Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Քաղաքական Ակնարկ. Անցնող հետաքրքրական 2016 տարին

ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ

 

ՅՈՒՆԻՍ

Նախընտրական յաղթանակներու շարքէն ետք, Հիլըրի Քլինթըն դեմոկրատներու պաշտօնական թեկնածուն դարձաւ։ Ամերիկեան պատմութեան առաջին կինն է, որ գլխաւոր կուսակցութիւն մը կը գլխաւորէ։ Քլինթըն Յունիս 5-ին շահելով Փորթօ Ռիքոյի դեմոկրատ նախաընտրութիւնը, հաւաքեց բաւարար թիւով պատգամաւորներ ինքնաբերաբար թեկնածու դառնալով իր կուսակցութեան։ Քլինթըն շահեցաւ չորս նոր նահանգներու ընտրութիւնները Յունիս ամսուան ընթացքին։ Հանրապետական Տանըլտ Թրամփ, Յունիս 2-ին, ստացաւ Ներկայացուցչական Տունի խօսնակ Փօլ Ռայընի պաշտօնական նեցուկը։

Բրիտանացի քուէարկողներ Յունիս 23-ին պատմական որոշում մը առնելով Բրիտանիան դուրս հանեցին Եւրոպական Միութենէն։ Միութիւնը ունէր 28 անդամներ։ Բրիտանիոյ անդամակցութիւնը տեւած էր 42 տարի։ Ելքին պատճառները մասնաւորաբար աւելի տնտեսական են քան ուրիշ բան։ Սկովտիա եւ Հիւսիսային Իրլանտա քուէարկած էին «մնալու» ի նպաստ, մինչ Անգլիոյ եւ Ուէյլզի ճարտարարուեստական տկարացած շրջաններու քաղաքացիները «դուրս ելլելու» քուէն տուած էին, անդամակցութեան տուրքին, օրէնքներուն բեռնաւորումին եւ մանաւանդ արեւելեան եւրոպացի գաղթականներու հոսքին պատճառներով։ Միացեալ Թագաւորութեան բնակչութեան 51.9 առ հարիւրը նախընտրեց «մեկնելու» պատմական որոշումը առնել եւ հրաժեշտ տալ Եւրոպայի Միութեան։

Պահպանողական վարչապետ Տէյվիտ Քամերուն Յունիս 24-ին հրաժարեցաւ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը վարելէ, իր տեղը ի վերջոյ տալով Brexit-ի կողմնակից Թերեզա Մէյին։

Փանամա Յունիս 26-ին բացումը կատարեց 50 մղոն երկարութեամբ միջազգային ջրանցքին՝ նորագոյն ընդարձակումներէն եւ վերաշինութիւններէն ետք։ 5.3 պիլիոն տոլար արժած նորոգութիւնները, լայնցուցած են ջրանցքին անցքերը, տարանցումի կարողութիւնը եւ 102 տարեկան միջազգային ջրանցքը բոլորովին նոր երեւոյթ ստացած է եւ արագ անցումի ջրանցք դարձած։

 

ՅՈՒԼԻՍ

 

Յուլիս ամիսը տարօրինակօրէն կը սկսի ոճիրներով՝ ըլլայ հոս կամ այլուր։ Լուիզիանա նահանգին Պաթոն Ռուժ քաղաքին մէջ ոստիկաններ Յուլիս 5-ին կը սպաննեն 37 տարեկան սեւամորթ մը՝ Ալթոն Սթըրլինկ անունով, հակառակ որ գետնին վրայ թեւերը տարածած պառկած էր…։ Նահանգապետը՝ Ճոն Էտուըրծ կը խոստանայ քննութիւն բանալ…։ Յաջորդ օր, Յուլիս 6-ին, Մինեսոթայի Ֆալքոն Հայցի մէջ ոստիկան մը կը սպաննէ 32 տարեկան ինքնաշարժի սեւամորթ վարիչ մը, Ֆիլանտօ Քասթիլէ, որուն ընկերուհին կը վկայէ թէ ոստիկանը սպաննած է վարիչը, երբ վերջինս ձեռքը կ՚երկարէր ինքնաշարժին տուփէն իր ինքնութեան թուղթը հանելու…։ Շաբաթ մը ետք լայնածաւալ բողոքի ցոյցեր՝ Մինեսոթայի եւ Լուիզիանայի մէջ, որոնց ընթացքին կը կատարուէին 41 ձերբակալութիւններ։ Անշուշտ բողոքի ցոյցերը կը վերսկսին «Սեւերու կեանքը իմաստ ունի» շարժումին կողմէ…։ Բնական շարունակութեամբ մը, Յուլիս 7-ին առանձին սեւամորթ մը, Տալլասի մէջ առանց պատճառի կը սպաննէ հինգ ոստիկաններ եւ կը վիրաւորէ ինն հոգի՝ ոստիկանութեան դէմ կատարուող ցոյցի մը ընթացքին։

Ովկիանոսը անցնելով, Նիսի մէջ՝ Ֆրանսա, Պասթիյի Օրուան «Յուլիս 14» խնճոյքի մը ընթացքին թունուզցի մահմետական վարիչ մը 19 թոն հսկայ բեռնատար կառք մը՝ տօնական ուրախութիւն ընողներու վրայ քշելով կը սպաննէ 86 անձեր, բայց ոստիկաններ փոխանակ ձերբակալելու, կը սպաննեն բեռնատարին վարիչը։

Մարդկային տարօրինակութիւնները կան, որոնց բացատրութիւնը կարելի չէ գտնել։ Յուլիսեան յիշեալ ոճիրները, իրենց կարգին, ոչ մէկ արդարացում ունին… բայց անհասկնալի բացատրութիւնները կը լսենք մասնագէտ հոգեբաններէն ու ընկերաբաններէն…։

Ամերիկեան երկու կուսակցութիւնները ունեցան իրենց պատգամաւորական հաւաքները. հանրապետականը՝ Քլիվլընտի մէջ, իսկ դեմոկրատականը՝ Ֆիլատելֆիոյ։ Հազարաւոր պատգամաւորներով բեռնաւորուած երկու ժողովները, մէկական շաբաթ Յուլիս 18-էն եւ միւսը՝ Յուլիս 25-էն, զբաղեցուցին մեզ՝ հեռուստացոյցերուն առջեւ սառած-նստած միլիոնաւոր դիտողներս ու վերջապէս հրամցուցին Տանըլտ Թրամփն ու Հիլըրի Քլինթընը, որպէս տասնեակներով թեկնածուներէն երկու լաւագոյնները, որոնցմէ մէկը պիտի ղեկավարէ Միացեալ Նահանգները Նոյեմբեր 8-ի նախագահական ընտրութենէն ետք։

Ամսուան հետաքրքրական լուրերէն մէկն ալ հասաւ Անքարայէն, ուր Յուլիս 15-ին թրքական բանակէն խմբակցութիւն մը փորձեց տապալել իսլամիստ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի վարչակարգը, արդարանալով թէ աւելի բարենպաստ ձեւ մը գոյութիւն ունի երկիրը ղեկավարելու… Անշուշտ կամուրջներ, պողոտաներ փակուեր էին, բանակային հրասայլեր կրակ բացեր էին նախագահին կողմնակից ցուցարարներուն վրայ. յաջորդ օրն իսկ անհաճոյ բայց խաղաղ վիճակը վերադարձեր էր Անքարայի եւ Իսթանպուլի փողոցներուն։

Արդիւնքը փորձուած շրջադարձին՝ 265 մահեր, որոնց 161-ը պարզ քաղաքացիներ եւ բանակայիններ։ Աւելի կարեւոր արդիւնք մը՝ Էրտողան իրաւ ու ամբողջական բռնատիրութիւն կը հաստատէ երկրին տարածքին։

Թուրքիոյ ներքին խմորումներուն ծանօթ տեղեակ անձեր կը հաստատեն, թէ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի սարքած բռնահարուածն էր կատարուածը՝ աւելի ազդու իշխանութիւն հաստատելու համար… «ժողովրդավար» Թուրքիոյ մէջ։

 

ՕԳՈՍՏՈՍ

Նախագահութեան երկու թեկնածուներուն առօրեայ յարձակումներն ու աժան որակումի արտայայտութիւնները իմաստաւորեցին ամիսը, մասնաւորաբար երբ Թրամփ իմաստութիւնը ցոյց տուաւ յայտնելով թէ Նոյեմբերի գալիք ընտրութիւնները… պիտի «խարդախուին»։ Այս երկրին ընտրական պատմութեան յոռեգոյն որակի վարկաբեկիչ արտայայտութիւնն էր, որ կը լսուէր… կարծէք Թրամփ միջին արեւելեան կուսակցութեան մը թեկնածուն ըլլար։

Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը՝ նախագահ Պաշար Ասատի եւ իր անգոյն ընդդիմադիրներուն միջեւ, դարձած է առօրեայ բազմաթիւ զոհերու թիւերուն եւ նկարներուն հրապարակումի ցուցահանդէս։ Օմար Տաքնիշ անուան  5 տարեկան մանուկին խեղճացած վիճակը համաեւրոպական սուգի կամ վիշտի վերածուած, մոռցնել կու տայ հարիւրաւոր զոհերը, որոնք Հալէպի կամ շրջապատի գիւղերուն մէջ, ամէնօրեայ զոհերն են ոճրային դաւին, որու զոհն է ամբողջ Սուրիան։ Ըստ ընդդիմադիր վիճակագրութեան, ամսուան առաջին երկու շաբաթներուն, միա՛յն Հալէպի մէջ սպաննուած էն… 327 բնակիչներ։ Բանակի օդանաւեր ռմբակոծած են հիւսիս-արեւելեան քրտաբնակ Հասաքէ քաղաքը… Ասոշիէթըտ Փրէսը Օգոստոս 30-ին Հալէպէն կը հաղորդէ 17 զանգուածային գերեզմաններու մասին, ուր նետուած են անհաշիւ դիակներ…։

Միացեալ Ազգերու կողմէ Օգոստոս 18-ին կը հաղորդուի թէ բժշկագիտական խմբակ մը Հայիթիի մէջ,  2010-էն իվեր օգնած է 10 հազարէն աւելի քոլէրայէն վարակուածներուն։ Կատարուածին մասին լուրերը սպրդած են «Նիւ Եորք Թայմզ»ին, դատապարտելի յապաղումով մը եւ քոլէրայի տարածումին պատրուակը իբր թէ նեփալցի խաղաղարար ուժերն են եղեր, որոնք Հայիթի ղրկուեր են եւ քոլէրայի վարակն ալ իրենց հետ բերեր են…։

Աֆղանիստանի արիւնոտ առօրեայէն կը հաղորդուի, թէ Օգոստոս 24-ին երեք թալիպներ յարձակում կատարած են Ամերիկեան Համալսարանի հիւանդանոցին վրայ եւ սպաննած՝ 13 անձեր։ Համալսարանը իբր թէ Աֆղանիստանի եւ Միացեալ Նահանգներու սերտ կապերուն խորհրդանիշն է…։

Ապրիլ ամսուան սկսած պատժական գործարքը իր լրումին հասաւ Պրազիլի մէջ, երբ նախագահ տիկին Տիլմա Ռուսեֆ Ծերակոյտին մէջ 61-20 քուէներով իմփիչ եղաւ։ Ռուսեֆ պետական դրամատունէն հսկայ քանակով դրամ վերցուցած է իր վերընտրութիւնը ապահովելու համար։ Տիկին նախագահը Մայիս 12-էն իվեր կախակայուած էր իր պաշտօնէն։

Տարուան ամէնէն յաջող եւ հետաքրքրական ձեռնարկը կատարուեցաւ Պրազիլի մէջ, ուր Օգոստոս 5-21 տեղի ունեցան 31-րդ Ողիմպիական Խաղերը։ Ռիօ Տէ Ժաներոյի խաղերուն մասնակցեցան 11,500 մարզիկներ՝ 206 երկիրներ ներկայացնող։ Ռիօ քաղաքը ծախսեր էր 12 պիլիոն տոլար, անշուշտ ենթարկուելով երկրին բնակչութեան խիստ քննադատութեան…։

Միացեալ Նահանգներու մարզիկները հաւաքեցին 121 մետալներ՝ 46 ոսկի, 37 արծաթ եւ 28 պրոնզ։ Չինաստան երկրորդ հանդիսացաւ մետալներու շարքին մէջ։

Լոնտոնի Քուին Մէյրի Համալսարանէն հաղորդուեցաւ Օգոստոս 24-ին, թէ յայտնուած է ժայռածածկ մոլորակ մը, որ Երկիր մոլորակէն 1,3 անգամ ծանր է եւ կարողականութիւնը ունի ջուր պարունակելու։ Մոլորակը կը դառնայ Փրոքսիմա Սենթորի աստղին շուրջ, որ Երկրէն 4,2 լոյս-տարի հեռու է։ «Լոյս-տարի» այն միաւորն է, որ ցոյց կու տայ մէկ տարուան մէջ լոյսին կտրած երկարութիւնը։

 

(Շար. 3)

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ