Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԻՐԱՔ.- Իրաքեան ուժերը վերահսկողութեան տակ առած են Մոսուլ քաղաքի արեւելեան հատուածին 90 տոկոսը։ Քաղաքին հիւսիսային շրջաններուն մէջ տակաւին ծայրայեղականներ կան, ըսած է Իրաքի բանակի մէկ բանբերը։

ԼԵՀԱՍՏԱՆ.- Լեհաստանի ղեկավարները ողջունած են ամերիկեան զօրքերու տեղակայումը իրենց երկրին մէջ։ Շուրջ 3,500 ամերիկացի զինուորներ հասած են արեւելեան Եւրոպա, ի պատասխան Ուքրանիոյ մէջ ռուսական գործողութիւններուն։ Միւս կողմէ, պաշտօնական Ռուսիա կ՚ըսէ՝ թէ իրենք մտահոգ են տեսնելով երրորդ ուժի մը ներկայութիւնը իրենց սահմաններուն մօտ։

ՊԵԼԱՌՈՒՍ.- Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն Պելառուսի իշխանութիւնները յորդորած է անյապաղ ազատ արձակել Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, լրագրող Ալեքսանդր Լափշինը, որ ձերբակալուած էր Մինսքի մէջ Դեկտեմբեր 15-ին եւ Ատրպէյճան կը պահանջէ յանձնել իրեն։ Լափշին կ՚ապրէր Մոսկուա եւ յաճախ կը քննադատէր Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր առիթներով այցելած է Արցախ։

ԹՈՒՐՔԻԱ.- 2016-ի տուեալներով, Թուրքիոյ մէջ գործազրկութեան մակարդակը հասած է 11,8 առ հարիւրի, որ վերջին 6 տարիներու ամէնէն բարձր ցուցանիշն է։ 2015-ի համեմատ գործազրկութիւնը աճած է 1,3 տոկոս եւ կազմած աւելի քան 3,65 միլիոն մարդ։

ՂՐՂԶՍՏԱՆ.- Թրքական օդային ընկերութեան պատկանող բեռնատար օդանաւ մը, որ Հոնկ Քոնկէն կը թռչէր Իսթանպուլ, կործանուած է Ղրղզստանի տարածքին։ Օդանաւը վառելանիւթով լիցքաւորելու համար վայրէջք կը կատարէր Պիշքէքի օդակայան, երբ եղանակային բարդ պայմաններու պատճառով ինկած է բնակավայրի վրայ, պատճառ դառնալով երեսունէ աւելի տուներու հրդեհման։ Առնուազն 37 մարդ զոհուած է, կան նաեւ վիրաւորներ։ Դէպքը պատահած է Երկուշաբթի օր։

ԿԻՊՐՈՍ.- Կղզիին հարցով Ժընեւի միջազգային խորհրդաժողովը աւարտած է ապարդիւն։ Տարածքային հարցը յունական եւ թրքական կողմերուն միջեւ կը մնայ անլոյծ, թէեւ յայտարարուեցաւ, թէ բանակցութիւնները յառաջընթացք արձանագրած են։ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը պնդէ, թէ թրքական զօրքերը պիտի չհեռանան Կիպրոսէն։

ԱՄՆ.- Նախագահ Օպամա մէկ տարիով երկարաձգած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները, որոնք սահմանուած էին Մարտին՝ Ուքրանիոյ հետ կապուած։ Ան երկարաձգած է նաեւ Իրանի, Քուպայի, Լիպիոյ, Զիմպապուէի եւ Վենեզուելայի դէմ գործող պատժամիջոցները։ Միւս կողմէ՝ ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ռուսիոյ առաջարկած է միջուկային գործարք մը, Մոսկուայի նկատմամբ Արեւմուտքի պատժամիջոցները մեղմացնելու շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին։ Թրամփ կը հաւատայ, որ միջուկային զէնքը պէտք է կրճատուի։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ