վերտառութեամբ:

Սոյն գիրքը կը բաղկանայ  31 անգլերէն եւ 15 հայերէն յօդուածներէ որոնք, ըստ հեղինակին, խոհեր, մտածումներ եւ վերլուծումներ են՝ անցած իր անհատական եւ հովուական փորձառութիւններու պրիսմակէն:

Հեղինակը այս հատորը ձօնած է Մեծագոյն Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին, որուն ծառայած է որպէս հոգեւոր հովիւ աւելի քան 30 տարիներ (1975-2005), եւ այդ թուականէն իվեր կը շարունակէ ծառայել իբրեւ պատուակալ  հովիւ:

Գիրքը գեղեցիկ ծաղկեփունջ մըն է բազմատեսակ նիւթերու որոնք աղերս ունին բնութեան, մարդկային կեանքի ու կենցաղի, ինչպէս նաեւ եկեղեցական, ազգային, դաստիարակչական եւ ընկերաբարոյական հարցերու հետ: Ինչպէս իր նախորդ գիրքերուն մէջ, այս հատորի յօդուածներուն մէջ ալ, հեղինակը հմտօրէն կը պատասխանէ «Ի՞նչ», «ինչո՞ւ», «ի՞նչպէս» կամ «ե՞րբ» հարցումներուն:

Յաճախ մարդոց անձնական փորձառութիւնները կը դառնան իրենց համար լաւագոյն ուսուցիչներ՝ սորվեցնելու, ուղղելու եւ առաջնորդելու:  Վերապատուելին իր  գիրքին մէջ՝ հիմնուելով իր փորձառութիւններուն վրայ գործնական առաջարկներ կ’ընէ եւ ցուցմունքներ կու տայ իր ընթերցողներուն անսեթեւեթ եւ ինքնատիպ ոճով մը: Հատորին մէջ գործածուած անգլերէն եւ հայերէն լեզուները հաւասարապէս դիւրահաղորդ եւ առինքնող են:

Վերապատուելիին քրիստոնէական սկզբունքներու հանդէպ հաւատքն ու հայ մշակոյթին հանդէպ խանդավառ սէրը ակնյայտ են իր գրութիւններուն մէջ: Ընթերցողները, ինչպէս զինք անձամբ ճանչցողները, շատ հեշտութեամբ կրնան իր մէջ տեսնել տիպար հայ կղերը ինչպէս նաեւ լիիրաւ Հայը:

Հեղինակին անխախտ համոզումն է թէ կարելի չէ անջատել հայ քրիստոնեան իր հայ մշակոյթէն: Հայ քրիստոնէական կրօնը եւ հայ մշակոյթը զուգահեռ ընթացքով, հայապահպանման վսեմ գործին անյետաձգելի եւ կարեւոր կռուաններ են: Իր խոր համոզումն է նաեւ, որ հայապահպանում եւ Հայ Դատ անքակտելիօրէն կապուած են իրարու եւ կ’ամբողջանան իրարմով:

Կը շնորհաւորեմ 39 գիրքերու վաստակաշատ հեղինակ՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանը, եւ իր յարաճուն ճիգերը, յարատեւութիւնն ու գրելու տաղանդը, որոնք իր այլ աստուածատուր շնորհքներուն հետ, ան կը նուիրաբերէ Աստուծոյ փառքին եւ իր ազգին ու մարդկութեան բարօրութեան համար:

Աստուծոյ այս ծառային գրական վաստակին արգասիք եղող այս 160 էջերէ բաղկացած գեղատիպ եւ շինիչ «Փորձառութիւններ» վերտառութեամբ հատորը անվարան կը յանձնարարենք ընթերցասէր հասարակութեան: 

Գիրքի վաճառման եւ առաքման գինն է 28.50 տոլար: Ստանալու համար կարելի է դիմել հետեւեալ հասցէին.-

Armenian Heritage Committee

3922 Yorba Linda Blvd. Royal Oak,

Michigan 48073-6455 (USA)

 

ՄԻՀՐԱՆ ՃԻԶՄԷՃԵԱՆ

Նախագահ՝ Քանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ