Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. Անկանխատեսելի 2017 թուականը…

Հարցերով եւ հարցադրումներով մուտք գործեցինք 2017 թուական։ Մարդը, որքան ալ կլանուած ու կքած ըլլայ ամենօրեայ տաղտուկներու տակ, չի կրնար անտարբեր մնալ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն նկատմամբ, որոնք պատճառ կը հանդիսանան անթիւ զոհերու, տնտեսական վերիվայրումներու, անապահովութեան եւ անկանխատեսելիութեան… ցնցելով  ամբողջ աշխարհը։ 

Հարցումները, որոնք իրարու կը բախուին այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին  ուղեղին մէջ, կը ստեղծեն նորանոր խնդիրներ, կը յառաջացնեն անվստահութեան մթնոլորտ մը՝ ի տես «նոր» Եւրոպայի ու անկայուն Միջին Արեւելքի։  Հայութեան համար տարբեր չէ պարագան։ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք՝ կը գտնուին մե՜ծ հարցականներու դիմաց։

Ականատեսն ու մասնակիցն ենք նոր աշխարհի մը, որ նոյն հինն է, նոր անուններով ու նոր դիմակներով պճնուած։ Համայն մարդկութիւնը շունչը պահած, կը սպասէ, թէ Միացեալ Նահանգներու ընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփի «գալուստով» Սպիտակ Տունէն մինչեւ Քրեմլին եւ Չինաստան ի՞նչ պիտի փոխուի եւ ինչպէ՞ս։ Պատերա՞զմ թէ խաղաղութիւն։ Սե՞ւ կամ ճերմակ։ Վա՞տ թէ լաւ։

2017 թուականին ի՞նչ են այն առաջնահերթութիւնները, որոնք այսօր անհրաժեշտ են Հայաստանին ու Արցախին, Սփիւռքի բազմաշերտ զանգուածներուն։

Հայութեան ներքին տարբերութիւնները սառնարանին սառցարանին մէջ պահուած կը մնան թարմ… կը բաւէ, որ դուրս բերենք սառցարանէն, սառոյցը հալի եւ հարիւրամեայ թէ վաթսունամեայ խնդիրները կրնան վայրկեանապէս բեւեռացնել այսօրուան բազմաշերտ Սփիւռքը։

2017 թուականը օրակարգի հետեւեալ կէտերէն որո՞նց համար կրնայ արդար լուծում մը գտնել.

Հայաստանի մէջ ընկերային արդարութիւն, խօսքի ազատութիւն, քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակում, թափանցիկ ընտրութիւններ, Արցախեան հարցի վերջնական համաձայնութիւն, շուկայական աւելի ազատ պայմաններ ներդրումներու համար, ներգաղթի կազմակերպում։

Սփիւռքի մէջ կարիքն ունինք բացորոշ կերպով ընդունելու ներկայի բոլոր հրամայականները, առանց պահուըտելու իրականութիւններէն։ Այսօրուան Սփիւռքը խառնարան մըն է, ուր չկայ անցեալի փրօ-սովետ հակա-սովետէն ծնած պայքարը, չկայ աջ ու ձախ, չկայ հայաստանցի կամ սփիւռքահայ տարբերութիւնը, ԱՅԼ՝ կան այդ բոլորը միասին…

Ինչպէ՞ս լռել, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Սուրիոյ ծանր պայմաններուն տակ կ՚այցելէ Դամասկոս եւ Հալէպ, կը տեսակցի պետական, քաղաքական, կրօնական եւ ազգային պատասխանատուներու հետ, անտեսելով Դամասկոսի թեմը։  Կամ՝ Իրան կատարած այցելութեան ընթացքին Արամ Ա.-ի անունին կցուած «ամենայն հայոց»ը ի՞նչ կը հետապնդէ…

Այո, աշխարհը իր տարտով, մենք ալ՝ մեր։ Պէտք է խօսինք, գրենք, քով-քովի գանք, հասկցուինք եւ շարժինք յառաջ. եւ այս բոլորը՝ գիտական մօտեցումով ու փոխադարձ յարգանքով։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ