Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

Անունի ընտրութի՞ւն 

Միջին Արեւելքի մէջ ընդունուած սովորութիւն էր, որ աղջիկներ 17-18 տարեկանին ամուսնանային եւ ընտանիք կազմէին։ Անշուշտ իրենց ամուսինները տարիքով աւելի մեծ կ՚ըլլային, քանի որ անոնք պէտք էր նախ գործ մը ունենային՝ որ բաւարար եկամուտ հայթայթէին ընտանիքի մը ապրուստը կարենալ հոգալու համար։

Հիմա սակայն կարծես վերոյիշեալ դրութիւնը յեղաշրջուած է։ Այսինքն՝ կիներ աւելի ուշ կ՚ամուսնանան, որովհետեւ անոնք կ՚ուզեն նախ գործի շահաբեր ասպարէզ մը ապահովել, որպէսզի նիւթապէս կարենան անկախ ըլլալ իրենց ամուսիններէն։

Հետեւաբար, կիներ սկսած են քառասուն տարեկանէն ետք յղիանալ եւ նոր ընտանիք կազմել։ Այս դասակարգին կը պատկանի՝ ի միջի այլոց, մեր այսօրուայ նիւթին հերոսուհին, Նիւ Եորքի NBC կայանի առաւօտեան  ժամը 7-9 լուրերու համահաղորդավար Սաւանա Կաթհրին։

Սաւանա 45 տարեկան է եւ երկրորդ անգամ ըլլալով ամուսնացած է։ Երկու տարի առաջ ան բախտաւորուեցաւ աղջիկ զաւակով մը՝ Վէյլ անունով, եւ այժմ ան նորէն յղի է։ Վերջերս՝ առաւօտեան լուրերու հաղորդումի ընթացքին, ան բացայայտեց որ ծնունդ պիտի տայ մանչ զաւակի մը։

Մինչեւ հոս, արտակարգ ոչ մէկ երեւոյթ։ Սակայն, եկուր տես որ առաւօտեան լուրերու ուրիշ հաղորդումի մը ընթացքին, ան հրաւիրեց անուններու ընտրութեան մասնագէտ մը, որպէսզի իր զաւակին յարմար անուն մը առաջարկէ… Առ քեզի տխմարութեան հազուագիւտ երեւոյթ մը։

Բարեկամ, միթէ հայրն ու մայրը անկարո՞ղ են իրենց զաւկին անուն մը որոշելու, որ կը դիմեն այսպէս կոչուած անուն զատող արհետավարժ «մասնագէտ»ի մը կարծիքին։

Մեր մօտ հեշտ էր երեխային անունը որոշելը։ Մանչ զաւակը կ՚անուանուէր փեսային հօր անունով, իսկ աղջիկ զաւակը՝ փեսային մօր անունով։ Հազուագիւտ պարագաներուն, անունները կը հայացուէին։ Այսպէս՝ «Եախուպ»ը կ՚ըլլար Յակոբ, իսկ «Խաթուն»ը՝ Ազնիւ եւ վերջ։

Բայց, արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ ներկայիս հաւանաբար մենք ալ փոխուեցանք եւ սկսանք օտար անուններ գործածել, օրինակ՝ Ճան եւ Ճոյս։ Կ՚երեւի պէտք է յարմարուինք նոր ժամանակներու հրամայականին։

 

Սահամոյկի (skateboard) դասընթա՞ցք

Համալսարանի մը դասընթացքները ընդհանրապէս թուարկուած կ՚ըլլան։ Օրինակ՝ English 101, 102 եւ History 101, 102: Առաջին կիսամեայի դասընթացքը կը կրէ 101 թիւը, եւ երկրորդ կիսամեայի դասընթացքը՝ 102 թիւը։ Իսկ երկրորդ տարուանը կ՚ըլլայ 201, 202 եւ այսպէս շարունակաբար։

Մեր այս պատմութեան առանցքը կը կազմէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանը (University of Southern California), որ կը գտնուի քաղաքամէջ Լոս Անճելըսի մօտակայ հարաւային շրջանին մէջ։

Ուրեմն, 2016-17 տարեշրջանի առաջին կիսամեային նոր դասընթացք մը բացուած է որ կը կոչուի Սահամոյկ 101։ Կրնա՞ք երեւակայել, որ համալսարանի մը մէջ սահամոյկ քշել պիտի սորվին ուսանողները։ Իսկ ի՞նչ է այդ դասընթացքի ուսումնական արժէքը, ոչինչ՝ ըստ ինծի…

Բայց համալսարանի տնօրէնութեան արդարացուցիչ բացատրութիւնը այն է, թէ սահամոյկի մրցումները մաս պիտի կազմեն 2020-ի ողիմպիական խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ։ Առ քեզի խեղճուկրակ պատճառաբանութիւն։

Սակայն, նոյն արդարացուցիչ պատճառաւ, ուրեմն պէտք է հեծանիւ քշելու դասընթացք մըն ալ բացուի համալսարաններուն մէջ, քանի որ հեծելարշաւն ալ տարիներէ ի վեր արդէն մաս կը կազմէ ողիմպիական խաղերուն. այնպէս չէ՞…

Եւ երեւակայեցէք, որ ուսանողներ դրամ պիտի տան, որպէսզի կարենան սահամոյկ քշելու դասընթացքի հետեւիլ։ Բարեկամ, այս ի՜նչ օրերու մնացինք։ 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ