Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Փարիզի խորհրդաժողովի մասնակիցները կողմ՝ ստեղծելու Պաղեստինեան պետութիւն

Կիրակի, Յունուար 15-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային խորհրդաժողով մը, ուր, ներկայ շուրջ 70 պետութիւններու ներկայացուցիչներ հանդէս եկան անկախ Պաղեստին ստեղծելու օգտին, Իսրայէլի դրացնութեամբ։ Դժբախտաբար ներկայ չէին գտնուած Պաղեստինի եւ Իսրայէլի ներկայացուցիչները։

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ այսօր հաշտութեան գործընթացը կանգ առած է, պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն ուղղակի երկխօսութեան բացակայութեան պատճառով, աւելցնելով նաեւ, թէ Ֆրանսա պատրաստ է քով-քովի բերելու երկու կողմերը։

Ամփոփիչ հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի, թէ Պաղեստինը պէտք է ունենայ 1967-ի սահմանները, այսինքն՝ Իսրայէլ պէտք է վերադարձնէ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի եւ Կազայի բռնազաւթուած տարածքները։

Բրիտանիա, որ ներկայ էր դիտորդի կարգավիճակով, չէ պաշտպանած Փարիզի տեսակէտը, իսկ Իսրայէլ բնականաբար քննադատած է Ֆրանսայի այս նախաձեռնութիւնը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ