Աշխարհի տարածքին հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ խզումը մրցանիշային թիւերու հասած է։ Աղքատութեան դէմ պայքարող միջազգային միաւորման՝ Օքսֆամի զեկոյցը ցոյց կու տայ, որ ամենահարուստ ութը անձերը նոյնքան միջոցներ ունին, որքան մարդկութեան ամէնէն աղքատ հատուածը՝ 3,3 միլիառ մարդ։ Հետազօտութեան համաձայն, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ, բարեկեցութեան հետ կապուած վիճակը շատ արագ կը վատթարանայ։
Ներկայիս, աշխարհի ութ ամենահարուստ մարդիկն են՝
1.- Microsoft-ի հիմնադիր Պիլ Կէյց,
2.- Inditex Holding-ի (Zara, Pull&Bear, Massimo Dutti) հիմնադիր սպանացի Ամանսիօ Օրթէկան,
3.- Berkshire Hathaway-ի 86-ամեայ գլխաւոր տնօրէն Ուորըն Պաֆէթը,
4.- Amazon.com-ի 52-ամեայ ղեկավար Ճէֆ Պէզոսը,
5.- Grupo Kapco-ի հիմնադիր Կարլոս Սլիմ Հելուն,
6.- Facebook-ի հիմնադիր Մարք Ցուքըրպըրկը,
7.- Oracle-ի հիմնադիր 72-ամեայ Լէրի Էլիսընը, եւ
8.- Bloomberg LP-ի սեփականատէր եւ գլխաւոր տնօրէն Մայքըլ Պլումպըրկը։