Յունուար 15-ին «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան Երեւանի, Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Կապանի գրասենեակներուն մէջ ընտրուած են իրենց կուսակցութեան այն թեկնածուները, որոնք պիտի մասնակցին խորհրդարանական ընտրութիւններուն համամասնական ցուցակով։
Կուսակցութիւնը պիտի գլխաւորէ Նիկոլ Փաշինեանը։
Նշենք, թէ այս կուսակցութիւնը Ապրիլ 2-ի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի «Ելք» դաշինքով, որուն մաս կը կազմեն նաեւ «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները։